ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Այս հարցադրումը, Ամերիկայի եւ Ուքրանիոյ միջեւ անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած նախագահական հանդիպման ընթացքին բռնկած բախումին ու ծայր տուած վիճաբանութեան ընթացքին գործի դրուած վիրաւորական, սանձարձակ ելոյթներու կը վերաբերի, որոնց, անկախ մեր կամքէն, քանի մը օրուան յապաղումով կ՛անդրադառնանք: Մինչեւ լոյս տեսնէ ներկայ վերլուծումը, արդէն միջազգային քաղաքական վերլուծաբանները ըսած կ՛ըլլան իրենց հատու խօսքը:
Ամերիկահայերու պարագային, բացի Թրամփի ծայրայեղ երկրպագուներէն, քաղաքական հայածին վերլուծաբանները, առայժմ նախընտրած են չէզոք հարթակի վրայ մնալ, իրենք իրենց վերապահելով անաչառ վերլուծման ենթարկել բեմադրուած թատրոնը, կամ ալ բարձրագոյն մակարդակի վրայ տեղի ունեցած նախագահական բուռն մենամարտը:
Այո, կռուարարի բնազդով զինուած, բարձրագոյն մակարդակի վրայ զիրար նախատելներն ու բզքտելը, արար աշխարհի դիմաց բեմադրուած բանակռիւը հեռուստակայաններու միլիառաւոր դիտորդներու յիշողութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ: Երբ նախկին խեղկատակ դերասանը, այժմ պատերազմող երկրի ամեհի նախագահ՝ Զելենսքին, քաջութիւնը ցուցաբերեց հակաճառելու նախագահ Թրամփին ու փոխնախագահ Վենսին կողմէ եղած՝ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ բանակցելու առաջարկին, ամերիկացի պետական այրերը իրենց եսին մէջ վիրաւոր ու նպաստառուին վերաբերմունքէն վրդոված, զինք ապերախտութեամբ այպանեցին: Նաեւ պատերազմող կողմերու միջեւ հաւանական հաշտութեան համար ներկայացուած յարմար առիթէն խուսափելու չկամութեամբ մեղադրեցին զայն, միջազգային լրատուամիջոցներու անդամներու ներկայութեամբ:
Ամերիկացի ղեկավարները վարժ չեն մերժումի, յատկապէս երբ իրենց ռազմական ու տնտեսական առատաձեռնութենէն օգտուող պետութիւններու ներկայացուցիչները կը յանդգնին, բացասական ընթացք որդեգրել, իրենց «տէրերուն» կամքին հակառակելով ու մամուլի ներկայացուցիչներու դիմաց զանոնք խայտառակ ընելով: Այո, անոնք վարժ չեն դիմացինին կողմէ կիրարկուած այսպիսի տարողութեամբ ըմբոստ վերաբերմունքին, իր գոյութեան համար իրենց մեծահոգութենէն կախեալ երկրի մը ղեկավարին կողմէ, որ մինչեւ կոկորդը համայնակուլ պատերազմի մը մէջ խրած է, թշնամի գերպետութեան մը դէմ:
Այսպիսի անհատներու մասին «վաթանտաշ» թուրքերը դիպուկ խօսք մը ունին՝ «Հէմ ույուզ, հէմ տէ եավուզ…» (թէ՛ բորոտ, թէ ալ ճարպիկ ու խորամանկ)։ Ասոր հետ մէկտեղ, հակառակորդ երկու կողմերն ալ, ամօթալի պատահարէն քիչ անց, հերոսացուեցան․ խեղկատակ Զելենսքին՝ Եւրոպայի կողմէ, իսկ Թրամփը՝ հանրապետական շարասիւներու եւ մասնաւորապէս՝ փութինեան Ռուսիոյ կողմէ: Իսկ իրենց աթոռին կառչած կամազուրկ քաղաքական մարդիկը, սմքած մտիկ ըրին օրուան հերոսներուն կրքոտ ելոյթները:
Զելենսքի, հսկայ գերպետութեան մը դէմ պատերազմած օրերուն, իր թէական յաջողութիւնները մեծ մասամբ կը պարտի Եւրոպայէն ու մասնաւորապէս իր արհամարհած Միացեալ Նահանգներէն ստացած միլիառներու արժողութեամբ զինամթերքին ու տնտեսական օգնութեան: Իսկ Թրամփին հետ անոր նշանաւոր բախումէն ետք, Եւրոպան, գոնէ երեւութապէս, իր շռայլած պարապ տակառ խօսքերով, թիկունք կանգնեցաւ Թրամփին «մէյտան կարդացող» իր անառակ որդիին, մոռացութեան տալով այն իրողութիւնը, թէ պատերազմի ու բախումներու ժամանակ, բանակցութիւններ վարող անհատը պէտք չէ ջիղերն ու պաղարիւնը կորսնցնէ: Այդ մէկը աններելի արարք մըն է դիւանագիտական ու քաղաքական կեանքի մէջ:
Սակայն եւ այնպէս մերօրեայ հերոսիկին՝ Զելենսքիի պարագային, անիկա մոլին դարձած է միջազգային քաղաքական դէմքերու կողմէ յարատեւ շողոմուելու ու շոյուելու, անընդհատ գովասանքներ լսելու ու վերէն առաքուածի ու ընտրեալի երանելի գինովութեան մէջ ապրելու … ցարդ, բացի ոխերիմ թշնամի ու նոր օրերու խստապահանջ քննադատ՝ Թրամփէն, անոր դիմացը կանգնելով ալ մարդ չէ համարձակած մեր օրերու հրեածին բռնապետին երեսին՝ «աչքիդ վրայ յօնք կայ» բացականչել:
Ընդհակառակը, մերօրեայ համաշխարհային հերոսի ականջն ի վար հաճելի «նէյնիմ»ներու մեղեդիներ կը հիւսուին, մինչեւ որ Սպիտակ տան ու անոր տիրակալ Թրամփին ապտակը գար ու զգայազիրկ գինովի թմբիրէն արթնցնէր ու զայն իրազեկ դարձնէր անհաճոյ իրականութեան հետ:
Քաղաքական փորձառու վերլուծաբաններու աչքէն չի վրիպիր գոռացող այն իրողութիւնը, թէ քանի մը օրէն «թէօպէ»ի՝ մեղայի պիտի գան բուն դերակատարները ու իրենց անհաշտ, կարծր դիրքերը թողնելով, մեղմանալով՝ հաշտութեան եզր ու լեզու պիտի որդեգրեն եւ ի վերջոյ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, կողմերուն միջեւ հաշտութիւն ու համաձայնութիւն կնքելու… գէթ իր էութեամբ կործանիչ պատերազմ ու արհաւիրք դադարեցնելու ուղղութեամբ փորձ մը կատարելու:
Ի վերջոյ, գերպետութիւններու համբերութիւնն ալ իր սահմանը ունի…
3/5/2025
Յետ Գրութեան
Հազիւ ներկայ գրութիւնը մեքենագրած էի, նախագահ Թրամփ Քոնկրեսի բեմէն յայտարարեց, թէ ձագուկ Զելենսքիէն նամակ ստացած է, ուր Ուքրանիոյ նախագահը զղջում կը յայտնէր եղած անհասկացողութեան համար եւ իր որոշումը կ՛իմացնէր Ամերիկայի միջնորդութեամբ սկսիլ Փութինի հետ պատերազմը դադարեցնելու բանակցութիւնները: Նոյնպէս, իր համամտութիւնը կը յայտնէր Թրամփին հետ կնքելու իր երկրէն քիմիական նիւթեր դէպի Միացեալ Նահանգներ արտահանելու համաձայնագիր մը:
Հոգեփոխութիւն մը զոր բոլորս կը սպասէինք…
Աստուած թող բարին ընէ…