Արտօնեալ ցոյցը տեղի ունեցաւ եւ աւարտեցաւ առանց տհաճ անակնկալներու, առանց ցնցումի։
Մարտ 1էն ետք ամէն արտասովոր իրադարձութիւն անհանգիստ կ’ընէ զիս։
Հաճելի անակնկալ էր, որ իշխանութիւնները արտօնեցին ընդդիմադիր հակումով կազմակերպութեան մը՝ «Կանայք յանուն խաղաղութեան» անունը կրող խումբին, որ հաւաք-ցոյց կատարէ Միասնիկեանի հրապարակին կողքը գտնուող մանկական այգիին մէջ։ Ինչո՞ւ այսպիսի փաստ մը հաճելի, կամ անակնկալ պէտք է ըլլար։ Ժողովրդավարական երկրի մը մէջ նման ցոյցեր ու հաւաքներ կազմակերպելը մարդկային տարրական իրաւունք կը նկատուի, եւ ցոյցի մը արտօնութիւն տալը ոչ հաճելի, ոչ ալ անակնկալ պիտի ըլլար որեւէ մէկուն համար։
Նոյնքան հաճելի էր տեղեկանալ, որ հաւաք-ցոյցը տեղի ունեցած է առանց միջադէպի։ Երգ, պար, երաժշտութիւն, բողոքի ելոյթներ, կալանեալներու ամուսիններու եւ ընդդիմադիր գործիչներու կողմէ, ոստիկաններու բացակայութիւն, կազմակերպողներու ընդառաջում օրինական պահանջներու՝ ցոյցը աւարտելու ճշդուած ժամուն, եւ վերջապէս հանգիստ աւարտ։
Նշանակութիւնը։
Իշխանութիւնները հաւանաբար ինքնավստահ են, որ կը տիրապետեն վիճակին եւ այլեւս վտանգաւոր չեն համարեր պարբերական ցոյցերն ու հաւաքները։
Ընդդիմադիր կողմը հաւանաբար փոխած է իր մարտավարութիւնը եւ առանձնապէս օրինական ճանապարհով իր խնդիրները լուծելու ընթացքը որդեգրած է։
Ընդդիմադիր կողմը բարոյալքուած ու քայքայուած է, նկատի առնելով, որ իր ղեկավարներէն շատեր կալանաւորուած են։
Երանի առաջին երկու հաւանականութիւնները ճիշդ դուրս գան։
Ճիշդ դուրս գան, որպէսզի այլեւս ոչ այսպիսի հաճելի, ոչ ալ տհաճ անակնկալներու առջեւ գտնուինք, որպէսզի արագ վերադառնանք խաղաղ ու բնականոն կեանքի ձեւին։ Վերադարձ՝ որ միայն ձեւով նոյնը պիտի ըլլայ, իսկ էութեամբ իր պիտի մէջ ունենայ նոր, աւելի լաւ, աւելի արդար կեանքի բոլոր նախադրեալները։
Անվտանգ վերադարձ մը, որ պիտի բացառէ որեւէ մարտմէկեան կրկնութիւն։