
«Գանձասար»ը կը հաղորդէ, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանային «Մարգարա» անցակէտի ժամանակաւոր բացումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Սուրիա առաքուած մարդասիրական օժանդակութեան շարասիւնը Կիրակի, 23 Մարտի երեկոյեան ժամը 4:30ին հասաւ Հալէպ:
Հալէպի Արդիւնաբերական ցուցահանդէսի համալիրին մէջ, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան շարասիւնի պաշտօնական յանձնումը կատարեց Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալին:
Պաշտօնական յանձնումի արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հալէպի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ Հալէպի նահանգապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ղասսան Ֆարուհ:
Օժանդակութիւնը, որ կը պարունակէր հայաստանեան արտադրութեան դեղորայք եւ ուտելիք, պիտի բաշխուի Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ:
Այս առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան ըսաւ հետեւեալը. «Պատմականօրէն սուրիացի եւ հայ ժողովուրդները բարեկամական կապեր ունեցած եւ իրար փոխօգնութեան հասած են: Կը մաղթեմ, որ սուրիացի ժողովուրդը շուտով յաղթահարէ դժուար պահերը եւ Սուրիա դառնայ բարգաւաճ երկիր»:
Իր կարգին, Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան` Սուրիա առաքուած օժանդակութեան համար՝ աւելցնելով, որ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացման ամուր ենթահող ունին:
Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Մարգարա-Ալիճան սահմանային անցակէտի ժամանակաւոր բացումը: «Բարի կամքի այս քայլը ոչ միայն կ՛օգնէ Սուրիոյ կարիքաւորներուն, այլ նաեւ ցոյց կու տայ երկկողմանի երկխօսութեան յաւելեալ արժէքը եւ կը նպաստէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերող ջանքերը», կ՛ըսուի Եւրոպական միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: