
11 քաղաքայիններ մահացան, երբ իսրայէլեան օդուժը շաբաթավերջին Սուրիոյ մէջ ռազմավարական դիրքերու եւ զինուորական երկու օդակայաններու վրայ յարձակումներ գործեց:
Իսրայէլեան ցամաքային ուժերը նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ներթափանցեցին Տարաա քաղաքին եւ Թասիլ գիւղին միջեւ գտնուող Ճապիլիա ամբարտակի շրջանը, ուր, ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, բուռն բախումներ տեղի ունեցան:
Իսրայէլեան օդուժը թիրախ դարձուց մայրաքաղաք Դամասկոսի, Հոմսի եւ Համայի մէջ ռազմավարական դիրքեր: Զինուորական աղբիւր մը «Ճազիրա»ին յայտնեց, թէ առաւել քան 17 օդային յարձակումներ թիրախ դարձուցին Համայի զինուորական օդակայանը, որուն մեծ մասը քանդուած է:
Իսրայէլեան բանակը անցեալ շաբաթ յայտնեց, որ հարաւային Սուրիոյ Թասիլ շրջանին մէջ գիշերային գործողութեան մը ընթացքին սպաննած է շարք մը զինեալներ, գրաւած է զինուորական միջոցներ եւ քանդած է ահաբեկչական ենթակառոյցներ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը, որուն պատճառով վիրաւորուած են տասնեակներով քաղաքայիններ եւ զինուորականներ: «Այս անարդարանալի մագլցումը դիտաւորեալ փորձ մըն է քայքայելու Սուրիոյ կայունութիւնը եւ անոր ժողովուրդին տառապանքը երկարաձգելու», աւելցուց նախարարութիւնը:
«Եթէ Դամասկոս Իսրայէլի թշնամի ուժերու Սուրիա մուտքը արտօնէ, շատ սուղ գին պիտի վճարէ», իր կարգին յայտարարեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց:
«Սուրիոյ վրայ կատարուած յարձակումին հիմնական նպատակը Թուրքիոյ նախագահը զգուշացնելն է», նշեց Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը:
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՃԱԿԱՏՈՒՄ ՉԵՆՔ ՈՒԶԵՐ. ԱՆԳԱՐԱ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի հետ ճակատում չի փափաքիր` աւելցնելով, որ իսրայէլեան յարձակումները կ՛ականահարեն ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը եւ այլ սպառնալիքները զսպելու՝ սուրիական նոր կառավարութեան կարողութիւնը:
«Եթէ Սուրիա ուզէ Իսրայէլի հետ որոշ փոխըմբռնումներու հասնիլ, այդ մէկը իր գործն է: Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի արարքները ապագային շրջանային անկայունութեան ճամբան կը հարթեն», յայտնեց Ֆիտան:
«Իսրայէլ հարուածեց սուրիական այն ռազմակայանները, որոնք Թուրքիոյ կողմէ իր ուժերը տեղակայելու համար յարմար կը նկատուէին», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին կարգ մը դիւանագիտական աղբիւրներ: