Երբ 2005ի ամառը սկովտիացի ուսումնասիրող Սթիվըն Սիմ այցելեց Նախիջեւան, միջնադարեան հայկական յուշակոթողներ ուսումնասիրելու նպատակով, ան յայտնաբերեց, թէ այցելութիւնը անիմաստ էր. ոչինչ կար հոն, որ ուսումնասիրէր։ Ապահովական ուժերուն կողմէ ձերբակալուելէ եւ հարցաքննուելէ ետք Սիմին հարցուցած էին, թէ ինչո՞ւ հայկական քրիստոնէական եկեղեցիներ կը փնտռէր շրջանի մը մէջ, ուր միայն իսլամներ կը բնակին։ Իսկ գիւղացի մը իրեն ըսած էր, թէ հայեր երբեք չեն բնակած Նախիջեւանի մէջ։ Երբ ուսումնասիրողը բացատրած էր, թէ գիրք մը զինք առաջնորդած էր դէպի հին հայկական եկեղեցի մը այդ գիւղին մէջ, ծեր մարդ մը զայրոյթով դուրս տուած էր բառեր, որ ըստ Սիմին, գերմաներէնի կը նմանէին։ Թարգմանողը բացատրած էր, թէ մարդը հայերէն կը խօսէր իրեն հետ՝ տեսնելու համար, եթէ ինք հայ լրտես մըն էր։ Հայերէն խօսիլ գիտնալը շրջանի մը մէջ, «ուր ոչ մէկ հայ բնակած էր», շատ տարօրինակ երեւոյթ էր։
Սակայն Սիմ դէմ չէր դրած ատրպէյճանցիներուն։ Ան ոչ ալ դէմ դրած էր իր նկարչական մեքենան պահելու պահանջներուն, Ատրպէյճան-Իրան սահմանին վրայ ցարդ գոյատեւող աշխարհի ամենամեծ միջնադարեան հայկական գերեզմանատան՝ Ճուլֆայի (հայերէնով՝ Չուղա) շուրջ գտնուող զինուորական գօտիէն շոգեկառքով անցած ժամանակ։ Սիմ կրնար ուրիշ կերպ վարուիլ, եթէ այն ատեն գիտնար, թէ ինք վերջին օտարականը պիտի ըլլար, որ ոտք կը դնէր Իրանի սահմանին վրայ այդ հեռաւոր վայրին մէջ եւ կը տեսնէր այդ սուրբ եւ գեղեցկօրէն քանդակուած հազարաւոր խաչքարերը (մինչեւ ութ ոտք հասակով գերեզմաններու յուշակոթողներ՝ նրբօրէն քանդակուած մակերեսներով) նախքան անոնց փոշիի վերածուիլը աւելի նուազ քան կէս տարուան մէջ։
Աւելի քան երեք հարիւր յիսուն տարիներ առաջ Չուղա այցելած օտար ճամբորդ մը տաս հազարով գնահատած էր գերեզմանատան խաչքարերուն թիւը։ Մինչեւ 1998, Նախիջեւանը Ատրպէյճանի տիրապետութեան յանձնելու Թուրքիոյ հետ կնքուած խորհրդային համաձայնութենէն շուրջ ութ տասնամեակներ ետք, անոնցմէ միայն երկու հազարը կը գոյատեւէին։ Տակաւին գոյատեւող այդ փորագրուած քարերը հիանալի էին եւ անփոխարինելի, ինչպէս նաեւ ցայտուն փաստ մը՝ հինէն ի վեր Նախիջեւանի մէջ հայերու գոյութեան, որոնք բռնի հեռացուեցան իրենց պապենական տուներէն, երբ շրջանը Ատրպէյճանի իշխանութեան ենթարկուեցաւ։ «Արքիոլոճի» թերթը կը գրէ. «Ճուլֆայի գերեզմանատան հնագոյն գերեզմանները կ՚երթան մինչեւ Ք.Ե. վեցերորդ դար, սակայն հռչակաւոր խաչքարերուն մեծ մասը տասնհինգերորդ եւ տասնվեցերորդ դարերէն են»։ Ըստ Յուշակոթողներու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդին, Պաքուի իշխանութիւնները գերեզմանատան մեծ մասը քանդեցին 1998ին եւ 2002ին՝ միջազգային սահմանափակ բողոքներու տակ։ Սակայն 2005ի Օգոստոսին, ինչպէս Սիմ կը վկայէ, Չուղայի գերեզմանատունը ամբողջովին չէր կործանած։ Ան կ՚ըսէ, թէ՝ «քարերուն մեծ մասը տակաւին հոն էին, բայց՝ զգետնուած»։
15 Դեկտեմբեր 2005ին ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը առաջին միջազգային աղբիւրն էր, որ հաղորդեց, թէ՝ «շուրջ հարիւր ատրպէյճանցի զինուորներ կը քանդեն հայկական գերեզմաններ եւ խաչեր»։ Հայերու խումբ մը հիւսիսային Իրանէն, ուրկէ գերեզմանատունը տեսանելի էր, նկարած էր տասնեակներով տարազաւոր մարդիկ, որոնք մեծ մուրճերով կը քանդէին խաչքարերը, իրենց հետ գործի լծած ըլլալով նաեւ յատուկ մեքենաներ՝ հսկայ յուշակոթողները տեղափոխելու, զանոնք կոտրտելու եւ վերջապէս ապրանքատար փոխադրակառքերով զանոնք Արաքս գետը թափելու համար։ Այդ քանդումը, որուն ընթացքին նաեւ պղծուեցան գետնին տակ հանգչած հայկական աճիւններ, կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, սկսած էր 14 Դեկտեմբերին եւ տեւած՝ քանի մը օր, ինչ որ բաւարար ժամանակ տուած էր համաշխարհային մամուլին, որ հաղորդէր եղածին մասին։ Սակայն միայն Ապրիլ 2006ին էր, որ Լոնտոնի մէջ հաստատուած «Ինսթիթիութ ֆոր ուոր էնտ փիս ռիփորթինկ»ի ատրպէյճանցի լրագրողներ հաստատեցին, թէ գերեզմանատունը ամբողջովին ոչնչացած էր։ 21 Ապրիլին «Թայմզ»ը գրեց. «Կովկասի հրաշալիքներէն մէկը համարուող միջնադարեան գերեզմանատուն մը ոչնչացուած է երկրի մակերեսէն։ Մշակութային այդ բարբարոսութիւնը կը համեմատուի 2001ին Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն կողմէ Պամեանի պուտտաներուն ոչնչացումին»։
Մինչ պուտտաներու արձաններու ականահարումը համաշխարհային աղմուկ բարձրացուց, Չուղայի գերեզմանատան կործանումը գրեթէ աննկատ անցաւ։ «Էյ.Փի.»ի մէջ հրատարակուած այդ մասին միակ յօդուածը քանդումի արարքը ուրանալու առումով մէջբերում մը կատարած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն, թէ՝ «այդ մէկը բացարձակ սուտ մըն է, զրպարտական տեղեկութիւն մը, դրդում մը». ան նաեւ ամբաստանած էր Հայաստանը՝ ատրպէյճանական յուշարձաններ քանդելու յանցանքով։ Այդ բարբարոսութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենային հակազդեցութիւնը ի յայտ եկաւ միայն այն ատեն, երբ լրագրողներ այդ մասին հարց տուին պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսին։ Ռայս կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին, որ՝ «դիմէ անհրաժեշտ միջոցառումներուն՝ մշակութային յուշակոթողներու պղծումը արգիլելու համար», իսկ անոր օգնականներէն Մեթիու Պրայզա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դիտել տուաւ, թէ՝ «Միացեալ Նահանգներուն պատասխանատուութիւնը չէր այդ մէկը կասեցնելը», որովհետեւ անիկա՝ «տեղի կ՚ունենար օտար երկրի մը մէջ»։ Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու մասնագէտ Թամըս տը Ուալին համաձայն, «Ատրպէյճանի մէջ գործող օտար ներդրողներն ու դիւանագէտները շատ զգուշ են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ խաղաղութեան գործընթացին վերաբերող հարցերով եւ, հետեւաբար, կը խուսափին յուշակոթողներուն հարցը բացայայտօրէն արծարծելէն»։
Հակառակ այն համատարած համոզումին, թէ 1990ականներու սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի յաղթանակն է Չուղայի կործանման պատճառը, Ատրպէյճանի մէջ հայկական հետքերն են արմատը այդ անլոյծ տագնապին պայթումին։ Ատրպէյճանէն անջատուելու Ղարաբաղի պատճառներէն մէկը, կը գրէ ապահովական հարցերու վերլուծաբան Էմանուէլ Քարակիաննիս, այն վախն էր, թէ՝ «Ղարաբաղի հայկական դիմագիծը պիտի կորսուէր, ինչպէս պատահեցաւ Նախիջեւանի մէջ։ Նախիջեւանի հայ բնակչութիւնը ամբողջութեամբ կորսուեցաւ, իսկ հայկական յուշակոթողները կանոնաւոր կերպով վերցուեցան եւ փճացուեցան ատրպեճանական իշխանութիւններուն կողմէ»։ Նախիջեւանի բնիկ հայկական աւանդին ամբողջութեամբ ոչնչացուած ըլլալու իրականութիւնը անուղղակիօրէն կը հաստատուի ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու կողմէ։ Օրինակի համար, նախիջեւանցի Հասան Զէյնալով «Պի.Պի.Սի.»ին հաղորդած է, թէ՝ «հայերը երբեք ապրած չեն Նախիջեւանի մէջ, որ ատրպեճանական հող եղած է անյիշելի ժամանակներէն, եւ այդ պատճառով է, որ չկան հայկական գերեզմանատուներ եւ յուշակոթողներ եւ ոչ ալ եղած են»։
Չուղայի կործանման Ատրպէյճանի ուրացումը եւ անկէ ետք միջազգային դէտերու գերեզմանատան վայր այցելութեան դէմ ատրպեճանական կեցուածքները հարցականի տակ կ՚առնեն միջազգային շարք մը օրէնքներու ազդուութիւնը։ Մինչ Չուղայի կործանումը դատապարտող Եւրոպական խորհրդարանի 16 Փետրուար 2006ի օրինագիծը կը մէջբերէ շարք մը միջազգային պայմանագրութիւններ, որոնք խախտուած էին Ատրպէյճանի կողմէ, այդ բարբարոսութիւնը չէր նշուած Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Ատրպէյճանի մասին կրօնական ազատութեան 2006ի տեղեկագիրին մէջ, որ հրապարակուեցաւ 15 Սեպտեմբեր 2006ին։ Յատկանշական է, որ հինգ տարի առաջուան տեղեկագրին մէջ հռչակուած էր, թէ «բոլոր հայկական եկեղեցիները, որոնցմէ շատեր փճացուեցան աւելի քան տասնամեակ մը առաջ տեղի ունեցած ցեղային ցոյցերուն ընթացքին, կը մնան փակ»։
Չուղային դուրս իսկ նոյնը տեղի կ’ունենայ: Արդարեւ, կեդրոնական Ատրպէյճանի Նիժ գիւղին մէջ եկեղեցի մը վերաբացուեցաւ 2006ի սկիզբները, սակայն անոր վերանորոգութեան ընթացքին ոչնչացուեցան եկեղեցւոյ պատերուն եւ մօտակայ գերեզմաններուն վրայ գոյութիւն ունեցող հայերէն գիրերը։
Երբ լեհ փաստաբան Ռաֆայէլ Լեմքին «ցեղասպանութեամբ» նկարագրեց ոճիրներու ոճիրը, ան դիտել տուաւ, թէ «ցեղասպանութիւն»ը հոմանիշ մը չէր «զանգուածային սպանութիւններուն», որովհետեւ երկրորդը չ՚արտացոլացներ մշակութային կորուստը: Սակայն մշակոյթը դուրս ձգուած է ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտի որդեգրած տարբերակէն։ Եւ հակառակ ակադեմական շրջանակներուն մէջ «մշակութային ցեղասպանութիւն» եզրի գործածութեան յաճախականութեան, այդ ոճիրը տակաւին չէ պաշտօնականացուած միջազգային օրէնքին մէջ։ Երբ սուրբ առարկաներ դիտումնաւոր կերպով կը փճացուին՝ փաստելու համար, թէ այդ փճացուած մշակոյթը երբեք գոյութիւն չէ ունեցած, ոճիրը պարզապէս յուշակոթողներու բռնաբարում չէ, այլ ցեղասպանական արարք մը՝ ընդդէմ այն հաւաքական ինքնութեան, որ այդ յուշակոթողները կը ներկայացնեն։
Ըլլայ անիկա «մշակութային ցեղասպանութիւն» կամ «բարբարոսութիւն», Չուղայի կործանումը կը պահանջէ մշակութային իրաւունքներու վերանայում մը։ Այդպիսի գործընթաց մը կրնայ սկսիլ Ուաշինկթընի կողմէ Չուղայի կործանման դատապարտումով, Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութիւններու իր յաջորդ տեղեկագիրին մէջ։ Կորսուած գանձին համար կը գոռան Նախիջեւանի մոռցուած արտաքսեալներուն նմանութեամբ կառուցուած այն բուռ մը վերապրող սուրբ քարերը, որոնք աշխարհի չորս կողմը տարածուած են։ Այդ քանի մը խաչքարերը գերեզմանատունէն տեղափոխուած էին 1990ականներէն առաջ եւ այսօր կը գտնուին Հայաստանի Էջմիածնի Մայր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, «Էրմիթաժ» թանգարանին մէջ եւ այլուր։ Ժամանակին միջնադարեան Հայաստանի մեծագոյն գերեզմանատունը եղած Չուղայի սուրբ գերեզմանատունը ամբողջովին ջնջուած է եւ վերածուած, ինչպէս 2006 Մարտի եւ այլ լուսանկարներ կը վկայեն, զինուորական մարզադաշտի մը։