Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Երկուշաբթի օր, նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ:
«Այս այցելութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան վերականգնման, բարի դրացնութեան, մեր երկու երկիրներու գերիշխանութեան պահպանման եւ իրարու ներքին հարցերուն չմիջամտելու հիման վրայ նոր էջ մը պիտի բանայ, որովհետեւ Սուրիոյ որոշումը սուրիացիներունն է, իսկ Լիբանանի որոշումը` լիբանանցիներունը», այցելութեան աւարտին յայտնեց Սալամ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի, պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասա եւ ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար:
«Նախագահ Շարհի եւ սուրիացի պաշտօնատարներու հետ քննարկուեցան սահմաններու եւ սահմանային անցքերու վերահսկումը, մաքսանենգութեան արգիլումը` հասնելով ցամաքային եւ ծովային սահմաններու սահմանագծումը, որ սկսած էր երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ Սէուտական Արաբիոյ ողջունելի հովանաւորութեամբ: Երկու կողմերը շեշտը դրին ապահովական համակարգումի ամրապնդման վրայ, ինչ որ երկու երկիրներուն կայունութիւնը կը պահպանէ, նաեւ քննարկուեցաւ տեղահանուածներու ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց հողերը եւ տուները` օժանդակութեամբը ՄԱԿի եւ եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններուն: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը նաեւ քննարկեց Սուրիոյ մէջ անհետացած եւ արգելափակուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ արդարադատական շարք մը թղթածրարներու շուրջ սուրիական իշխանութիւններուն օգնութիւնը պահանջելու հարցը, արտայանձնումը Լիբանանի մէջ արդարադատութեան կողմէ որոնուած անձերու, որոնց գլխաւորներն են Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու ականահարման հեղինակները, նաեւ՝ կարգ մը այլ ոճիրներու, որոնց համար Ասատի վարչակազմը կ՛ամբաստանուի, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ բանտարկուած սուրիացիներուն թղթածրարը: Տնտեսական գետնի վրայ քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու միջեւ համագործակցութեան հարցը, առեւտուրի եւ տարանցման գիծերու բացումը, քարիւղի եւ կազի մղումը եւ քաղաքային թռիչքներու գիծերու քննութիւնը», յայտնեց վարչապետին գրասենակը: