15 Ապրիլին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ, յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Զրոյցին ընթացքին երկու նախարարները քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմ գործընկերութեան օրակարգային հարցեր:
Միրզոյեան ներկայացուց տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան իրավիճակը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ շարունակուող ջանքերը, որոնց կարգին ընդգծելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիրը կնքելու կարեւորութիւնը: Միրզոյեան բարձր գնահատեց այդ ուղղութեամբ Ֆրանսայի, նաեւ նախարար Պարոյի կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը:
Իր կարգին, Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոն կրկնեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու եւ հայ գերիները ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան մասին՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին միտքը: «Այժմ պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքել եւ ազատ արձակել կամայականօրէն ձերբակալուած անձերը եւ ռազմագերիները», գրած է Պուայոն։
13էն 14 Ապրիլին, Վիեննայի մէջ, Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Եւրոպական եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու աշխատաժողովը, որուն ընթացքին փոխանակուեցան միտքեր տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ:
Միրզոյեան ներկայացուց դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն մէջ վերջին զարգացումները:
Քննարկուեցան զանազան ուղղութիւններով, որոնց կարգին Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութիւններու խորացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները: