Երեւան ըլլալու կարիք չկայ զգալու համար այն ծանր մթնոլորտը, որու մէջ մեր երկրի երրորդ նախագահը տուաւ իր երդումը եւ ստանձնեց իր պաշտօնը։
Դէպի կեդրոն տանող ճամբաներու վրայ դրոպւած արգելքները, ապահովական խիստ միջոցառումները, քաղաքի երկրորդ հրապարակը դառնալու ընթացքի մէջ եղող Միասնիկեանի հրապարակի վրայ հաւաքուած մարդոց բազմութիւնը եւ ընդհանրապէս մայրաքաղաքի երկնքի վրայ թեւածող այն յուշը, որ հազիւ քառասուն օրուան վաղեմութիւն ունի, այս բոլորը կը ստուերեն օրուան հանդիսաւորութիւնը, անկէ խլելով ամէն փայլք։
Երեւանի մէջ վերջին տարիներուն, յատկապէս գարունէն մինչեւ ուշ աշուն, բազմաթիւ առիթներով տօնախմբութիւններ կատարուած են, մեծ մասը Ազատութեան հրապարակի վրայ, ուր պարող ու ցնծացող ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդութիւնը, ինքնամոռացութեան հասնող ուրախութիւն կ’ապրէր, ազատ, անկաշկանդ կը վայելէր իր հարազատ քաղաքի խաղաղ միջավայրը։
Երէկ չկար այդ ժողովուրդը։
Հայաստանի նախագահը զրկուեցաւ ժողովուրդի բազմութեան շունչով ուժեղանալու, անոր ջերմութեամբ զօրանալու հնարաւորութենէն։
Զրկուեցաւ նախ այն պատճառով, որ քառասուն օր առաջ նորանկախ մեր երկրի տարեգրութեան ամէնէն տխուր էջերէն մէկը արձանագրուած էր, որուն պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի նաեւ պետութեան առաջին դէմքը։
Զրկուեցաւ նաեւ այն պատճառով, որ նշանակալի զանգուած մը մեր ժողովուրդէն, արդարութեան բացակայութենէն ընդվզած, իր անցեալի յուսախաբութիւններուն վրայ աւելցուց ապագայի հանդէպ յոռետեսութեան նոր երանգներ, պետութիւնը եւ անոր գլուխ կանգնած մարդոց տեսնելով ոչ թէ իբրեւ առաջնորդներ, այլ իբրեւ օտարներ, նոյնիսկ թշնամիներ։
Նոր նախագահը պարտաւոր է ցրել երկրի երկնակամարը մթնցնող այսպիսի մթնոլորտով մթնցած ամպերը։
Նոր նախագահը պարտաւոր է լաւատեսութիւն ներշնչել իր ժողովուրդին մէջ, եթէ անշուշտ իրը կը նկատէ այս ժողովուրդը։
Մենք կ’ուզենք հաւատալ նոր նախագահի հանդիսաւորապէս արտայայտած խօսքերուն։ Մենք կ’ուզենք լաւատեսութեամբ լեցուիլ այսօր եւ գալիք օրերուն։
Մենք կ’ուզենք Ազատութեան հրապարակը նորէն տեսնել ազատ ու անկաշկանդ, խուռներամ ժողովուրդով։ Անշուշտ, ոչ միայն հրապարակը՝ այլեւ ամբողջ երկրի տարածքին մարդիկ ազատ պէտք է շնչեն, հանգիստ ապրին ու ստեղծագործեն։
Ուրիշ տարբերակ չկայ։