ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԹԱԵԱՆ

Կարեւոր հարց մը կայ, որուն շուրջ արեւմտահայ համայնքը չէ կրցած համաձայնիլ։
Ի՞նչ է այս կարեւոր հարցը։
Արեւմտահայերէնի մէջ շարունակական գործողութիւն մը արտայայտելու համար բայի եղանակ չկայ, կամ գոնէ այդպէս կ՛ըսեն քերականութեան գիրքերը եւ «մաքուր հայերէն» գիտցողները։ Չկայ անգլերէն “I am writing”ի նման կամ սպաներէն “estoy escribiendo”ի նման կառուցուածք մը, որ շարունակական գործողութիւն մը արտայայտէ։ Հետեւաբար, շարունակական գործողութիւն մը արտայայտելու համար կը գործածուի «կոր»ը։ Այլապէս, բարդօրէն կառուցուած ստորադասական կամ յարադիր նախադասութիւններ պէտք է օգտագործել։
«Այս ինչ բանը կ՛ընեմ» շարունակական գործողութեան մը գաղափարը չի տար, այլ կու տայ սովորական գործողութեան գաղափարը։ Շարունակական գործողութեան իմաստը տալու համար կ՛աւելցնենք «կոր» ու կ՛ըսենք՝ «այս ինչ բանը կ՛ընեմ կոր»։ Ասիկա շատ ընդհանրացած երեւոյթ մըն է ամբողջ Սփիւռքի մէջ, ամէն տեղ ուր արեւմտահայերէն կը խօսուի։
Ամէն մէկ գաւառ, ամէն մէկ բարբառ, իր յատուկ ձեւով կը գործածէ այս «կոր»ը։ Ամենահասարակ գործածութիւնը վերը յիշուած կերպն է, այսինքն՝ «կ՛ընեմ կոր», «կ՛ընես կոր», «կ՛ընէ կոր», «կ՛ընենք կոր», «կ՛ընէք կոր», «կ՛ընեն կոր»։ Գաւառաբարբառներ կան, որ կ՛ըսեն «կո», ուրիշներ, որ կ՛ըսեն «կա» եւ ուրիշներ, որ բային հետ կը խոնարհեն, ըսելով՝ «կ՛ընեմ կամ», «կ՛ընես կաս», «կ՛ընէ կա», «կ՛ընենք կանք», «կ՛ընէք կաք», «կ՛ընեն կան»։
Մեր արեւմտահայերէնի սահմանական եղանակի ներկան գործածելը եւ ակնկալելը, որ շարունակական գործողութիւն մը հասկցուի, շիտակ չէ։ Երկմտութեան եւ երկիմաստի աղբիւր մըն է։
Չկայ արեւմտահայերէն բարբառ մը որ այս «կոր»ը չունենայ։ Ասոր հանդերձ, ո՛չ մէկը կը համարձակի այս «կոր» ը գրի առնելու, բացի երբ ուղղակի խօսակցութիւն մը կը նկարագրուի։ Ո՛չ մէկ քերականութեան գիրք, ո՛չ մէկ բառարան, ո՛չ մէկ լուրջ հատոր այս «կոր»ին գոյութիւնը նոյնիսկ կ՛ուզէ ճանչնալ։ Բոլորը կ՛ըսեն, թէ հայերէնի մէջ այդպէս բան գոյութիւն չունի։
Բոլոր անոնք, որ կ՛ըսեն, թէ քերականութիւնը հրահանգչական չէ՛, այլ միայն նկարագրական, կը մոռնան, թէ ասկէ աւելի նկարագրական բան մը չկայ։ Այդպիսիները կ՛ըսեն, թէ քերականութիւնը արտօնութիւն չունի օրէնք դնելու, այլ միայն ժողովուրդին սովորական գործածութիւնը նկարագրելու։ Ահաւասիկ ժողովուրդին սովորական գործածութիւնը. մենք այսպէս կը խօսինք։
Շատերու հանդիպած եմ, որ երբ լեզուական սխալներ կ՛ընեն, ըլլայ բառերու սխալ գործածութեան կամ շարահիւսութեան, այսինքն՝ նախադասութեանց քերականական կառուցուածքի սխալներ, եւ իրենց կը մատնանշենք այդ սխալները, կ՛ըսեն, թէ իրենց խօսածը սխալ չէ, որովհետեւ իրենց քաղաքին, գիւղին կամ թաղին մէջ այդպէս կը գործածուի, եւ եթէ քերականութիւնը կ՛ըսէ թէ սխալ է, այդ քերականութիւնն է սխալը։ Բայց երբ նիւթը «կոր»ին կու գայ, այդ բոլոր սկզբունքները կը մոռնան, եւ կ՛ուզեն սուրով ու հրացանով «կոր»ը մէջտեղէն վերցնել։
Սակայն՝ սուրը եւ հրացանը պիտի չկարենան «կոր»ը մէջտեղէն վերցնել։ Ո՛չ, բնա՛ւ, երբե՛ք։ Նոյնիսկ եթէ «մաքուր հայերէն» խօսողները չհաւնին, եթէ հայագէտներու կողմէ չընդունուի, նոյնիսկ եթէ բոլորովին արգիլուի, «կոր»ը հոս է, կայ ու կը մնայ։ «Կոր»ը տեղ մը չերթար կոր։
Իմ տեսակէտովս՝ այս «կոր»ը, «կո»ն, «կա»ն պէտք է ընդունուին եւ համարուին «մաքուր հայերէն»։
Այս յօդուածով կ՛ուզեմ հռչակել, մի անգամ ընդմիշտ, որ «կոր» ըսելը սխալ չէ։ Ոչ ալ սխալ են «կո», «կա», կամ հոլովուած կերպը, «կամ, կաս, կա, կանք, կաք, կան», եւ անցեալ անկատարի շարունակականը «կ՛ընէի կոր/կո/կա», կամ հոլովուած կերպը «կ՛ընէիմ կամ, կ՛ընէիս կաս, կ՛ընէր կար», եւայլն։
Ինծի կ՛ըսեն, թէ «կոր»ը թրքերէնէն առնուած է, թէ ան թրքերէն «եոր»էն կու գայ։ Ես թրքերէն չեմ գիտեր, բայց ըսածնին տրամաբանական կը հնչէ եւ հաւատալի է։ Սակայն՝ որո՞ւ հոգ, եթէ այդպէս է։ Բոլոր լեզուները օտար բառերով լեցուն են։ Բոլոր լեզուները օտար բառեր ներմուծելով եւ որդեգրելով կը հարստանան։ Եթէ բոլոր օտար արմատ ունեցող բառերը հայերէնէն հանելու ըլլանք, հայերէնի ամենամեծ բառարանը մի քանի էջով գրքոյկի կը վերածուի։
Հայորդիներ, կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի. անվախօրէն գործածեցէ՛ք «կոր»ը, ըլլայ խօսակցական հայերէնի մէջ, ըլլայ գրաւոր։ «Կոր»ը մեր հարստութիւնն ու մեր պարծանքն է։ Կեցցէ՛ «կոր»ը։
Մեսրոպ Մաշտոց իր գերեզմանին մէջ պիտի ժպտի եւ ըսէ՝ «կեցցէ՛ քսանմէկերորդ դարուն քաջ եւ անվախ հայերը, որ մեր լեզուն կը զարգացնեն եւ անոր արտայայտման միջոցները կը ճոխացնեն»։
Մենք` որ «կոր» կ՛ըսենք, սխալ հայերէն չենք խօսիր, այլ ուրիշ հայերէն կը խօսինք՝ աւելի արտայայտիչ, աւելի ճոխ, աւելի հարուստ, աւելի կատարելագործուած։