Հայաստանէն մինչեւ Քալիֆորնիա հայերս կը դիմագրաւենք բաւական ցաւոտ խնդիր մը, որու մասին յաճախ գրուած ու խօսուած է անցեալին։
Հարցը կը վերաբերի հայու կողմէ թրքական ապրանք՝ սնունդ թէ սպառողական այլ տեսակի արտադրութիւն գնելուն։
Ոչ մէկ յստակ ուսումնասիրութիւն չունիմ ձեռքիս տակ, որպէսզի յստակ թիւերով հասկնամ տարողութիւնը այն հարուածին, որ մենք մեր սեփական դրամով կը բերենք մեր վրայ։
Այսուհանդերձ, այստեղ ուրիշ տրամաբանութիւն մը կը գործէ։ Մէկ տոլարը կամ մէկ դրամն իսկ թշնամիին տալը, որ ինք այդքանով զօրանայ ու մեր դէմ պայքարի՝ անհասկնալի ու անհեթեթ կը գտնեմ։
Բոլորս ալ գիտենք այս իրողութիւնը, հաւանաբար բոլորս միասին անվիճելի ալ գտնենք թրքական ապրանքներուն դէմ պոյքոթ ընելու անհրաժեշտութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, անուշադրութեան պատճառաւ ձեռքերնիս կը տանինք ու անզգալաբար դարակներէն կը վերցնենք թրքական ծիրանը կամ անձեռոցը կամ որեւէ այլ ապրանքատեսակ եւ խանութի դրամարկղին վրայ կանգնած անձին կը փոխանցենք փոխարժէքը, որուն մէկ տոկոսը, տուրքի, աւելացուած արժէքի, մաքսային վճարումի եւ վերջապէս հարկային վճարումի ճամբով այդ դրամարկղէն ուղղակի պիտի հասնի թրքական պետական պիւտճէ։
Թուրքիոյ կառավարութիւնը այդ եկամուտէն յատկացումներ պիտի կատարէ՝
Ա.- Ատրպէյճանի բանակը զինելու եւ մարզելու նպատակին.
Բ.- Հայաստանի պետութիւնը տկարացնելու իր ռազմավարական ծրագիրներուն.
Գ.- Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր քաղաքականութիւնը յառաջ տանելու.
Դ.- Արեւմտեան Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզը թրքացնելու, հայկական ներկայութեան հետքերը սրբելու կամ ծածկելու գործին.
Ե.- Քիւրտ ժողովուրդի վրայ բռնացող իր կառոյցները հզօրացնելու.
Զ.- Բազմաթիւ այլ ծրագիրներու, որոնց վստահաբար մենք համաձայն չենք կրնար ըլլալ։
Կ’ուզէ՞ք ձեր մէկ դրամն իսկ երթայ այս ծրագիրներէն որեւէ մէկուն։ Եթէ ոչ՝ մի գնէք թրքական ապրանք։