
ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի 126րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 13էն 15 Մարտին, Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) մէջ, մասնակցութեամբ շրջաններու ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ հրաւիրուած ընկերներու։
Մանրամասնօրէն քննելէ ետք օրակարգի վրայ տեղադրուած ազգային եւ համայնքային հարցերը՝ ժողովը որդեգրեց յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական ուղղութիւնը:
Շրջանային ժողովը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը․
«ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի 126րդ Շրջանային ժողովը կը վերահաստատէ իր անվերապահ յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի ապահովութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրման։ Հիմնուելով մեր ազգային արժէքներուն եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի հայութեան հայեացքներուն վրայ, ամրօրէն կը պաշտպանենք մեր հայրենիքը՝ Հայաստանի երկարատեւ կեանքն ու գոյատեւումը։ Ճակատագրական այս օրերուն ամբողջովին կը մերժուի հայրենի հողի, ապահովութեան եւ գերիշխանութեան անձնատուութեան Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը։
«Անոր նորագոյն հաւանութիւնը՝ անձնատուր ըլլալու Ատրպէյճանի պարտադրած պայմաններուն, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքէն հրաժարումը, հայ պատերազմական գերիներու հայրենադարձութեան անտեսումը եւ հայկական տարածքներու գրաւման բնականոնացումը, մեր ազգային շահերուն նկատմամբ անընդունելի դաւաճանութիւններ են։
«Նպատակադրային վերանորոգ յանձնառութիւն ունինք մեր յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձնելու հայկական ծագումով ամերիկացի երիտասարդութիւնը, քաջալերելով մեր սփիւռքեան ինքնութիւնը եւ դարձեալ ձեւաւորելով համայնքային մեր հաստատութիւնները՝ նոր հանգրուանին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով։ Արդիւնաւորելու համար մեր դերակատարութիւնը, պիտի ընդլայնենք եւ արդիականացնենք մեր մամուլը՝ հասանելի դառնալու համար բազում հարթակներու, ապահովելով դիւրահաս, ուժական, փոխազդեցիկ եւ բարձրորակ լրատուութիւն եւ առարկայական վերլուծում, ինչպէս նաեւ՝ խմբագրական հայեացք, աճող համաշխարհային ակնդիրներու եւ ընթերցողներու համար։
«Իբրեւ մէկ բաժինը այս վերանորոգ տեսլականին՝ առաւել պիտի ամրապնդենք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը, տեղական, նահանգային եւ ազգային մակարդակներու վրայ, հաստատելու համար անոր դերակատարութիւնը՝ իբրեւ հայկական եւ դաշնակից ամերիկացիներու միացեալ ձայնը՝ արդարութեան, ապահովութեան եւ մեր հայրենիքի աւելի ուժեղ ապագային համար»։
Շրջանային ժողովը իր աշխատանքները եզրափակեց Կեդրոնական կոմիտէի ընտրութեամբ, որ կը բաղկանայ հետեւեալ 7 անդամներէն.
Անի Չաղլասեան ((ներկայացուցիչ, Նիւ Ճըրզի)
Սօսի Պուրուճեան (Ռիչմընտ, Վըրճինիա)
Յովիկ Չարշաֆեան (Ուստըր, Մեսեչուսեց)
Ծովինար Համագործեան (Տիթրոյիթ, Միշիկըն)
Սթիւ Մեսրոպեան (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)
Արա Նազարեան (Պոսթըն, Մեսեչուսեց)
Կարօ Թաշեան (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ):