
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Արամ Ա. վեհափառը 2025 տարին «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի» հռչակեց։ Աւանդութիւններու վերակենսաւորումը միշտ եղած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի առաջնահերթ առաքելութիւնը եւ նպատակը:
Հայ գիրը եւ խօսքը, հայ երգն ու պարը, հայեցի կրթութեամբ եւ ազգային աւանդոյթներով միաձուլուած վառ խարոյկ կը մնայ «անկասելի» Փիլիպոսի լօզունգը:
Վարժարանին ուխտեալ եւ նուիրուած հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ Հայ Դատի ուսուցիչները, ոգի ի բռին, խոր հաւատքով եւ աւանդապահ ու քրիստոնէավայել դաստիարակութեան հիմքերով՝ ամէն տարի կը յիշատակեն եւ կը տօնախմբեն հայ ժողովուրդի քրիստոնէական, ազգային եւ աւանդական մեր տօները:
Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով կը հետեւին՝ ըմբռնելով իրենց փոխանցուած աւանդական տօներու խորհուրդին կարեւորութիւնը եւ արժէքը ու մասնակցին հանդիսութիւններուն:
2024-2025 տարեշրջանին, վարժարանիս Հայկական բաժանմունքին ծրագրումով եւ կազմակերպութեամբ՝ Հայ մշակոյթի ամիսը ընթացք առաւ հետեւեալ կարգով․
Դեկտեմբերին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու հայկական սովորութիւնները յարգելով՝ չիր ու չամիչի հետ բարեմաղթանքներով եւ Ս. հաղորդութեամբ, մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները ելոյթ ունեցան իւրաքանչիւր բաժանմունքի համապատասխան ձեռնարկներով, պահպանելով հայ քրիստոնէական մեր աւանդի արժէքները:
Փետրուար ամիսը բազմերանգ եւ բեղուն իր ազգային ու աւանդական տօներով՝ Տեառնընդառաջ, Վարդանանց, Ս. Սարգիս եւ Բուն Բարեկենդան, խանդավառ եւ տոհմիկ խրախճանքներու առաջնորդելով:
Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները, արուեստական «կրակ»ի վրայէն ցատկելով, ապա կրակին շուրջ պար բռնած՝ մեծ խանդավառութեամբ վերակենսաւորեցին մեր պապերու «անցեալ եւ ներկայ» հաւատքի աւանդը:
Վարդանանց տօնին փոխանցած ազգի եւ հաւատքի համար պատերազմի խորհուրդը նաեւ փոխանցուեցաւ յատուկ հանդիսութեամբ մը, ուր միջնակարգի աշակերտները դերակատարներն էին՝ Վարդանանց խորհուրդի փոխանցման:
Ս. Սարգիսի տօնին առիթով, միջնակարգի աշակերտները այցելեցին եկեղեցի եւ օրհնուած ջուր եւ աղաբլիթով, ծոմապահութեան եւ ժուժկալութեան մասին օրուան խորհուրդը ստացան:
Բուն բարեկենդանի տօնին առիթով, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, դիմակներ հագած ու ծպտուած՝ խանդավառ հանդիսութեամբ մը արտասանեցին, երգեցին ու դպրոցի շրջափակին մէջ տողանցելէ ետք, պատշաճ խաղերով զուարճացան:
Հրաշալի գաղափարով մը, ամսական դրութեամբ «Հերոսի պատ»ը նախակրթարանի աշակերտներուն ծանօթացուց ազգին եւ հայրենիքին նուիրեալները:
Նախակրթարանի փոքր կարգերը, պատմութեան ժամ ունեցան՝ զանազան ներկայացումներով եւ դաստիարակիչ պատմութիւններով:
Մեր մեծերը յարգելը եւ պատուելը եղած են մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին սովորոյթ-մշակոյթի գլխաւոր մէկ մասնիկը:
Մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու յատուկ օրուան մը տօնակատարութիւնը Ա. կարգի աշակերտներուն մեծ ծնողներ` տատիկ-պապիկները համախմբեց նախաճաշի սեղաններու շուրջ, ուր անոնց թոռները եւ թոռնուհիները հայկական զանազան ներկայացումներով՝ խօսքով, երգով եւ պարով հանդէս եկան եւ հոգեկան մեծ հրճուանք փոխանցեցին ներկայ մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն, որոնք վկայեցին, թէ Ազգային վարժարանի առաքելութիւնը ոչ միայն ներկային, այլ նաեւ ապագային դրոշմուած պիտի մնայ իրենց եւ բոլորին թոռներու կեանքին մէջ:
Ս. Յարութեան տօնին ընդառաջ, փոքր կարգի աշակերտները կը պատրաստուին աւանդական հաւկթախաղի եւ տօնական խմորեղէնի պատրաստութեան եւ հիւրասիրութեան, որպէսզի փոխանցեն միասնական ու հաւաքական վայելքի գաղափարը:
Յար եւ նման ազգային եւ քրիստոնէական աւանդութիւններ ու տօներ պահպանելը եւ փոխանցելը մեր վարժարաններուն մէջ կը մնան մեր ազգային եւ աւանդական արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման կորիզը, կէս դար եւ առաւել:
Վերջապէս, Փիլիպոսի 55ամեայ պատմութիւնը արդարօրէն կը հաստատէ Արամ Ա. հայրապետի 2025 տարուան՝ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակումը:
Մենք ենք մեր փառաւոր մշակոյթի եւ աւանդութիւններու կռուանը: