Լարուած հասարակական մթնոլորտի մէջ սպառողական որեւէ ապրանքի սակագինի բարձրացումը վիճակի բարելաւման նպաստող գործօն չի կրնար ըլլալ։ Ընդհակառակը, մթնոլորտը մեղմացնելու կոչուած այլ ուղղութեամբ քայլերն իսկ կը չէզոքանան, ապարդիւն կը դառնան։
Հայաստանի նոր նախագահը եւ նոր վարչապետը այսպիսի խնդրի մը առջեւ կանգնած են կազի սակագիները ազատ թողնելու եւ հետեւաբար անոնց բարձրացման դէմ առնուած միջոցառումը վերցնելու որոշումով։
Արդիւնքը։ Մայիս մէկին կազի սակագիները պիտի բարձրանան եւ համապատասխան չափով պիտի բարձրանայ ժողովուրդի մէջ դժգոհութեան ալիքը՝ ընդդիմութեան համար ստեղծելով հոյակապ պատեհութիւն մը՝ հակաիշխանական իրենց յարձակումներուն նոր զինամթերք ապահովելով։
Հասկնալի է, որ նախագահը, կանխելու համար ժողովրդական ընդվզումը, վարչապետին յանձնարարած է գտնել ձեւը մեղմացնելու յատկապէս աղքատ խաւին դիմագրաւած տնտեսական ծանր հետեւանքները։
Կառավարութեան խոստումը, որ հանրապետութեան ամէնէն աղքատ խաւէն հարիւր երեսուն հազար ընտանիքներ յաւելեալ նպաստ պիտի ստանան, որպէսզի հատուցուին կազի սակագիներու բարձրացման պատճառով անոնց կրած վնասները, կրնայ չգոհացնել տուժողները, պարզապէս որովհետեւ անցեալի փորձառութեանց լոյսին տակ մարդիկ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը։
Հայաստանի ժողովուրդի համար իշխանութիւնը երբեք չէ անձնաւորուած սրտցաւ մարդոց կերպարով։ Անտարբեր եւ ինքնակեդրոն ղեկավարի պատկերացումը ամուր դրոշմած ըլլալով իր մտքին մէջ, հայ մարդը կառավարական նման խոստումները կը նկատէ ճարպիկ միջոց սեփական գրպանները լեցնելու։
Կազի նոր, բարձր սակագնի պատճառելիք ցաւը ամոքելու քայլը այս կառավարութեան առաջին փորձութիւնը պիտի ըլլայ։
Նկատի առնելով, որ ժողովուրդի մէկ մասը, միջին եւ վեր դասակարգերը, որոնք դժգոհ ըլլալով հանդերձ առնուած որոշումէն, իրենք պիտի վճարեն կազի շուկայական արժէքը, այդ իսկ ճամբով իրենք պիտի գոյացնեն նպաստի յատկացումները,
Նկատի առնելով, որ այս դասակարգերը նոր իրականութեան լոյսին տակ աւելի պահանջկոտ պիտի ըլլան իրենց շահերու պաշտպանութեան մէջ, այսինքն պիտի հսկեն ու հետապնդեն, որ իրենց քրտինքով շահած գումարները, որ կը մտնեն պետական պիւտճէ, երթան իրենց ճիշդ հասցէին եւ չփոշիանան,
Նկատի առնելով, որ քառակողմ համաձայնութեամբ կեանքի կոչուած կառավարութեան ծրագիրը արդար համակարգ ստեղծելու յանձնառութիւնը յայտարարած է,
Պիտի ակնկալենք, որ կազի սակագիներու բարձրացումը իր հետ չբերէ նոր խնդիրներ, նոր ցաւեր մեր ժողովուրդի որեւէ հատուածի համար։