Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 1 Ապրիլին հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան տնտեսական եւ համաշխարհային հարցերու գծով ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Սայմոն Մորտիւի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյի հետ:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն` հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան ներկայ վիճակը եւ հեռանկարները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր:
Ըստ նոյն լրատուամիջոցներուն՝ Պայրամով ընդգծեց, որ, հակառակ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացին, Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու պահպանումը եւ այդ երկրի արագ սպառազինումը վտանգ կը ներկայացնեն խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացքին համար։