Շուրջ երկու տասնեակ ատրպէյճանցիներ, որոնք զինուորական ծառայութեան ընթացքին զանազան վայրերու եւ ժամանակաշրջաններու մէջ վիրաւորուած են, «վկայութիւններ» տուին Արցախի նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութեան ընթացքին:
Յստակ չէ, թէ անոնց վիրաւորուիլը ի՛նչ կապ ունի Ռուբէն Վարդանեանի հետ։
Ըստ պետական «Ազերթաճ» գործակալութեան՝ հարցաքննուած ատրպէյճանցի զինուորները նախ տեղեկացուցին, թէ չեն ճանչնար Ռուբէն Վարդանեանը, անոր մասին տեղեակ եղած են ընկերային ցանցերէն: Ապա անոր դէմ վկայութիւններ տալու ընթացքին կարգով նկարագրեցին, թէ ինչպէս վիրաւորուած են:
Վիրաւորուած Վահիտ Ալիեւ ըսաւ, թէ վիրաւորուած է «Հայաստանի զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած սադրանքի»ն պատճառով, իսկ իր ընկերները զոհուած են կամ զանազան վէրքեր ստացած են:
Էմին Շահպազով պատմեց, թէ վիրաւորուած է Աղդամի մէջ՝ գլուխէն, այդ պատճառով ալ չէ կրցած խօսիլ եւ գրաւոր կապ հաստատած է բժիշկներուն հետ:
Վիրաւորուած Էլնուր Հասանով Ռուբէն Վարդանեանի դէմ վկայութիւն տալու ընթացքին ըսաւ, որ երեք տեղերէ վիրաւորուած է եւ իր մարմինէն 70 բեկորներ դուրս բերած են: 30 բեկորներ կը շարունակեն մնալ իր մարմինին մէջ, սակայն ան կը շարունակէ իր զինուորական ծառայութիւնը։
Ատրպէյճանցի զինուորները պահանջեցին Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ ամէնէն խիստ պատիժը սահմանել։
«Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ասիկա կը փաստէ այն հանգամանքը, որ այդ դատավարութիւնը շինծու է, ինչպէս Ռուբէն Վարդանեան բնութագրած էր։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ տասնեակ հազարաւոր զինուորներ կրնան խօսիլ այն մասին, թէ ի՛նչ սարսափելի վէրքեր ստացած են։ «Եղել է պատերազմ, եւ երկուստեք վիրաւորներ ու զոհեր են եղել, բայց դա կապել Ռուբէն Վարդանեանի հետ՝ պարզապէս զաւեշտալի է», շեշտեց Թանդիլեան՝ աւելցնելով, որ այս դատավարութիւններուն միջոցով, Ատրպէյճան հող կը պատրաստէ Հայաստանի դէմ:
Ի դէպ, Ռուբէն Վարդանեանին վերագրուող ատրպէյճանցիներուն մեղադրանքներուն մէջ յատուկ կերպով կը շեշտուի, որ Ատրպէյճանի վրայ ռազմական յանցագործութիւնները նախաձեռնուած եւ իրականացուած են Հայաստանի աջակցութեամբ:
«Զուտ հող է նախապատրաստւում Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, դուք որ տեսնէք արդիւնքում նրանց կայացրած տեքստերը (բնագիրները), որոշումները, խօսքերը, դուք կը տեսնէք, որ սա ուղղակի դատավարութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, եւ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու հանդէպ: Եւ այս առումով մենք պէտք է շատ զգօն լինենք: Որեւէ աղերս չունի այս դատավարական նիստը Ռուբէն Վարդանեանի հետ, սա ակնյայտ է, եւ անգամ երբ որ մարդկանց ուղիղ հարց են տալիս` «դուք ճանաչո՞ւմ էք, թէ՞ ոչ», նրանք պատասխանում են, որ «սոցցանցերից (ընկերային ցանցերէն) ենք ճանաչում իրեն»: Սա ինչի՞ մասին է վկայում` որ այդ մարդիկ որեւէ պատկերացում չունեն, թէ ինչ ասեն Ռուբէն Վարդանեանի հետ կապուած հարցերում», շեշտեց Թանդիլեան: