
Երեքշաբթի, 8 Ապրիլի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը եւ անդամներ՝ Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանի եւ անդամներու: Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան համահայկական հարցեր եւ Հայաստանի, արցախահայութեան ու Սփիւռքի գաղութներու կեանքը յուզող զանազան մտահոգութիւններ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի կեանքի բարելաւման վերաբերեալ ծրագիրներ:
Սրբազանը ողջունեց ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, շնորհաւորեց ՀՅԴի 134ամեայ երթը եւ նորոգ ուժ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: