Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ – The World Council of Churches) հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը` պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները: Յայտարարութիւնը ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ ներկայացուեցաւ ԵՀԽի Էքումենիք աստուածաբանական կրթութեան ծրագիրի ղեկավար փրոֆ. դոկտոր Անի Ղազարեան Տրիսիի կողմէ:
«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ հայ բանտարկեալներու շարունակական անօրէն բանտարկութեան հարցով: Մարդոց պատանդ վերցնելը եւ պահելը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու, որոնց կարգին Ժընեւի համաձայնագիրի լուրջ խախտում է», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, թէ Նոյեմբեր 2020էն մինչեւ Հոկտեմբեր 2023, Ատրպէյճան անօրէն կերպով գերի տարաւ առնուազն 23 հայեր, որոնց մէջ քաղաքացիներ, նախկին եւ ներկայ պաշտօնատարներ եւ զինուորականներ:
«Անոնցմէ շատերը, ինչպէս փաստագրած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւնները, ենթարկուած են խոշտանգումներու եւ նուաստացնող վերաբերումի: Մենք կը վերահաստատենք անօրէն կերպով բանտարկուած բոլոր անձերը անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու պահանջը: Անձերու երկարատեւ բանտարկութիւնը, որուն զուգահեռ կը կատարուին իրաւական պաշտպանութեան խախտումներ, կը վտանգէ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ հաշտեցման ջանքերը», կ՛ըսուի նոյն յայտարարութեան մէջ, որ կոչ կ՛ուղղէ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին՝ ձեռնարկելու բոլոր հնարաւոր միջոցները` ապահովելու համար հայ պատանդներուն ազատ արձակումը եւ կը յորդորէ բոլոր կողմերը` կատարել իրենց իրաւական պարտաւորութիւնները միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ:
«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ այս իրավիճակէն վնասներ կրած բոլոր մարդոց, եւ կը վերահաստատէ արդարութեան ու խաղաղութեան ուղղութեամբ իր յանձնառութիւնը», կը նշուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։