
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան թրքական NTV պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին՝ ըսաւ, որ անիկա թէեւ դանդաղ՝ բայց կը շարժի դէպի յառաջ։
Միրզոյեան շեշտեց, որ գործընթացին վերջնական նպատակները` յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ սահմանին բացումը, այս փուլին տակաւին չեն իրագործուած: Միրզոյեան զայն յստակօրէն կապեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:
«Մեր համոզմունքն է, որ եթէ յաջողութիւն գրանցուի հայ-թուրքական ուղղութեամբ եւ իրականացուի սահմանի բացումը, դա կարող է դրական ազդակ դառնալ նաեւ հայ-ադրբեջանական կարգաւորման գործընթացի համար», յայտնեց ան։
Պատասխանելով հարցումին, որ այսօր ժամանակը յարմա՞ր է՝ նախորդ փուլերուն հետ բաղդատած, այսպիսի քայլի մը դիմելու՝ Միրզոյեան ըսաւ. «Բայց վստահութեամբ կարող եմ ասել, եւ կարծում եմ, որ իմ թուրք եւ ադրբեջանցի գործընկերները եւս կը հաստատեն դա, երբեք այսքան մօտ չենք եղել միմեանց: Մի գուցէ ժամանակը յարմար չէ, մի գուցէ երբեք էլ չի լինի, բայց եթէ անկեղծ գնահատենք` որտեղ ենք հիմա, ապա կարող ենք ասել, որ երբեք չենք եղել այսքան մօտ խաղաղութեանը եւ կայունութեանը»:
NTV պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն. Միրզոյեան ներկայացուց պաշտօնական Երեւանի մօտեցումը` կեդրոնանալ հարցի կառուցողական կողմին վրայ, կարելիութիւններուն, ապագային վրայ, եւ ոչ թէ շարունակ խորանալ անցեալին մէջ եւ տեսնել միայն խոչընդոտներ: Ան հաստատեց, որ «հակամարտութեան աւարտով ո՛չ Մինսկի խումբը, ո՛չ էլ նրա ենթակայ կառոյցներն այլեւս նպատակայարմարութիւն չեն ունենում»:
Միրզոյեան դարձեալ պնդեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ չի պարունակեր։
Հայաստան-Թուրքիա կապերու կարգաւորման Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան իր կարգին խօսեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու գծով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հետ հանդիպումին մասին՝ յայտնելով, որ իրենք քննարկած են ցարդ ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները։
Պատասխանելով հարցումին, որ Անգարա տակաւին Հայաստանի հետ կապերը կը պայմանաւորէ՞ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումներուն՝ Ռուբինեան ըսաւ. «Ես կարող եմ ասել` ինչ է պնդում Հայաստանը: Հայաստանը պնդում է, որ Հայաստանը պատրաստ է հէնց վաղն ունենալ լիովին կարգաւորուած յարաբերութիւններ Թուրքիայի հետ առանց որեւէ նախապայմանի»։