Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի յայտարարեց, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 19 Ապրիլին, Օմանի մէջ, դիւանագիտական նոյն մակարդակով:
«Թասնիմ»ը կը հաղորդէ, որ իրանեան պատուիրակութեան անդամներէն մէկը յայտնեց, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած անուղղակի բանակցութիւններու մթնոլորտը դրական էր:
Երկուքուկէս ժամ տեւած անուղղակի բանակցութիւններէն ետք, ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Արաղճի քանի մը վայրկեան զրուցեցին Օմանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայութեամբ:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ հիւլէական հարցին շուրջ Ամերիկեան եւ Իրան բանակցութիւնները անցան կառուցողական մօտեցումով:
«Քննարկումները շատ դրական եւ կառուցողական էին», կ՛ըսուի Սպիտակ տան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
«Բանակցութիւնները անցան բոլորովին յարգալից, հանգիստ եւ կառուցողական մթնոլորտի մը մէջ»: