Հայաստանի անմիջական դրացի Պարսկաստանի տարածքին, բռնատիրութեան դէմ Սահմանադրական ուժերու 1905-1911 տարիներուն մղած պայքարը (որուն յաջողութեան մէջ մեծ դեր կատարեցին հայ յեղափոխականները Եփրեմ Խանի գլխաւորութեամբ) արդիականացման նոր էջ մը բացած էր պարսիկ պետութեան համար։ Այսուհանդերձ, Մեծ պատերազմին ընթացքին իր չէզոքութիւնը պահած Պարսկաստանը պատերազմի ամբողջ տեւողութեան գրաւման տակ էր մնացած անգլիական եւ ռուս զօրամասերու կողմէ։
Այդ դէպքերէն աւելի քան կէս դար առաջ, 1870-1871ի ահաւոր սովը մօտ երկու միլիոն կեանքեր խլած էր երկրի տարածքին։ Կէս դար ետք, մինչ հայոց Եղեռնը կը շաունակուէր, պատմական Պարսկահայքի բնակչութեան մէկ քառորդը կը մահանար 1917-1919ին կրկնուող երաշտին ու սովին պատճառաւ։
Այս ողբերգական իրավիճակին ընթացքին է, որ 1915ի Յունուարին, նոր ջուղայեցի խումբ մը հայուհիներ, տառապակոծ ժողովուրդին անմիջական կարիքները ի մտի ունենալով (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ցուցմունքներով եւ հովանաւորութեամբ), հիմը կը դնեն Հ.Յ.Դ. Կարմիր խաչ անուն միութեան՝ 12 հիմնադիր անդամներով, եւ Մեծ Եղեռնի սկզբնաւորութեան օրէն շուրջ երեք ամիս առաջ, 1915 թուի Փետրուար 1ին, կ’ունենան իրենց անդրանիկ հանդէս-երեկոյթը «Մի բաժակ թէյ» անուան տակ։ Յայտագրի վրայ տեղ կը գտնեն բանախօսութիւն, արտասանական եւ երաժշտական ելոյթներ՝ մօտալուտ մեծագո՛յն աղէտէն անտեղեակ հանդիսականներուն մէջ ստեղծելով բարձր տրամադրութիւն եւ ոգեւորութիւն։
Իր հիմնադրութենէն մինչեւ 1928 թիւը, Միութիւնը կը պահէր իր Հ.Յ.Դ. Կարմիր խաչ անունը, որմէ ետք, մինչեւ 1937 թուի Մարտ ամիսը կը ճանչցուի որպէս Կարմիր խաչի միութիւն։ Քաղաքական եւ այլ պայմաններու բերմամբ, այդ թուականէն ետք միաւորը իր աշխատանքները կը շարունակէ Նոր Չուղայի Հայ կանանց գթութեան միութիւն անուան տակ։
Հաւատարիմ իր ընդգրկած գաղափարաբանութեան սկզբունքներուն, Միութիւնը անշեղօրէն ընթացած է իր ծրագիր-կանոնագրի գծած ուղիով՝ զոր կ’ամփոփուէր երկու գործնականօրէն պարզ գլուխներու տակ.- Նպատակ եւ Նիւթական միջոցներ։
Նպատակն է՝
1.- Օգնել չքաւոր եւ անօգնական ընտանիքներին, հիւանդներին, որբերին, այրիներին, դպրոցներին, դպրոցների չքաւոր աշակերտութեան, աղէտեալներին, պատերազմից տուժած զինուորներին եւ նրանց ընտանիքներին, առանց ազգի խտրութեան։
2.- Ինքնազարգացմամբ բարձր պահել Միութեան անդամուհիների բարոյական, մտաւոր եւ ֆիզիքական մակարդակը, ունենալու լաւ մայրեր եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ։
3.- Համագործակցել հայկական եւ կամ տեղական այն բոլոր կազմակերպութիւնների հետ, որոնք նման նպատակներ են հետապնդում։ Զարկ տալ նոր սերնդի հայեցի դաստիարակութեանը։
Ծանօթանալ հայ կեանքի անցեալին եւ ներկային։
Նիւթական միջոցներու տակ կ’իյնային անդամավճարներ, նուիրատուութիւններ, ներկայացումներ, հանդէս-երեկոյթներ, վիճակախաղեր, ցուցահանդէս-վաճառք, եւն.։
Առաջին աշխարհամարտի չորս դժխեմ տարիները եւ այդ ժամանակամիջոցի երկու յաջորդական տարիներու արտասովոր երաշտը եւ անոր հետեւանքները (սով եւ աննախընթաց սղաճ) իրենց քանդիչ անդրադարձներն ունեցան ինչպէս ամբողջ աշխարհի, նոյնպէս Պարսկաստանի եւ յատկապէս Սպահանի ու շրջակայ գաւառներուն վրայ, ուր այդ ժամանակ կային շուրջ 40 հայաբնակ գիւղեր։
Հարուածը արդէն իսկ ողորմելի ու թշուառ պատկեր ներկայացնող հայ գիւղացիութեան համար շշմեցուցիչ ըլլալէ զատ, եղած էր բացարձակապէ՛ս ճակատագրական։ Հարիւրաւորներ զոհ գացած էին անդարման հիւանդութիւններու, իրենց ետին թողնելով թշուառ եւ անօգնական որբեր։ Ցաւը մեծ էր եւ օգնութիւն հասցնելու պահանջը՝ հրամայական։
Ժամանակի թեմակալ առաջնորդ Սահակ արք. Այվատեանի հրաւէրով, 1917 թուին, Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ կը կազմուի Գաւառական որբախնամ յանձնախումբը, բաղկացած Հայուհեաց բարեգործական եւ Կարմիր խաչ զոյգ քոյր միութիւններու 8 անդամուհիներէ։ Անմիջականօրէն այս Յանձնախումբին խնամքին կը յանձնուին շուրջ երկու տասնեակ որբեր ու որբուհիներ։
Այդ օրերու տեղւոյն Հայրենական խորհուրդը, գիտակից որբանոցներուն ծանր վիճակին, խառն ժողով մը կը գումարէ, ուր կ’ընտրուի որբանոցներու նոր վարչութիւն մը՝ որուն կը մասնակցի Միութիւնը 3 վարչական անդամուհիներով։ Այս նոր վարչութիւնը կարճ ժամանակի մէջ կ’աւարտէ իր վրայ դրուած պարտականութիւնները, տրուած ըլլալով՝ որ որբանոցներուն վիճակը ակներեւօրէն բարելաւուած էր երկու տարուան ընթացքին։
Համոզուած, որ ինքնազարգացման գլխաւոր ազդակներէն մին (եթէ ոչ առաջինը) ընթերցանութիւնն է, Միութիւնը իր հովանիին տակ կ’առնէ քանի մը գրասէր երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ 1910 թուին հիմնուած «Երկունք» գրադարանը՝ ստանձնելով անոր բոլոր վարչական ու տնտեսական կարիքները հոգալու պատասխանատուութիւնը։ Առաջին օրէն իսկ, ապագայ ՀՕՄի այս միաւորը կը ջանայ զայն ճոխացնել նորագոյն հրատարակութիւններով եւ կը յաջողի շուրջ 1600 ընտրեալ հատորներով օժտուած գրադարանը իր գուրգուրանքին առարկան դարձնել։ Այս ընթերցարանէն օգտուած են ո՛չ միայն Միութեան անդամները, այլեւ գաղութին գրասէր հասարակութիւնը։
Հիմնադրութեան օրէն իսկ, Միութիւնը լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է հայ մամուլի նկատմամբ, ո՛չ միայն բաժանորդագրուելով՝ այլեւ անոր կանոնաւոր ընթերցումը գրեթէ պարտադի՛ր դարձնելով իր անդամուհիներուն, ա՛յն համոզումով՝ որ հայ մամուլը կ’արտացոլացնէ մեր ազգային-հասարակական կեանքի բազմազան երեւոյթները եւ անոնց քաղաքական ու մշակութային զարգացման այլազան փուլերը։
Նոյն մօտեցումով, Միութիւնը համոզուած էր, որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցի կողքին, հայ բեմը կրթական կարեւոր դեր ունէր կատարելիք մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Այդ մտահոգութեամբ, իր գոյութեան երկար տարիներուն ընթացքին, Միութիւնը ո՛չ մէկ առիթ փախցուցած է ներկայացումներ կազմակերպելու, այլեւայլ դժուարութիւնները յանձն առնելով՝ յանուն գեղարուեստասէր եւ թատերասէր հայ հասարակութեան մտաւոր ու հոգեկան զարգացման։
Նախանձախնդիր ազգային գործիչներու եւ հերոսներու յիշատակի յաւերժացման, իր բազմակողմանի գործունէութեան ընթացքին, Միութիւնը պատշաճօրէն ոգեկոչած է անոնց ազգանուէր կեանքերն ու զոհողութեանց արգասիքը՝ հոգեկից հանդիսականներու խուռներամ մասնակցութեամբ։ Մէջընդմէջ, տարեկան պարահանդէսներ, այլազան հաւաքոյթներ ու հաւաքական զբօսանքներ գաղութին եւ կազմակերպութեան մէջ բարձր տրամադրութիւն ստեղծելէ անդին, խորքին մէջ եղած են դաստիարակիչ բնոյթ ունեցող ձեռնարկներ։
Այդ տարիներուն, Նոր Չուղան, աշխարհագրականօրէն եւ տուեալ պայմաններու բերմամբ, աւելի սերտ կապ պահած է շրջակայ երեք (Չարմահալ, Քեարվանդ եւ Փերիա) գաւառներուն մէջ ցրուած գիւղերուն՝ քան այլ գաւառներու հայաբնակ աւաններուն հետ։ Իր բախտին ձգուած, պարբերաբար հարստահարուած ու տնտեսապէս քայքայուած, իր գոյութիւնը կերպով մը քարշ տուող հայ գիւղացիութիւնը ո՛չ միջոց եւ ո՛չ ալ ժամանակ ունէր դպրոցներ բանալու եւ մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը ապահովելու։
Միութիւնը, գօտեպնդուած հայ դպրոցի եւ մշակոյթի վսեմ գաղափարներով եւ տոգորուած իր շինական այլեւ ուսումնածարաւ հայրենակիցներուն ակներեւ կարիքով, ըրած է իր առաւելագոյնը՝ տարիներ ամբողջ ուսուցիչներ ուղարկելով վերոյիշեալ գաւառները, հոգալով ո՛չ միայն անոնց ռոճիկները, այլեւ մատակարարելով անհրաժեշտ գրենական պիտոյքները, հոգատար ուշադրութեամբ վերահսկելով դաստիարակչական աշխատանքներուն ընթացքին վրայ։
Միաժամանակ չանտեսելով արհեստներու եւ ձեռարուեստի բնագաւառներուն մէջ հայ վարպետներու ցուցաբերած յաջողութիւնները, Միութիւնը 1954 թուականէն սկսեալ, ամէն տարի Նօ ռուզի տօնական օրերուն, երբ բազմաթիւ ուխտաւորներ կ’այցելեն Թադէի պատմական վանքը, կազմակերպած է ցուցահանդէս-վաճառքներ վանքի սենեակներուն մէջ, ուր կը ցուցադրուէին այլազան հիւսուածեղէններ, ձեռագործներ, նկարներ, եւն., որոնք յաճախ լաւ արժէքներով կը վաճառուէին, որոշ հասոյթ ապահովելով մասնակցող վարպետ արհեստաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։
Այս բազմակողմանի գործունէութեան ընթացքին, տասնեակ տարիներով, Նոր Չուղայի Հայ կանանց գթութեան միութիւնը իր անհամար հերթական ժողովները կ’ունենար վարձու սրահներու կամ անհատական բնակարաններու մէջ, ենթակայ բազմապիսի անյարմարութիւններու։ Սեփական ժողովատեղի կամ տուն ունենալու անհրաժեշտութիւնը դարձեր էր կենսական եւ անյետաձգելի պահանջ։ Հետեւաբար, տարիներու ընթացքին լումայ առ լումայ հաւաքուած ու խնայուած դրամով, 1958ին կը յաջողուի գնել Միութեան համար սեփական տուն՝ իր բոլոր յարմարութիւններով, ուր եւ աւելի մեծ թափով կը շարունակուի Միութեան ազգանուէր գործունէութիւնը։
Այս հակիրճ պատմականը սեղմ գիծերու մէջ կը բնութագրէ Հայ օգնութեան միութեան կտրած հարիւրամեայ ճանապարհը յարդարող «խա»չանուն միութիւններու փաղանգին ամենակարկառուն միաւորներէն՝ Նոր Չուղայի Հայ կանանց գթութեան միութեան (նախապէս Հ.Յ.Դ. Կարմիր խաչի միութեան) բեղմնաւոր գործունէութեան ամփոփ պատկերը, իր գլխաւոր գիծերուն մէջ նմանօրինակ՝ ներկայ Կազմակերպութեան առաջին տասնամեակներուն ծնունդ առած միաւորներուն կենսագործութեան, որ այսօր՝ դար մը ետք, համադրեալ եւ աշխարհով մէկ տարածուած, կը ներկայանայ որպէս Հայ օգնութեան միութիւն, հա՛յ կիներու, համահայկակա՛ն հզօր կազմակերպութիւն։