
13 Մարտին, Երեւան եւ Պաքու յայտարարեցին, որ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւնները հասած են իրենց աւարտին, իսկ նախապէս չհամաձայնեցուած կէտերուն հարցը լուծուած է:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դիւանագիտական խողովակներով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած է, որ՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւնն ընդունում է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին համաձայնագրի» նախագծի չհամաձայնեցուած երկու յօդուածների վերաբերեալ Ադրբեջանի առաջարկութիւնները եւ առաջարկել է հանդէս գալ համատեղ յայտարարութեամբ՝ Խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի տեքստի համաձայնեցուած լինելու եւ նախագծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնների աւարտի մասին»:
«Պաշտօնական Բաքուն նախընտրել է հանդէս գալ միակողմանի յայտարարութեամբ», յայտնեց պաշտօնական Երեւան՝ հաստատելով. «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» համաձայնագրի նախագծի համաձայնեցուած լինելու եւ նախագծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնների աւարտի փաստը: Այսպիսով, Խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ է ստորագրման: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Ադրբեջանական Հանրապետութեան հետ սկսել խորհրդակցութիւններ համաձայնագրի ստորագրման ժամկէտների եւ տեղի շուրջ»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ յայտնելով. «Գոհունակութեամբ կը նշենք, որ աւարտեցան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները: Կը վերահաստատենք Ատրպէյճանի երկարաժամկէտ եւ սկզբունքային դիրքորոշումը առ այն, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՝ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ պահանջներու վերացման, անհրաժեշտ նախապայման է համաձայնեցուած բովանդակութեան ստորագրութեան համար»:
Այս յայտարարութիւններէն քիչ ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիրի բովանդակութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները աւարտած են՝ բովանդակութեան համաձայնեցումով:
«Մենք էդ տեքստում մեր հանրութիւնից ոչ մի գաղտնիք չունենք եւ ըստ էութեան յօդուած-յօդուած առանձին հրապարակուել է, չեմ կարծում, թէ կարելի է ասել, թէ հանրութիւնը բովանդակութեանը ծանօթ չէ», ըսաւ Փաշինեան՝ ընդգծելով. «Մենք պատրաստ ենք սկսել քննարկումները ստորագրման ժամկէտների եւ տեղի մասին»:
Պատասխանելով Հայաստանի կողմէ համաձայնութեան արժանացած երկու կէտերու վերաբերեալ հարցումի մը՝ Փաշինեան ըսաւ. «Դրոյթները վերաբերում են խաղաղութեան համաձայնագիրն ուժի մէջ մտնելուց յետոյին, չնայած ընդհանուր տրամաբանութիւնն այն է, որ մենք հիմա այդ հարցերով պէտք է որոշ նիւանսների (նրբութիւններու) հետ կապուած էլ քննարկում ունենանք: Երկու յօդուածներից մէկը վերաբերում էր սահմանի երկայնքով երրորդ երկրների ուժեր չտեղակայելու հարցին, միւսը միջազգային ատեաններից փոխադարձաբար հայցերը յետ վերադարձնելու եւ միմեանց նկատմամբ գործողութիւններ չիրականացնելուն: Այդ դրոյթներն էլ որոշակի ոչ մեծ, բայց էւոլիւցիա (եղափոխութիւն) են ապրել: Այն պահից, երբ ակնյայտ դարձաւ, որ մեզ չի յաջողւում եւ չի յաջողուելու ունենալ իտէալական ձեւակերպումներ այդ առումով, մենք նաեւ Անվտանգութեան խորհրդի ֆորմատով (ձեւաչափով) ենք քննարկել եւ եկել ենք այն եզրակացութեան, որ այս պահին առկայ բովանդակութիւնը կարող է համարուել այն փոխզիջումային տարբերակը, որը կարող է ընդունելի լինել: Ըստ էութեան, այո՛, այս հանգամանքներում ընդունելի է Հայաստանի Հանրապետութեան համար»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ է ատրպէյճանական կողմի փոխզիջումը՝ Փաշինեան ըսաւ. «Այս փուլում շատ կարեւոր է, որ մենք միակողմանի ձեւակերպումներ եւ յայտարարութիւններ չանենք: Եթէ համաձայնութիւն է ձեռք բերուել, նշանակում է, որ ադրբեջանական կողմը մտածել է, որ այս տեքստը որոշակիօրէն ձեռնտու է իրեն, ՀՀն էլ որոշել է, որ նաեւ իրեն է ձեռնտու: Դրանք այն կոմպրոմիսներն (փոխզիջումներն) են, որոնց մասին մենք հրապարակային խօսել ենք: Այո՛, մենք կայացրել ենք որոշում, որովհետեւ համարում ենք, որ սա կոմպրոմիսային տեքստ է, ինչպիսին եւ կարող է լինել խաղաղութեան համաձայնագիրը, այլ բանաձեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը չի նախատեսում»:
Ան ընդգծեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ միակողմանի ոչ մէկ դրոյթ չկայ։
«Խաղաղութեան համաձայնագրում չկայ մի դրոյթ, որը վերաբերում է Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ չի վերաբերում Ադրբեջանին», ըսաւ Փաշինեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ Սահմանադրութեան փոփոխութեան գծով հայկական կողմը որեւէ քննարկում ունի՞ Պաքուի հետ՝ Փաշինեան ըսաւ. «Ոչ, չունի դրա հետ կապուած քննարկում: Մենք կարծում ենք, որ առաւել եւս Սահմանադրական դատարանի նախորդ տարուայ որոշումից յետոյ ակնյայտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը չունի տարածքային պահանջներ Ադրբեջանի կամ որեւէ այլ երկրի նկատմամբ: Մենք կարծում ենք, որ Ադրբեջանի Սահմանադրութիւնում կան տարածքային պահանջներ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, բայց այս բոլոր հնարաւոր ընկալումների հետ կապուած կայ հիմա արդէն նոր իրողութիւն: Այդ նոր իրողութիւնը խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի համաձայնեցուած տեքստի առկայութիւնն է: Իսկ խաղաղութեան համաձայնագրի համաձայնեցուած տեքստը բոլոր այդ մտահոգութիւնները հասցէագրում է, լուծում է»:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍԻՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Թէեւ Փաշինեան կը պնդէ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին զրոյցները Ատրպէյճանի պահանջներուն լոյսին տակ չեն, սակայն, 12-13 Մարտին ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ քանի մը առիթներով պնդեցին, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը պայման է համաձայնագիրի ստորագրութեան, իսկ 13 Մարտին, նախքան երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու աւարտին մասին յայտարարութիւնը, Փաշինեան հաստատեց, որ Սահմանադրութեան նոր բովանդակութիւնը պիտի ունենայ նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն:
«Նոր սահմանադրութեան անհրաժեշտութեան մասին թէզն իմ ուղերձից յետոյ լայնօրէն մեկնաբանուեց որպէս Ադրբեջանի կողմից առաջադրուած պահանջի կատարում: Իրականում՝ «Իրական Հայաստան»ջ գաղափարախօսութեան համատեքստում այն ունի բացարձակապէս այլ նշանակութիւն, չնայած այս պայմաններում հնարաւոր չի ժխտել, որ այն տեքստը, որը կարայ լինել, ինքը կ՛ունենայ նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն, բոլոր դէպքերում բոլոր սահմանադրութիւններին դա վերաբերում է», ըսաւ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ 2018ի յեղափոխութեան հետ նոր Սահմանադրութեան օրակարգը եղած է:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան աւարտած են խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնները:
Ըստ անոր՝ Հայաստան ընդունած է ատրպէյճանական կողմին առաջարկները՝ համաձայնագիրի վերջին երկու չհամաձայնեցուած կէտերու վերաբերեալ: «Յաջորդիւ Պաքուն կ՛ակնկալէ, որ Հայաստան փոփոխութիւններ պիտի կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ»:
Սահմանադրութեան մասին խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ՝ շեշտելով. «Հայաստան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը՝ անկէ հեռացնելով Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջները»:
Ան նաեւ նշեց, որ եթէ Հայաստան խաղաղութիւն կ՛ուզէ, «պէտք է համագործակցի Պաքուի մէջ ընթացող դատական գործընթացին հետ»:
«Կան նաեւ այնպիսի անհատներ, որոնք ռազմական յանցագործութիւններ կատարած են մարդկութեան եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդի դէմ Հայաստանի տարածքին մէջ: Անոնք եւս պէտք է քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուին», ըսաւ Հաճիեւ:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, դաշնակցական Քրիստինէ Վարդանեան յայտարարեց, որ Փաշինեան ինք խոստովանեցաւ, որ Սահմանադրութիւնը կը փոխէ Ատրպէյճանի պահանջով։ «Որեւէ մէկը կարո՞ղ է յօդաբաշխ բացատրութիւն ներկայացնել՝ ինչպէս կարող է որեւէ երկրի մայր օրէնքը ունենալ ներպետականից բացի տարածաշրջանային կամ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն: Ի՞նչ էին պնդում մէկ տարի շարունակ, որ դա բացառապէս ներքաղաքական օրակարգ է, դրա մասին խօսել է Արարատ Միրզոյեանը, դրա մասին խօսել է Նիկոլ Փաշինեանը: Աւելին՝ ասում էին, որ դա իրենք շատ վաղուց են նախաձեռնել՝ մինչեւ Ադրբեջանից նման պահանջին հնչեցումը: Հիմա տարածաշրջանային ո՞ր խնդրին է հասցէագրւում Հայաստանում Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Տարածաշրջանային խնդիրը, որի հետ Հայաստանն առնչութիւն ունէր, արցախեան հակամարտութիւնն էր, Հայաստան-Ադրբեջան յարաբերութիւններն էլ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, ի՞նչ կապ ունի դրա հետ Սահմանադրութիւնը: Ես սա գնահատում եմ ուղիղ խոստովանութիւն նրա մասին, որ Հայաստանում Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն իրականացւում է արտաքին պահանջով, իսկ արտաքին դերակատարներից նման պահանջ են հնչեցրել Թուրքիան եւ Ադրբեջանը», հաստատեց Վարդանեան: