
Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 22 Մարտին, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի Reclaim-ի 9րդ տարեկան համագումարը՝ մասնակցութեամբ թեմի սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ երիտասարդներուն, զանոնք համայնքային ծառայական կեանքին մէջ ներգրաւելու նպատակով:
Հանդիպումը կը կրէր «Reclaim 2025: Reality in a world defined by Artificial Intelligence» վերնագիրը: Epostle.net կայքին ճամբով զանազան երկիրներէ երիտասարդներ եւս համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին։ Երիտասարդական հանդիպումը այժմէական թեմաներու շուրջ քննարկումներու եզակի առիթ մը հանդիսացաւ. նիւթերու առանցքը կազմեց ժամանակակից մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ առաւել եւս ամրագրել եւ ընդլայնել եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ օգտուիլ գիտութեան, համացանցին եւ արդի աշխարհին ընձեռած հաղորդակցութեան դիւրութիւններէն:
Սրբազանը յայտնեց, թէ արագ զարգացող աշխարհին մէջ առաջնորդարանը կը ձգտի քայլ պահել նորարարութիւններուն հետ՝ որդեգրելով ստեղծագործ մտածողութիւն մը: Սրբազանը ներկաներուն փոխանցեց, որ թեմը իր բոլոր կառոյցներով լաւագոյնս կ՛օգտուի գիտութեան եւ նորարարութիւններու հնարաւորութիւններէն, առաւել եւս ընդարձակելու եկեղեցւոյ հոգեւոր, հովուական, մշակութային եւ կրթական առաքելութիւնը, երիտասարդները ներգրաւելով իր ծառայական առաքելութեան մէջ, նպատակ հետապնդելով տէր կանգնիլ եւ տարածել մեր հոգեմտաւոր արժէքները: Սրբազանը իր խօսքը եզրակացուց՝ շեշտելով, որ «Վաղուան Եկեղեցին ներկան իսկ է», եւ հրաւիրեց երիտասարդները ամբողջական նուիրումով իրենց գիտութիւնը եւ կարողութիւնները ի սպաս դնելու քրիստոնէական, համամարդկային ու հայկական արժէքներու ամուր պահպանման անյետաձգելի գործին:

Երիտասարդական համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ epostle.net հարթակի տնօրէն Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան, որ ներկաները հրաւիրեց մտածելու, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցին, օգտուելով արհեստական բանականութենէն (AI, ԱԲ)՝ առաւելագոյնս պիտի ծաւալէ իր առաքելութիւնը համայնքներուն մէջ:
Այնուհետեւ երիտասարդները քննարկեցին բոլոր այն հարցերը, որոնք կը տագնապեցնեն ներկայ աշխարհի մարդկութիւնը եւ ապա ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.
1.- Ինչպէ՞ս տիրապետել ԱԲին (AI-ին), առանց մարդկային սեփական իմացութիւնը թերագնահատելու. ներկայացուց Ճորճ Ստեփանեանց:
2.- Ի՞նչ ձեւերով ԱԲն կը ծաղկեցնէ մեր հաւատքը, ճշմարտութիւնը եւ ինքնութիւնը. ներկայացուց Մեսրոպ քհնյ. Աշ:
3.- Աստուածավայել կեանք, ստեղծարար ոգի, ԱԲն եւ հոգեւոր ճանապարհորդութիւն. ներկայացուց Կրէկըրի Պէյլէրեան:
4.- ԱԲի բարիքները՝ լաւապէս ըմբռնելու մարդու ներիմացական ճշմարտութիւնները. ներկայացուց Կարապետ Մկրտչեան:
5.- Հայ փիլիսոփայական մտածողութեան համաձայն՝ բանականութիւնը՝ Ճանապարհ դէպի գիտութիւն եւ հոգեւոր կատարելութիւն. ներկայացուց դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան:
Համաժողովի մասնակցութեան տոմսերէն գոյացած գումարը նուիրուեցաւ Լոս Անճելըսի հրդեհներու աղէտներուն թեմին տրամադրած օգնութեան, որուն մասին հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցեց Սարկաւագաց խորհուրդէն Տիգրան սրկ. Յարութիւնեան։
Reclaim 2025-ի հանդիսավարը Սուսաննա Պօղոսեանն էր:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Լուսինէ Թաքմազեան յանձնախումբին անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին համաժողովին յաջողութեան, յատկապէս Հայդի Քավուքչեանի գլխաւորութեամբ՝ Circle of Faith խումբին, որ երիտասարդական համաժողովի կէսօրուան ճաշը նուիրեց:
Աւարտին, առաջնորդը մաղթեց, որ երիտասարդական կարեւոր այս շարժումին խանդավառութիւնը եւ թափը նոյն յարատեւութեամբ շարունակուի: Սրբազանը բարձր գնահատեց դասախօսներուն շահեկան մասնակցութիւնը, երիտասարդներու ներկայութիւնը, ներգրաւուածութիւնը եւ խանդավառութիւնը ու կազմակերպիչ յանձնախումբին նուիրումը: Առաջնորդը իր խորին գնահատականը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Վազգէն քհնյ. Մովսիսեանին՝ կազմակերպական հետեւողականութեան եւ ջանքերուն համար։
Յայտնենք, որ 2026ին Reclaim-ի 10ամեակին առիթով լոյս պիտի տեսնէ յատուկ հրատարակութիւն մը, որուն մէջ պիտի ամփոփուին Reclaim-ի անցեալի գործունէութիւնը եւ ապագայ հեռանկարը:
Reclaim-ին նպատակը հայ երիտասարդին մէջ Քրիստոսի հանդէպ սէրը վառ պահելը, Մայր եկեղեցւոյ հետ կապուածութիւնը ամրապնդելը եւ անոնց համայնքային մեր կեանքին աշխոյժ մասնակցութիւնը ապահովելն է:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ