20 տարի առաջ, 1988ի Փետրուարին, մեր պատմութեան մէջ բացուեցաւ էջ մը, որուն վրայ մօտաւորապէս 5 տարի արձանգրուեցան սեւ, կարմիր ու ոսկեղէն դրուագներ։
Այդ էջը ունեցաւ բազմաթիւ համարժէք խորագիրներ, ինչպէս՝ Արցախեան պահանջատիրութիւն, Արցախեան պայքար, Արցախեան ազատամարտ, Շահումեանի կորուստ, Սումկայիթ, Շուշիի ազատագրում, Արցախի հայացում եւ վերջապէս՝ Արցախի Հանրապետութեան իրողական հաստատում։
1988ին բացուող հնգամեակը )սկզբնական շրջանին ոչ ոք գիտէր, թէ այդ փուլը որքան պիտի երկարէր( մեր նորագոյն պատմութեան մէջ Արցախ հասկացութեան տուաւ նոր խորք, նոր իմաստ, մեր դիմաց բացաւ նոր հորիզոններ։ Նախընթաց տասնամեակներուն Արցախը Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզն էր, կքած՝ Ատրպէյճանի խտրական իշխանութիւններու լուծին տակ, հայաթափումի «Դամոկլեան սուր»ին ներքեւ։ 1923ին տրուած կամայական որոշումէն ետք, Պատմական Հայաստանի այս շրջանը լուռ կոտտանքի մը նիւթն էր հայութեան, բայց մանաւանդ անոր հետ ուղղակի հաղորդակից հայրենի մեր ժողովուրդին համար։ Հայը իրաւունք չունէր յայտարարելու, թէ Զանգեզուրէն արեւելք տարածուող այդ հողամասը իրն էր. իրաւատիրութեան արտայայտութիւնները մերթ կը լսուէին երգերու մէջ կամ գրական գողունի դրսեւորումներով։
Այդ տասնամեակներուն, Արցախը չէր այն՝ ինչ որ եղաւ 1988էն սկսեալ, է՛ մինչեւ այսօր, պիտի մնա՛յ նաեւ անմիջական ապագային. այսինքն՝ մեր իրաւատիրութեան ու, այդ ուղղութեամբ, մեր պայքարին գլխաւոր կիզակէտը, խորհրդանիշը, դրօշա՛կը։
Յիշեալ հնգամեակը անջնջելի հանգրուան եղաւ ու պիտի մնայ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, զօդուած անոր, երբե՛ք անջատ երկար շղթայէն։ Երբեմնի Խորհրդային Միութեան փլուզման նախանշաններուն նախօրեակին, Հայկական Արցախը հրապարակ եկաւ իրաւատիրութեան դրօշը պարզած։ Կարծէք թէ 1921ին, Հայաստանի մէջ Կարմիր բանակին կողմէ ճնշուած Փետրուարեան ապստամբութիւնն էր, որ տասնամեակներ յետոյ արձագանգ կու տար Արցախի մէջ…։ Նախ՝ քաղաքական քայլերով, յետոյ, Երեւանը ողողած ծովածաւալ ցոյց-հաւաքներով, հուսկ յետոյ՝ նաե՛ւ ռազմաճակատներու բռնկումով, հայութիւնը վերականգնեց Արցախի հայկականութիւնը։
Հիմա, արդէն հասակ առած է սերունդ մը, որ կը կարծէ, թէ Արցախը շատոնց ներկայ վիճակին մէջ եղած է։ Անոր համար, Արցախեան պատերազմ հասկացութիւնը այս քանի մը բառերէն անդին չ՚անցնիր, որովհետեւ դժբախտաբար տակաւին չէ գրուած այդ հերոսամարտին ամբողջական պատմութիւնը, նաե՛ւ այն պատճառով, որ այդ պատմութիւնը տակաւին կերտումի ընթացքի մէջ է։ Այդ սերունդին համար, որ այսօր 25-30 տարիքի սահմաններուն մէջ է, Արցախի պատերազմը քանի մը երգ է, մերթ հրատարակուող լուսանկարները նահատակներուն, կամ՝ շիրիմները Եռաբլուրի, Շուշիի, Ստեփանակերտի, Ծիծեռնակաբերդի, Սարդարապատի ու այլ նուիրական վայրերու…։
Անդին, կայ աւելի տարեց սերունդ մը, որուն համար Արցախեան ազատամարտը ապրուած ծառացում էր։ Այդ սերունդը ուղիղ 20 տարի առաջ ականատես եղաւ Սասնոյ, Զէյթունի, Վանի, նոյնինքն Արցախի ու Զանգեզուրի անցեալ սխրանքներուն «վերախմբագրման». Քելբաջարէն մինչեւ Աղդամ, Մարտակերտէն մինչեւ Մարտունի ու Զանգելան՝ օրը օրին, քարտէսներու վրայէն հետեւելով՝ հոգեկան աչքերով մասնակից եղաւ մեր նորօրեայ հերոսներուն յառաջխաղացքներուն ու ընկրկումներուն, մէկ աչքով արտասուեց ծաղիկ նահատակներուն համար, սակայն միւս աչքով հպարտացաւ ազատագրուած հողերուն ի տես, երկու ձեռքով սրբեց արցունքոտ աչքը։
Բացուեցաւ սեփական ճակատագիրը սեփական բազուկով կերտելու էջը։
Արցախի հայկականութեան վերահաստատումը արժեց արիւն, քրտինք ու ահագին ճիգ։ Հարիւրաւոր, հազարաւոր երիտասարդներ արձագանգեցին Արցախի բարձունքներէն ու դաշտավայրերէն արձակուած կոչերուն, անսակարկ նետուեցան դէպի մարտիրոսացում տանող ճամբուն մէջ։ Մեր քաղաքական մեքենան ու դիւանագիտութիւնը զուգահեռ ընթացով քայլ պահեցին բազկի ուժով կերտուած ուղիին հետ, իր գլանին տակ յարդարելով ու լուսանցքայնացնելով այն տատամսոտները, որոնք կասկածի տակ կ՚առնէին արդար իրաւունքներ կենսագործելու մեր կարողութիւնը…։
Արդիւնքը այսօր կը կանգնի մեր դիմաց։ 1919էն ետք առաջին անգամ ըլլալով, դարեր շարունակ կորսուած նկատուած հայկական հողամասեր կը շնչեն հայօրէն, թէեւ շնչառութիւնը տակաւին չէ գտած բնականոն կշռոյթը։ «Եթէ Հայաստանը մեզ իրեն պիտի չմիացնէ՝ մենք Հայաստանը Արցախին պիտի միացնենք» ազնիւ սպառնալիքը իրողապէս հաստատուած է շուրջ մէկ ու կէս տասնամեակէ ի վեր։
***
Արցախեան պայքարը չիրագործեց մեր բոլոր արդար սպասումները։ Շահումեանը կը մնայ գրաւեալ, ազատագրեալ գօտիները, իրողապէս հայացուած ըլլալով հանդերձ, կը մնան միջազգային կամայականութիւններէ բխող սպառնալիքներու խաղալիք։ Ատրպէյճան-Թուրքիա սկզբնապէս քուլիսային գործակցութիւնը տարուէ տարի հրապարակային ու նենգամիտ դրսեւորումներ կը գտնէ, նոյն «Դամոկլեան սուր»ին տակ պահելով անհաշուելի զոհողութիւններով ձեռք բերուած պատմական իրագործումը։ Այս բոլորին կը տրուի «մեր կամքէն անդին քաղաքական հաշիւներ» խորագիրը։
Հայութիւնը իրաւունք ու պատճառներ ունի մտահոգուելու։ Հայաստանին մերձակայ թէ հեռաւոր շրջաններու մէջ, ամէն օր ականատես կ՚ըլլանք անիրաւութիւններու, որոնք կը գործուին արդարութիւն ու ժողովրդավարութիւն հաստատելու անուան տակ. հանդիսատես ենք ծուռ դանակով տեսնուող հաշիւներու, արդար իրաւունքներու խողխողումին։ Արեան առուակներ կը հեղուին հոս ու հոն, երկրամասեր կ՚այլափոխուին կամ ենթակայ կը մնան այլանդակող հաշիւներու, որոնք չեն բխիր տուեալ երկրամասերու իրաւատէր ժողովուրդներուն շահերէն, իրաւունքներէն։ Մինչեւ իսկ մարմին կ՚առնեն «տեղական իշխանութիւններ», որոնք կը վերածուին այլոց հաշիւներուն վերակացուներու, կամայական պատմութիւններ աւազի վրայ խմբագրող կամակատարներու։
… 1988ին բացուած հայկական փուլին իբրեւ արդիւնք, եւ հակառակ սկզբնական տարիներու աննպաստ գործօններուն, հայութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ աշխարհով մէկ՝ այսօր ըստ բաւականին միացեալ կեցուածքով կը նայի մեր հիմնական իրաւունքներուն, ու պատրաստ չէ սակարկութեան նիւթի վերածելու սեփական հողն ու շահուած իրաւունքները։
Աւելին. ուժական, քաղաքական ու դիւանագիտական փորձառութիւնները մեզ այսօր իրողապէս աւելի իրատես դիրքերու վրայ կը դնեն ու կ՚ընծայեն մեր կարողականութիւնները աւելի առարկայականօրէն կշռադատելու միջոցները։
Տակաւին՝ Արցախեան պայքարի 20 տարիներու ուղին քիչ մը հեռուէն դիտելով, այլեւս առաւելաբար նշանախօսքային առումով չենք ընկալեր, թէ Արցախի մէջ մեր իրաւունքներուն կենսագործումը՝ նորագոյն օղակն էր ամբողջական Հայաստանը վերականգնած տեսնելու մեր պայքարի ճամբուն վրայ։ Պայքարի այն ուղիին՝ որուն նախընթաց հանգրուանը կազմած էին Սարդարապատն ու նախընթաց սխրանքները, սնանելով մեր հարազատ պատմութեան նոյն ակունքներէն, ձախողութեան մատնելով քարտէսներէն ու ապրող ժողովուրդներու պատմութենէն մեզ դուրս վանելու թշնամիներու սադրանքները։
***
Արցախեան իրագործումը տեղի ունեցաւ մեծ զոհաբերութիւններով։ Աւելի քան 20 տարի առաջ, թերեւս մեր զանգուածներուն միտքերուն ու հոգիին մէջ կային կասկածի նշոյլներ, թէ երբ զանգը հնչէ, անսացողներուն թիւը բաւարար պիտի չըլլայ։ 1988ի Փետրուարին ծայր առած եղելոյթը ապացուցեց, որ մեր ժողովուրդին մէջ անթեղուած կը մնայ նոյն հրայրքը, իրաւատիրութեան նո՛յն կամքը, որ մեզի ժառանգ ձգուած է պատմութիւն կերտած մեր հերոսներէն, մեր ֆետայիներէն, հին ու նոր ժամանակներու առաջնորդներէն։
Վաղն ալ նոյնը պիտի ըլլայ, երբ տրուին մեր առկախեալ իրաւունքներուն տիրացման զանգերը։ Հայութեան զօրակայանին մէջ դիմադրական կամքն ու պահանջատիրական որոշումները սակարկութիւն պիտի չճանչնան։ Եթէ կան թերահաւատութեան նշոյլներ, անոնք եւս պիտի փարատին, ինչպէս որ Արցախեան 20ամնեայ երթը փարատած է մշուշն ու յստակացուցած մեր յառաջիկայ հորիզոնները։