Իրաւունք կու տամ ամէն մարդու, որ կը սարսափի պարտքէն: Ծերունի մը այս մասին իր արձանագրած խրատը օր մը յանձնեց ինծի, որուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուցած էր պարտքէն իր ունեցած սարսափին, եւ անոր փարատումին մէջ անծանօթ բարերարի մը կատարած բարիքին: Կեանքի մէկ դժբախտ պատահարին բերմամբ սնանկացած այս մարդը, իր արձանագրած խրատին մէջ այնքան նուիրականութեամբ կը շեշտէ, թէ իրեն եղած այս բարիքը պէտք է սերունդէ սերունդ յիշուի իր գերդաստանին մէջ:
Պարտատէրի եւ պարտապանի աստուածաբանական հասկացողութիւնն ալ տրուած է Աստուածորդիին կողմէ, զոր ամէն անգամ «Հայր մեր»ը արտասանած ժամանակ կը յիշենք: Մենք մեր պարտապաններուն՝ մեզի դէմ յանցանք գործած մարդոց ներելով, Աստուած ալ, Իրեն ունեցած մեր «պարտքերը»՝ մեր յանցանքները կը ներէ:
Գործի մէջ ունեցած ձախորդութեամբ պարտքերու տակ թաղուիլը, տարբեր տեսակի պարտապան կը դարձնէ մեզ, քան՝ մեր սխալներու հետեւանքով կուտակուած նիւթական թէ բարոյական պարտքերու տակ մնալը: Գործի մէջ անպայման արկածախնդրութիւն ալ կը մտնէ, սակայն ո՛չ թէ բախտ փորձելու հաճոյալից արարքով, այլ տրամաբանութեան գծած ուղիով, որուն համար մեր կողմէ կատարուած հաշուարկը երբեմն կրնայ տարբեր ըլլալ, քան գետնի վրայ կատարուած աշխատանքը: Ճիշդ ասոր համար ըսուած է, թէ՝ տունի հաշիւը, շուկայի հաշիւին չի՛ բռներ երբեմն:
Գիտակից ու իր պարկեշտութեան նախանձախնդիր մարդը վստահաբար շուտով կ’ուզէ «մարել» իր պարտքերը եւ կը սոսկայ նորերը աւելցնելէ: Այս է պատճառը, որ իր պարտքերուն նկատմամբ բծախնդիր եղող անձը, նաեւ իր պարկեշտութեան նախանձանխնդիր կ’ըլլայ: Սակայն, ինչքան ալ ինքզինք գերազանցէ այսպիսի մարդ մը, դարձեալ պարտք մը ունի վճարելիք: Ամէն մարդ այս աշխարհի վրայ, կեանքին նկատմամբ ունի մեծ պարտք մը, որ Աստուած դրաւ անոր ուսերուն, եւ զոր անպայման պէտք է վճարէ ան՝ աշխատանք:
Աշխատութիւնը մարդուն ճիտին պարտքն է: Այսպէս կը սորվեցնէ մեզի Աստուածաշունչը, որովհետեւ մարդուն դրախտէն վտարման ընթացքի՛ն տրուած Աստուծոյ անէծքով յառաջ եկաւ այս մեծ «պարտքը»: Պարտք մը, որ սակայն մտահոգութիւն ու տագնապ չի ծնիր, այլ դրական իմաստով զբաղում մը, որ միաժամանակ ծուլութեան ախտին յաղթահարումը կ’ապահովէ:
«Երեսիդ քրտինքով պիտի ուտես հացդ»: Ա՛յս եղաւ Աստուծոյ անէծքը (հմմտ Ծն 3.19): Անգործութիւնը չարիք կը ծնի, կ’ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Ամբողջութեամբ ճշմարիտ է խօսքը, որովհետեւ անգործութիւնը նաեւ մարդկային մտքի չարացման ուղին կը հարթէ, որ աղբիւրն է ամէն տեսակ թէ՛ չարիքի եւ թէ բարիքի: Աշխատանքը բարիք կը հոսեցնէ մարդկային միտքէն, իսկ անգործ ծուլութիւնը՝ չարիք: Այդ պահուն է, որ սատանան իր հրէշային մեծութեամբ ու սահմռկեցուցիչ բազմաճիւղ եղջիւրներով կը յայտնուի իբրեւ ճիւաղ, բազմաթիւ ձեռքերուն մէջ պատրաստ ունենալով ամէն տեսակ չարիք գործելու եւ տանջելու յատուկ իր «գործիքները»:
Մարդկային ցեղի պատմութեան ընթացքին մեծ համբաւ ունեցած ու նոյնքան ալ մեծ վաստակ թողած մարդիկ, միշտ հաւատացած են աշխատանքին: Երբեմն նոյնիսկ մեծ հանճարներ, հակառակ իրենց աստուածատուր կարողութեան, դարձեալ աշխատանքը կը գովեն, ու համեստօրէն զանիկա կը ներկայացնեն իբրեւ պատճառ իրենց արձանագրած յաջողութեանց:
Այդպիսի համեստ հանճար մըն է աշխարհահռչակ իտալացի արուեստագէտ Միքէլանճէլոն, որուն համար յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ աշխատանքի անսահման ուժին մէջ: Ան կը պնդէ, որ մարդու մտքին մէջ երեւակայուած որեւէ կերպար, անպայման կարելի է մարմարին վրայ քանդակել, եթէ կորովի ու ճարտար ձեռքը արուեստագէտին, հնազանդի անոր մտքին: Իր կենսագիրը ներկայացնելով անոր առօրեան, կ’ըսէ, թէ ան յոգնիլ չէր գիտեր: Գիշեր ատեն ընդոստ կ’արթննար ու դարձեալ կը սկսէր աշխատանքի: Երբեմն նոյնիսկ հագուստով կը քնանար, որպէսզի գիշեր ատեն արթննալուն, պատրաստ ըլլար աշխատանքի…: Այս հանճարը ունէր նաեւ խորհրդանշան մը, որ զինք կը ներշնչէր իր աշխատանքին մէջ: Աշխատանքի պահուն, Միքէլանճելօ իր դիմաց կը դնէր սայլի մը մէջ նստած ծերունիի մը պատկերը, որուն հագած գոգնոցին վրայ գրուած էր «ես կ’ուսանիմ տակաւին»:
Դարձեալ համբաւաւոր մեծ երաժիշտներ՝ Մոցարթ, Պէթհովէն ու Սեպասթիէն Պախ, աշխատութեան մէ՛ջ տեսած են մարդուն արժէքը ու յաջողութիւնը: Մոցարթ կ’ըսէ. «Աշխատութիւնը իմ ամէնէն մեծ հաճոյքս է»: Պէթհովէնի նշանաբանը եղած է՝ «Ո՛վ մարդ, օգնէ՛ ինքզինքիդ»: Իսկ Պախ յստակօրէն կ’ըսէ. «Ես աշխատասէր եղայ. ով որ ինծի պէս աշխատասէր է, պէտք է ապահով ըլլայ, թէ կը յաջողի»:
Մեծ մարդոց յատուկ աշխատանքի այս եռանդը, անոնց մտքին մէջ արթնցուցած է վճարելի «պարտք»ի մը գիտակցութիւնը, զոր մարդ ունի այս կեանքին նկատմամբ: Այս պարտքի գիտակցութիւնն է որ ծնունդ տուած է անժամանցելի ու անգին մշակութային արժէքներու, զորս կը վայելէ մարդկութիւնը այսօր: Հանճարեղ կարողութիւնը յերկնուստ տրուած պարգեւ է մարդուն: Սակայն ի՞նչ կ’արժէ անիկա, երբ աշխատութիւնը իբրեւ շարժակ, կեանքի չկոչէ այդ շնորհքը: Ինչքա՜ն մարդիկ, ամէն օր, ժամանակը կը սպաննեն ծուլութեամբ: Ոմանք ժամանակը ինչպէ՞ս վատնելու համար մտածելու ալ ժամա-նակ կը տրամադրեն, որ շա՛տ աւելի մեծ մեղք է, քան՝ անգիտակից կերպով ժամանակ սպաննելը:
Ամէնքս ունինք աշխատելու այդ պարտքը, այս աշխարհի հողեղէն բնակիչները ըլլալով: Այսօր մարդիկ երանի՜ կու տան այն մարդուն, որ իր պարտատէրերուն հանդէպ ունեցած բոլոր պարտքերը՝ նիւթական ու բարոյական, փակած կը հեռանայ այս կեանքէն: Ոմանք իրենց նիւթական ու բարոյական պարտքերը իրենց զաւակներուն վրայ թողած, անպատասխանատու կերպով զանոնք պարտքերու տակ կը թաղեն, ու այդպէս հրաժեշտ կ’առնեն այս կեանքէն…: Ամէնէն անփոյթ ծնողքը այն է, որ նման կացութեան կը մատնէ իր զաւակները: Իսկ ինչքա՜ն հանգիստ պիտի ըլլայ այն մարդուն խիղճը, որ իր պարտամուրհակները պատռած, ու իր բոլոր պարտքերուն վրայէն գիծ քաշած, կ’անցնի անդենական կեանքը…:
Երանելի՜ է այն մարդը, որ կեանքին հանդէպ ունեցած իր պարտքը՝ իր ստեղծագործ արդար աշխատանքը վճարած, կը մտնէ պատմութեան խորքը…: