22 Մարտին, Միլանոյի «Հայ Տուն» հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Վերածնունդ, 101 Հայ Բանաստեղծութիւն – 1890-1989» գիրքին շնորհահանդէսը, զոր կազմած եւ իտալերէնի թարգմանած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աշխատակից Մարիամ Երեմեան:
Գիրքի շնորհահանդէսի բացման խօսքին մէջ դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան ներկայացուց հեղինակը եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նախաձեռնութեան պատմութեան: Ապա Մ. Երեմեան պատմեց գիրքը պատրաստելու գաղափարին մասին եւ անդրադարձաւ հայ բանաստեղծութեան զարգացման ուղիին եւ ընդգծած սոյն նախաձեռնութեան մշակութային նշանակութիւնը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան Միլանոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ եւ գրականութեան սիրահարներ:
Երեկոյթը եզրափակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով մը:
«Վերածնունդ. 101 Հայ Բանաստեղծութիւն – 1890-1989» հատընտիրը կ՛ընդգրկէ 19-20րդ դարերու հայ բանաստեղծներու՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Համօ Սահեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի, Մետաքսէի, Ռազմիկ Դաւոյեանի՝ իտալերէնի թարգմանուած 101 ստեղծագործութիւններ՝ վերջիններուս կեանքի մասին համառօտ ակնարկներով:
Գիրքին յառաջաբանի հեղինակը Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի փրոֆ. Մարքօ Պայիսն է: