
Շաբաթ, 15 Մարտին, Թեսաղոնիկէի «Հայաթ» հիւրանոցին մէջ, «Մանի Շօ» (Money Show) ցուցադրութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգայնագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան Ճորճ Մէնէշեանի «Յոյներ Եւ Հայեր. Զուգահեռ Կեանքեր, Միլլեթէն Դէպի Ազգ Պետութիւն» (հրատրակութիւն «Արմենիքա» պարբերաթերթի) գիրքին շնորհահանդէսը:
Ելոյթը կազմակերպուած էր Հայ Դատի յանձնախումբի Թեսաղոնիկէի գրասենակին կողմէ՝ «Մանի Շօ»ի կազմակերպիչներուն առաջարկով։
Ներկայացումին՝ հանդիսավարը Նիքոս Լատիանոսն էր, որ ողջունեց ներկաները եւ խօսքը փոխանձեց Թեսաղոնիկէի մօտ պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեանին։ Շարունակելով, օրուան հանդիսավարը շեշտեց Արցախի հարցի առկայութիւնը եւ կեղծ խաղաղութեան օրակարգը, որուն միջոցով Ատրպէյճան կը փորձէ ստրկացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Յաջորդաբար, խօսք առաւ Պոնտական պատմութեան ամպիոնի դասախօս Թէոտոսիս Քիրիքիտիս, որ անդրադարձաւ գիրքին պատմական եւ գիտական նիւթերու ներկայութեան եւ զանազան փուլերու վերլուծման։ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Թեսաղոնիկէի հայ գաղութին անունով խօսք տրուեցաւ Կիւլա Գասապեանին, որ ակնարկելով Արցախի անկումին եւ ժողովուրդի տարագրութեան ցաւին՝ ընդգծեց, որ անոնք կը նոյնանան այդ մեծ ողբերգութեան հետ, որուն տառապանքը ապրեցան 1915ի վերապրողները իբրեւ գաղթական՝ օտարութեան մէջ։
Գիրքի ներկայացման ընթացքին, խօսք առաւ նաեւ Մակեթոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Քոսթաս Կիւլեքաս, որ մեծարեց յոյն եւ հայ ժողովուրդի պատմական ու ներկայ ժամանակներուն շարունակուող բարեկամութիւնը:
Վերջին խօսողը եղաւ գիրքի հեղինակ Ճորճ Մէնէշեան, որ խօսեցաւ իր ուսումնասիրութեան մասին, ինչպէս նաեւ յունահայ համայնքի պատմական ընթացքին եւ ընդհանուր անցեալի մասին յոյն գաղթական զանգուածներուն հետ, շեշտը դնելով ապրած նոյն վէրքերուն եւ հասարակաց յիշողութեան վրայ։ Ան յայտնեց, որ հայերը վերջին 150 տարիներու պատմական զանազան հանգրուաններուն, պատերազմեցան յոյներու կողքին շարք մը մարտերու ընթացքին, հակառակ այն իրողութեան, որ հայեր եւ յոյներ ունեցած են զանազան քաղաքական, պատմական եւ աշխարհագրական դիրքեր։ Հեղինակը իր վերջին խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս օրուան պէս, 1921ին, Պերլինին մէջ, Ս. Թեհլիրեան զգետնեց Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալիաթը, լուծելով հայ ժողովուրդի վրէժը եւ վերականգնելով մարդկային արդարութիւնը։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑ