Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ «Գեղարդ» հիմնարկը անջատ հաղորդագրութիւններով անդրադարձան Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին հայկական պատմամշակութային արժէքներու աղաւաղման քայլերուն՝ դատապարտելի նկատելով զանոնք եւ միջազգային անդրադարձները անհրաժեշտ սեպելով։
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ 8 Ապրիլ 2025ին, Վարշաւա քաղաքին մէջ, Լեհաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան` մեր մշակութային յիշողութեան մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսը սովորութեան վերածուած դրսեւորումն է Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող կեղծ քարոզչութեան, որ կ՛արտայայտէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ վերջինիս տարածքային նկրտումները եւ հայ ժողովուրդի բազմադարեայ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան իւրացման ձգտումները։
«Խստագոյնս դատապարտելի են Ադրբեջանի կողմից պատմութիւնը վերաշարադրելու գործողութիւնները, Հայաստանի եւ Արցախի տարածքում գտնուող հայկական բնակավայրերը, սրբավայրերն ու պատմամշակութային արժէքները «ադրբեջանական» կամ «ալբանական» ներկայացնելու փորձերը: Նման մերժելի նախաձեռնութիւնները ոչ միայն չեն նպաստում տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատմանը, այլեւ չէզոքացնում են ժողովուրդների համերաշխութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան միջավայրի ձեւաւորման բոլոր քայլերը: Մշակոյթը պէտք է լինի կամուրջ ժողովուրդների միջեւ, ոչ թէ քաղաքական շահախնդրութեան գործիք: Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանն ու կազմակերպութիւններին, դիւանագիտական շրջանակներին եւ մշակութային կառոյցներին յստակ գնահատական տալ պատմութեան ու մշակոյթի նկատմամբ կատարուող այսպիսի կեղծարարութիւններին եւ խստօրէն դատապարտել Ադրբեջանի կողմից հայ ժողովրդի հանդէպ իրականացուող նմանօրինակ ոտնձգութիւնները», կ՛ըսուի Մայր Աթոռի յայտարարութեան մէջ:
«Գեղարդ» հիմնադրամը իր կարգին կը յայտնէ, որ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդին (ICOMOS) նախաձեռնութեամբ, 1982էն ի վեր, Ապրիլ 18ը կը նշուի՝ իբրեւ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օր: Այս տարի այդ օրը կը նշուի «Աղէտներու եւ հակամարտութիւններու պատճառով սպառնալիքի տակ յայտնուած ժառանգութիւն. Պատրաստուածութիւն եւ դասեր ICOMOS-ի 60ամեայ գործողութիւններէն» խորագիրով։
Այս ծիրին մէջ, հիմնարկը կարեւոր կը նկատէ միջազգային կառոյցներու ահազանգները, որոնք կրնան նպաստել հայկական մշակութային ժառանգութեան գոնէ որոշ մասը ոչնչացումէ փրկելու։
«Այս տարուայ խորագիրն ամբողջովին արտայայտում է Արցախում հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ճակատագիրը: Արցախը գրաւելուց եւ հայաթափելուց յետոյ Ադրբեջանը «պատերազմ է յայտարարել» հայկական մշակութային ժառանգութեանը` մի մասը հռչակելով աղուանական, միւս մասը` ամբողջովին ոչնչացնելով: Ադրբեջանի այս քաղաքականութիւնը ծրագրուած եւ համակարգուած բնոյթ ունի», կը յայտնէ «Գեղարդ» հիմնարկը` ընդգծելով, որ ICOMOS-ի մէջ հայկական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու ատրպէյճանական քաղաքականութենէն քաջատեղեակ են:
«Գեղարդ» հիմնարկի յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ տարիներ առաջ իր զեկոյցներուն մէջ ICOMOS-ը արձանագրած էր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ Նոյեմբեր 2020ին այդ եւ շարք մը այլ կառոյցներ յայտարարութիւն տարածած էին «Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան» կոչով:
«Ներկայում ICOMO-ի, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան հարցերով զբաղուող միջազգային միւս կառոյցների հետեւողական մշտադիտարկումն ու ահազանգերի հնչեցումը կարող են նպաստել հայկական ժառանգութեան գոնէ որոշ մասը ոչնչացումից փրկելուն։
«Գեղարդ» հիմնադրամը, կարեւորելով ICOMOSի գործունէութիւնը, կոչ է անում` հետեւողական լինել խնդրին, պնդել Արցախ դիտորդներ ուղարկելու անհրաժեշտութիւնը, համագործակցել այլ կառոյցների հետ` Արցախում մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը ոչնչացումից փրկելու համար», կը յայտնէ «Գեղարդ» հիմնարկը՝ աւելցնելով, որ հայկական յուշարձանները ոչնչացնելէ բացի` Ատրպէյճան, բոլոր կարելի եւ անկարելի ձեւերով, որոնց կարգին` օգտագործելով Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրը, Հայաստանի հասցէին անհիմն մեղադրանքներ կը հնչեցնէ։
Հիմնարկը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող մշակութային վանտալութիւնը եւ պատմութեան կեղծումը: