«Հետեւեցանք Լիբանանի մէջ տարբեր շրջաններու վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն, որոնք անարդարանալի յարձակումներ են», ըսաւ Եմէնի հուսիներու «Անսարուլլա» շարժումի ղեկավար Ապտըլմալեք Հուսի՝ վերահաստատելով ««Հըզպալլա»ի մեր եղբայրներուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին թիկունք կանգնելու մեր սկզբունքային հաստատ դիրքորոշումը»:
«Որեւէ պահու, որ մեզմէ կը խնդրուի «Հըզպալլա»ի մեր եղբայրներուն եւ լիբանանցի ժողովուրդի կողքին միջամտել, մենք պատրաստ ենք», յայտնեց Հուսի: