«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը այս տարի՝ 2008ին, կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 80ամեակը։
Այս առիթով Սփիւռքի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ եւ նախաձեռնութիւններ, ինչպէս նաեւ գնահատումը պիտի կատարուի միութեան 80ամեայ գործունէութեան տարբեր մարզերուն:
Իր կարգին «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը արդէն կեանքի կոչած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ ծրագրած է արժանավայել կերպով նշել այս պատմական թուականը, կազմակերպելով տարբեր բնոյթի մշակութային ձեռնարկներ եւ հանդիսութիւններ։
Այս ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ մամուլի եւ պատմական գրքոյկի մը մէջ հրատարակումը զանազան յօդուածներու եւ նկարներու, որոնք կրնան ըլլալ «Համազգային»ի մասին յուշեր, վկայութիւններ եւ առհասարակ հայ մշակութային կեանքի հետ առնչուող մտածումներ, խոհեր եւ նոր առաջադրանքներ։
Միւս կողմէ պէտք է ըսել, որ հպարտալի երեւոյթ է, որ կարգ մը հայկական նուագախումբեր ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհի տարածքին դարձած են անուանի ու հռչակաւոր իրենց հրամցուցած երգերով եւ երաժշտական ստեղծագործութիւններով:
«Համազգային»ը իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն, միշտ մօտէն կը հետեւի այս բոլորին եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը փորձէ հայ երկսեռ երիտասարդներով կազմուած այս խումբերուն քաջալեր հանդիսանալ:
Նորութիւն չէ, որ հայ երկսեռ երիտասարդութիւնը ամէն տեղ եւ ամէն առիթներով մօտէն կը հետեւի անուանի կամ ոչ օտար եւ մասնաւորաբար հայ նուագախումբերու ելոյթներուն:
Տակաւին քանի մը ամիսներ առաջ, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Mosaic II ձեռնարկը, որուն ամերիկածին հայ երկսեռ երիտասարդներու հանճարով ճոխացած յայտագրին մասնակցած էին հայկական նուագախումբեր եւ մեներգողներ:
«Համազգային»ի հիմնադրութեան 80ամեակի ծրագիրներուն մաս կը կազմէ «Տըլէ եաման» նուագախումբի ելոյթը, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 16 Մայիս, 2008ին, Իկլ Ռաք քաղաքի CENTER FOR THE ARTS սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան:
Ֆրանսահայ «Տըլէ Եաման» նուագախումբը իր այս ելոյթով պիտի հրամցնէ հայ եւ օտար երգերու եւ երաժշտութեան բազմաշերտ ճաշակը:
Այս առթիւ հարցազրոյց մը ունեցանք Շրջանային վարչութեան այս ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու՝ Մանուշակ Մարգարեանի հետ, որմէ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ:
– «Տըլէ եաման» նուագախումբը բաղկացած է 4 զանազան ազգութիւններու պատկանող արուեստագէտներէ:
1.- Խումբի հիմնադիր անդամն է Պոլիս ծնած եւ 13 տարեկանին ծնողքին հետ Լոս Անճելըս գաղթած եւ ապա տարիներ ետք Փարիզ հաստատուած Արէթ Մատիլեան, որ գեղեցիկ գաղափարը յղացած է կազմելու այս անուանի նուագախումբը:
2.- Պէաթրիս Վալընթին՝ երգչուհի ֆրանսացի, որուն երգերը յաճախ որակուած են իբրեւ եկեղեցական կամ հոգեւոր երգեր եւ որոնք մեծապէս տպաւորած են հայ եւ օտար հանդիսատեսը կամ ունկնդիրը:
3.- Ժերարտ Մատիլեան – ամերիկահայ
4.- Միա Պիճօրլինկսըն – նորվեկիացի – թմբկահար
Խումբը 2000 թուականին հրատարակած է իր առաջին ալպոմը: Իսկ մինչեւ հիմա արդէն հրապարակած է 3 ալպոմներ:
Նուագախումբը իբրեւ աւանդական երաժշտական գործիք՝ ներառած է տուտուկը եւ ասոր կողքին ելեքթրոնիք գործիքներ:
Ձեռնարկի մուտքի տոմսի գիներն են՝ $35, իսկ ուսանողներուն համար $25:
Այս առթիւ տոմսերու եւ այլ մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել .-
«Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան, հեռաձայնելով՝
818-935-3555
եւ կամ
e-mail Hamazkayin80th@yahoo.com.
Ընկ. Յակոբ Օվայեանի Յիշատակին
Շուրջ 40 օրեր առաջ, մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ համազգայնական ընկեր Յակոբ Օվայեան, որուն ամբողջ կեանքը ուսուցչութիւնն ու միութենականութիւնը եղած էր:
Իբրեւ համեստ ազգային գործիչ, ան անխոնջ աշխատեցաւ, անձայն եւ անաղմուկ ծրագրեց՝ իրականութիւն դարձնելով իր սրտին ու հոգիէն բխող շատ մը նախաձեռնութիւններ:
Այս օրերուն զինք կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք իրեն տարիներով աշակերտած են եւ կամ իր հովանիին տակ եղած են պատանեկան միութեան անդամ, ուսուցիչ եւ կամ տարիներու վարչական գործակիցներ:
Անկասկած, անոնք բոլորն ալ իր մէջ տեսած են պարկեշտ հայ մշակն ու տնօրէնը, վեհանձն ու ջինջ հոգիով վարիչ ղեկավարը եւ պարկեշտ ու յանձնառու միութենականը:
Այս բոլորը իր կեանքի խորհրդանիշներն էին:
Ինքն էր, որ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ներս ստեղծեց իմացական հաւաքական մթնոլորտ ու իր մտքի ու հոգիի շտեմարանով մասնաճիւղն ու անոր կողքին գրական յանձնախումբ-միաւորը պահեց աշխոյժ եւ իր գործով, ծրագիրներով ու աշխատանքով յարգանք եւ ակնածանք պարտադրեց բոլորին:
Միութենական եւ վարչական կարողութիւններով զինուած ընկ. Յակոբ Օվայեան գործեց լուռ եւ տքնաջան, անսակարկ զոհաբերութեամբ եւ մեծ խոնարհութեամբ:
Իր ամբողջանուէր ծառայութեան ճամբով այսօր կը յիշենք ու միշտ պիտի յիշենք իր զոհաբերումը, որ հարստացուց «Համազգային»ը՝ արդարօրէն, ներշնչելով իր շուրջինները՝ համազգայնականները:
Թող իր յիշատակը մնայ յաւերժ:
ԼՈՒՐԵՐ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ
Ա.- Շրջանային վարչութիւն
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը «Համազգային»ի հիմնադրութեան 80ամեակին առթիւ ամբողջ տարուան մը վրայ երկարող հետեւեալ գործունէութիւնը կը նախատեսէ.-
1.- Ուրբաթ, 16 Մայիս, 2008 – «Տըլէ Եաման» խումբի ձեռնարկ
2.- Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր, 2008 – երտասարդական խրախճանք
3.- Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր, 2008 – միօրեայ մշակութային փառատօն
4.- Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր, 2008 – ճաշկերոյթտօնախմբութիւն
5.- Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբեր, 2008 – Արա Մալիքեանի նուագահանդէս
6.- Կիրակի, 23 Նոյեմբեր, 2008 – հրապարակային տօնակատարութիւն
Չերմապէս կը խնդրենք մօտէն հետեւիլ մամուլի մեր յայտարարութիւններուն:
Բ.- «Անի» պարախումբ
Արդէն իսկ կեանքի կոչուած է «Անի» պարախումբի միաւորի նոր վարիչ մարմինը, հետեւեալ դիւանի կազմով.-
Մարգար Մարտիրոսեան – ատենապետ
Միսաք Թէրզեան – փոխատենապետ
Շաքէ Աճէմեան – ատենադպրուհի
Կարինէ Աւանէս – գանձապահուհի
Րաֆֆի Գազանճեան հաշուապահ
Արամ Հեւոյեան եւ Թարա Սիմիթեան խորհրդականներ
Յիշենք, որ պարախումբի հիմնադիր պարուսոյցներն են Եղիա Հաշօլեան եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեան, իսկ հագուստներու ձեւաւորումին պատասխանատուն է Ճէյն Հաշօլեան:
Գ.- Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղ
Վարչութիւնը կը կազմակերպէ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆ:
Առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ Ուրբաթ, 23 Մայիս, 2008 երեկոյեան ժամը 7:30ին «Ֆերահեան» վարժարանի մէջ, 5300 White Oak Ave. Encino.
Թեկնածուները պէտք է ըլլան 16 տարու եւ աւելի: Փորձառութիւն ունենալը պայման չէ:
Անոնք, որոնք թատրոնով կամ թատերախումբով հետաքրքրուած են, հաճին հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.- Ժաք՝ (714) 290-2994, Մարալ՝ (818) 341-8056, Զվիկ՝ (818) 632-2180:
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան
նամակագրութեան յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin – Regional
P.O. Box 4732
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ »ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ«Ի ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET