Հինգշաբթի, Փետրուար 7ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Հալէպի Հայագիտական հիմնարկին ի նպաստ դրամահաւաքը, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ աւելի քան տասը հազար տոլար:
Առիթէն օգտուելով, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Սուրիոյ ներկայացուցիչ՝ Վահէ Ժամագործեանի անձնական այցելութեամբ շրջանս ներկայութենէն, «Համազգային»ի Շրջանայինի վարչութիւնը կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որուն հիւր համազգայնական ամոլին կողքին ներկայ էին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն քահանան եւ հոգաբարձական կազմը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկացուցիչները, Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի Լոս Անճելըսի ընկերակցութեան վարչական կազմը, «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի հալէպցի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւ օրուան գեղարուեստական յայտագրին մասնակից աշակերտուհիները, «Համազգային»ի Շրջ. վարչութեան անդամները, լոս անճելըսաբնակ հալէպցիներու կոկիկ թիւ մը եւ «Համազգային»ի առաքելութեան հաւատացող շուրջ 100 ազգայիններ:
Պէտք է շեշել, որ մէկ շաբթուան ընթացքին ծրագրուած եւ իրականութիւն դարձած այս ձեռնարկին իրենց մեծ ներդրումը բերած էին շրջանիս «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսըրլեանն ու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Եագուպեանը, որոնց անսակարկ ճիգերու շնորհիւ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Վիգէն քահանան եւ բարի մաղթանքներուն կողքին փոխանցեց նաեւ իր զօրակցութիւնը կրթական եւ մշակութային այս միութեան:
Դրամահաւաքը խրախճանքի եւ ընկերային մթնոլորտի կողքին, իր սկիզբին ունեցաւ նաեւ պաշտօնական բաժին մը, որուն հանդիսավար Գէորգ Պետիկեան բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքերէն ետք, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց «Համազգային»ն ու այս երեկոյին ծնունդ տուող գլխաւոր նպատակը:
Ան պարզեց նաեւ «Համազգային»ի մշակութային զանազան ձգտումներուն կողքին անոր կրթականի բաժինն ալ: Անդրադառնալով Շրջանային վարչութեան, Պետիկեան աւելցուց, թէ այս նոր եւ երիտասարդ ուժերով կազմուած վարչութիւնը կը ջանայ հայ երիտասարդը կապել հայութեան, սրելով անոր մէջ իր ազգային հետաքրքրութիւնը, ապահովելու համար անոր ներդրումը:
Իր խօսքի աւարտին հանդիսավարը շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ յատկապէս «Համազգային»ի անդամներուն, անոնց զոհաբերող հոգիին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս թեւ ու թիկունք կը կանգնին միութեան: Ան նաեւ այս առթիւ բարի յիշեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, որ ոչ միայն այս երեկոյ սիրայօժար կերպով իր այս սրահը կը տրամադրէր, այլեւ հինգ հարիւր տոլարով մասնակից կը դառնար յայտարարուած դրամահաւաքին:
Յանուն Շրջանային վարչութեան, ատենապետ Վիգէն Եագուպեան նախ փոխանցեց «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան շրջանիս ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսըրլեանի ողջոյնները եւ ապա ներկաները բաժնեկից դարձուց օրուան գլխաւոր նպատակին:
Ան նախ յիշեցուց, թէ 2008 կը զուգադիպի «Համազգային»ի հիմնադրութեան 80ամեակին եւ այս առթիւ վարչութիւնը կը ծրագրէ զանազան նախաձեռնութիւններով յիշատակել պատմական այս թուականը:
Այս իմաստով, ան կարգով թուեց վարչութեան ցարդ կազմակերպած ձեռնարկները: Անցնելով Հալէպի Հայագիտական հիմնարկին, ատենապետ Եագուպեան նախ հիմնաւորեց անոր էականութիւնն ու զայն բարգաւաճ եւ այժմէական պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ վեր առաւ հիմնարկին, յատկապէս անոր արեւմտահայ լեզուին ի խնդիր բերած մեծ նպաստը:
«Հիմնարկը, շեշտեց ատենապետը, կը ձգտի ոչ միայն պատրաստել ազգային վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչներ, այլեւ ազգային գործիչներ եւ վաղուան ղեկավարներ: Այս երեկոյի ձեր ներկայութիւնը ու դրական զօրակցութիւնը մեծապէս երախտապարտ կը ձգէ «Համազգային»ի ամբողջ ընտանիքը», ամբողջացուց իր խօսքը, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան իրենց օրինակելի ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
Իր կարգին սրտի խօսքով եւ յատկապէս հալէպահայու մտերմութեամբ ելոյթ ունեցաւ «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Վահէ Ժամագործեան, որ նախ շեշտեց նման հաւաքներու էականութիւնը:
Հաճելի պատկերացումներով համեմուած, հիւր զեկուցաբերը լայնօրէն ներկայացուց «Համազգային»ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան հովանին վայելող Հալէպի Հայագիտական հիմնարկը, որ 12 տարիներէ ի վեր մեծ զոհողութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
«Հայագիտական այս հիմնարկը,- շարունակեց Ժամագործեան,- առիթ կ’ընծայէ նաեւ հայագիտական նիւթերու նկատմամբ հակում ունեցող ուսանողներուն, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն ու մօտիկ ապագային դառնան գաղութի ուսումնական հաստատութիւններուն մտքի մշակներ ու նաեւ գաղութի զանազան միութիւններու որակաւոր մարդուժ»:
Վահէ Ժամագործեան աւելցուց նաեւ, թէ այս հիմնարկը կը գործէ Հալէպի ազգ. «Քարէն Եփփէ» ճեմարանէն ներս: Ներկայիս ան ունի 36 ուսանողներ եւ յանձնուած է Ֆիմի Տէր Յակոբեանի պատասխանատուութեան: Ապա աւելցուց, թէ հիմնարկի տեւողութիւնը 4 տարի է, որուն աւարտին ուսանողը կը ստանայ վկայական՝ վաւերացուած «Համազգային»ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան կողմէ: Անդրադառնալով հիմնարկէն ներս տրուած նիւթերու ցանկին, ան աւելցուց նաեւ, թէ հոն կը դասաւանդուին հայոց լեզու, գրաբար, արդի հայ գրականութիւն, բանահիւսութիւն, միջազգային գրականութիւն, գրականութեան տեսութիւն, աղբիւրագիտութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութիւն, հայ գիրի պատմութիւն, մանկավարժութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ խօսքի զարգացում: Իսկ դասախօսները գաղութէն են եւ Հայաստանէն: Ասոր կողքին օգտուելով հայրենիքէն հիւրընկալ մասնագէտ դասախօսներու Հալէպ ներկայութենէն, հիմնարկը կը կազմակերպէ նաեւ յատուկ դասընթացքներ մանկավարժութեան, հայոց պատմութեան, հայերէն լեզուի եւ այլ նիւթերու շուրջ: Հիմնարկի տարեկան ամավարկն է տասը հազար տոլար: Ուսանողներէն կը գանձուի միայն չնչին գումար մը:
Իր խօսքի աւարտին Ժամագործեան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց դրամահաւաքի մասնակից եւ անոր յաջողութեան նպաստող բոլոր անհատներուն:
Իր կարգին, նախկին ճեմարանական Մանուկ Սէրայտարեան իր սրտի խօսքին նախ շեշտեց, թէ «Համազգային»ը այն միութիւնն էր, որ ամբողջացուցած էր իր ինքնութիւնը եւ այս ձեւով մաս կազմած իր անձին մէջ ու բացայայտեց, թէ Սփիւռքի մէջ «Համազգային»ը մեր մշակութային նախարարութիւնն է:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն մաս կազմեցին «Ա. Փիլիպոս» ազգային վարժարանի աշակերտներն ու վարժարանի ճեմարանական ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ նախկին ճեմարանական հանրածանօթ երգիչ՝ Գառնիկ Սարգիսեանն ու Վիգէն Եագուպեանը:
Այսպէս շատ գեղեցիկ ու տպաւորիչ կերպով աշակերտուհի Մելինէ Համբարձումեան (12րդ կարգ) մեներգեց Սայեաթ Նովայէն եւ «Ծիծեռնակ» երգը՝ խանդավառ մթնոլորտի մէջ պահելով սրահը:
Վարժարանի միջնակարգի աշակերտուհիները հրամցուցին «Կատակ պար»ը, իսկ երկրորդականինները՝ ժողովրդային պար մը: Իր կարգին Մեղրի Պապիկեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Առնօ Բաբաջանեանի «Վաղարշապատ»ը: Ուսուցչուհի Սօնա Մատարեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ»ը, իսկ ուսուցչուհի Թամար Սէրայտարեանը՝ յաջորդաբար մեներգեց «Երազ իմ երկիր» եւ «Երեւան Էրեբունի»ն, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսինէ Գալստեանին:
Ձեռնարկի աւարտին սիրայօժար կերպով մեներգներով իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանն ու Վահէ Եագուպեանը՝ դաշնակով միասին:
Տեղին է յիշել, որ ձեռնարկին ճաշը հիւրասիրուեցաւ սիրայօժար պատրաստութեամբ ու մատակարարութեամբ՝ Միհրան Ժամագործեանի եւ Վարդուհի Վանլեաններուն: Նոյնպէս ձեռնարկի համադրումն ու դասաւորումները կատարած էր Սիւզի Կատճեան: Ներկաներու խանդավառ այս մթնոլորտին մէջ հանգանակուեցաւ աւելի քան $10,000:
Վարձքը կատար բոլորին:
«Համազգային»ի
Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային վարչութեան
նամակագրութեան
յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin – Regional
P.O. Box 4732
Glendale, CA 91222
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ »ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ«Ի ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET