Վերջերս կարճ ժամանակով Այնճար այցելեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան Հայաստանի պատասխանատու Թովմաս Այնթապլեան. առիթէն օգտուելով՝ իրեն հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է ամփոփ ձեւով դուք ձեզ ներկայացնէք մեր ընթերցողներուն։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ծնած եմ 1964ին, Այնճար։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ ազգային «Յառաջ» եւ «Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանին մէջ, համալսարանական ուսումս՝ «Հայկազեան»ի եւ Պի. Եու. Սի.ի մէջ, 1989-2005 ժամանակամիջոցին աշխատած եմ Ֆրանսա՝ ծանուցումներու, համացանցի կայքէջերու պատրաստութեան եւ մալթիմետիայի ծրագիրներու մէջ։ 2006ի Փետրուարին Երեւանի մէջ մասնակցած եմ Հայաստանի եւ արտերկրի միութենական աշխատանքներու համագումարին։ Նոյն տարին ստանձնած եմ «Նարեկացի» արուեստի միութեան Երեւանի եւ Շուշիի գրասենեակներուն տնօրէնութիւնը։ Շուրջ երկու տարի է այս աշխատանքին մէջ եմ։ Հոգեպէս աւելի բաւարարուած եմ այս աշխատանքով եւ հաստատուած եմ Երեւան։ Ամուսնացած եմ։
Հ.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առած է «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը։
Պ.- Միութիւնը հիմնադրուած է 2002 թուականին, ամերիկաբնակ Նարեկ Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ (նախկին լիբանանահայ)։ Նարեկը եղած էր Պի. Եու. Սի.ի իմ դասընկերներէս, եւ մենք երկար տարիներու ծանօթութիւն ունէինք արդէն։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ինք կը զբաղի առեւտրական աշխատանքներով եւ կը հոգայ այս միութեան ամբողջ ծախսերը։
2004ին սկսած է գործել Երեւանի կեդրոնը Վարդանանց 16/1 հասցէով, որ հայ արուեստի օճախ մըն է իր համերգային դահլիճով, ցուցասրահով, ձայնային եւ տեսագրական սթիւտիոյով, համակարգչային կեդրոնով եւ այլազան սարքաւորումներով։
2006 թուականի Օգոստոսին բացուեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի կեդրոնը, որ եռայարկ շինութիւն մըն է՝ համալրուած համերգասրահով, ցուցասրահով, երաժշտական դասարաններով, գրադարանով, արուեստագէտներու համար նախատեսուած հիւրասենեակներով։ Ունի նաեւ բացօթեայ թատրոն։
Հ.- Ի՞նչ է առաքելութիւնը «Նարեկացի» արուեստի միութեան։
Պ.- Մեր առաքելութիւնն ու նպատակն է բոլոր միջոցներով սատար կանգնիլ հայ մշակոյթի ծաղկման։ Թիկունք կանգնիլ հայ արուեստագէտին եւ դառնալ հայ մշակոյթի ծաղկման մղիչ ուժերէն մէկը։
Նեցուկ կանգնիլ արդէն իսկ կայացած կամ իրենց առաջին քայլերը նետող տաղանդներուն, ստեղծել միջավայր, դառնալ խթան թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքահայ արուեստագէտներու ստեղծագործական ճիգի վերելքին։ Տարածել հայ մշակոյթը այլ շրջաններուն մէջ, ուր ապրող հայութիւնը զրկուած է հայ մշակոյթին հետ հաղորդակցելու հնարաւորութենէն։ Այս բոլորը անշուշտ՝ ծառայելով արուեստի ոգիին…
Արժէ յիշել նաեւ միութեան յատուկ ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը հաշմանդամներու հանդէպ։ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը աշխատանք կը տանի ստեղծելու համար պայմաններ թէ՛ ստեղծագործելու եւ թէ՛ ասպարէզ դուրս գալու հայ հաշմանդամներուն՝ հաշմանդամները հասարակութեան մէջ լիարժէքօրէն ընդգրկելու համար։
Հ.- Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը գործէ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը։
Պ.- «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը իր գործունէութիւնը կը տարածէ աշխարհի տարածքին՝ որպէս կեդրոն ունենալով Երեւանի եւ Շուշիի իր օճախները։ Հայրենիքէն ճառագայթելով՝ մեր գործունէութիւնը կը ծաւալի նաեւ Սփիւռքի տարածքին, բնականաբար հոն, ուր հայկական գաղութներ գոյութիւն ունին։
Երեւանի մեր կեդրոնին մէջ իւրաքանչիւր ամիս կ՚իրականացնենք երեսունէ աւելի տարբեր բնոյթի միջոցառումներ. համերգներ, մենակատարումներ, գրական-երաժշտական հանդիպումներ, շնորհահանդէսներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, նկարչական եւ կիրառական արուեստի ցուցահանդէսներ…
2005-2007 թուականներուն այս միջոցառումներու թիւը հասած է 700ի։
2006 թուականին մեր գործունէութիւնը սկսաւ նաեւ Շուշիի մէջ։ Մեր կեդրոնին մէջ սկսան հայոց լեզուի, անգլերէնի, նկարչութեան, մանրանկարչութեան, քանդակագործութեան, կաւագործութեան, ասեղնագործութեան, ժողովրդային բանահիւսութեան, ասմունքի, գրական ստեղծագործութեան դասընթացքներ, որոնց կը հետեւին աւելի քան 130 սաներ։
Յոյսով ենք, որ կը սատարենք Շուշիին վերադարձնելու երբեմնի իր մշակութային եռուն օղակ հանդիսացող դիրքին։
Հ.- Ինչպէ՞ս կ՚ապահովուի այս ծաւալուն գործունէութեան պիւտճէն։
Պ.- Ընդհանուր գաղափար մը տալու համար կրնամ ըսել, որ այս աշխատանքները բաւականին մեծածախս են։ Երեւանի եւ Շուշիի մեր կեդրոններու աշխատանքներուն համար տարեկան անհրաժեշտ է 100 հազար ամերիկեան տոլար, գրեթէ նոյնքան գումար ալ կ՚օգտագործուի մեր հրատարակչական ծրագիրներուն համար։ Միութեան պիւտճէն կը հոգայ հիմնադիր բարերար Նարեկ Յարութիւնեանը։
Դժբախտաբար պետական ոչ մէկ նպաստ կը ստանանք։ Կարգ մը փոքր ծրագիրներու համար կը պատահի, որ անհատ օժանդակողներ մասնակից դառնան աշխատանքներու իրագործման նիւթական իրենց օժանդակութիւններով, ինչպէս, օրինակ, Պէյրութէն Ալֆրէտ Թերզիպաշեանը, որ հոգաց թառի եւ քամանչայի երեք տարուան դասընթացքներուն ամբողջական ծախսերը։
Հ.- Կարելի՞ է ամփոփ կերպով ներկայացնել ցարդ կատարուած իրագործումները։
Պ.- 2005 թուականի Մարտին սկսած է թառի եւ քամանչայի դասընթացքը՝ երաժիշտ Արա Գէորգեանի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս յիշեցինք՝ Ալֆրէտ Թերզիպաշեանի (Լիբանան) նիւթական աջակցութեամբ։ Անվճար ուսում կը ստանան 20 երեխաներ, որոնք կը ստանան նաեւ կրթաթոշակ։
– Հայոց ցեղասպանութեան ամէնամեայ ոգեկոչում, արուեստի ոգիով վերտառութեամբ, որ կը համախմբէ հայրենի եւ Սփիւռքի արուեստագէտները։
– Հրատարակութիւններ. վերջին տարիներուն մեր միութեան կողմէ հրատարակուած են շարք մը արժէքաւոր գիտական աշխատութիւններ, ալպոմներ, գրական գործեր։ Հրատարակուած են Հրայր Խաչերեանի «Բազէի թռիչքը», «Ուխտագնացութիւն Արեւմտեան Հայաստան» (Հրայր Խաչերեան, Մեսրոպ արք. Աշճեան) լուսանկարներու ալպոմները, Արտօ Չաքմաքճեանի «Պատկերներ եւ քանդակներ» (2003) եւ «Դիմանկարներ» (2006) ալպոմները, Աշոտ Պետրոսեանի նարեկագիտութեան աշխատութիւնները, Յակոբ Ասատուրեանի «Կոմիտաս վարդապետի հետ» հատորը, Գագիկ Գինոսեանի «Ողջոյն, տղերք» արձակ բանաստեղծութիւններու եւ հրապարակախօսական յօդուածներու գիրքը, Սեդա Գրիգորեանի «Եզերք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ Հրատարակութեան տակ են Համլէթ Պետրոսեանի «Խաչքարեր» գիտական աշխատանքը եւ այլ կարեւոր գործեր։
– Ձայներիզներու հրապարակում։ Հրապարակուած են Կոմիտասի «Դաշնամուրային ստեղծագործութիւններ» խտասալիկը (Լուսինէ Գրիգորեանի կատարմամբ), Գրիգոր Նարեկացիի «10րդ դարի հոգեւոր երգեր» խտասալիկը (Աննա Մայիլեանի կատարմամբ), Արտօ Թունչպոյաճեանի Աւանգարդ Ֆոլկ երաժշտութեան ձայներիզները։
Շուտով կը հրապարակուի Կոմիտասի պատարագը (Սարինա Աւանդիլեանի ղեկավարած «Սպեղանի» երգչախումբի կատարմամբ) եւ երիտասարդ տաղանդաւոր երաժիշտ եւ դաշնակահար Արթիւր Աւանէսովի ստեղծագործութիւններով։
– Կը գործէ Նարեկացի սենեկային երաժշտութեան ընկերութիւնը (հիմնուած թաւջութակահար Արամ Թալալեանի եւ դաշնակահար Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ)։ Ընկերութիւնը կը նախաձեռնէ եւ կը կազմակերպէ բարձրաճաշակ համերգներ, կը ներկայացնէ դասական եւ ժամանակակից քիչ յայտնի կամ սակաւ կատարուող սենեկային ստեղծագործութիւններ։
– Երաժշտութեան կալուածին մէջ՝ բազմաճիւղ աշխատանքներ։ «Հայկական նոր երաժշտութեան» նախաձեռնութիւնը (ստեղծուած՝ ամերիկահայ երաժիշտ, դաշնակահար եւ խմբավար Ճոն Հոդեանի եւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանի կողմէ) կը միտի նպաստել Հայաստանի երիտասարդ երաժիշտներուն։ Կը կազմակերպուի «Երիտասարդ յօրինողներու մրցանակաբաշխութիւն». յաղթող ճանչցուած ստեղծագործութիւններ կը ձայնագրուին եւ կը հրապարակուին ձայնասկաւառակի տեսքով եւ կ՚ուղարկուին արեւմտեան բազմաթիւ կեդրոններու։ Երեւանի կեդրոնին մէջ կայ ձայնագրութեան սթիւտիօ՝ լաւագոյն սարքերով, նման աշխատանքներու համար։
Այս ծիրին մէջ «Նարեկացի»ն կը ներկայացնէ համերգաշարը, կը նախընտրէ ամիսը չորս անգամ կեդրոնի դահլիճին մէջ կազմակերպել համերգներ Հայաստանի լաւագոյն երաժիշտներու մասնակցութեամբ։
– «Նարեկացի» ֆիլմ կեդրոնը կը կազմակերպէ ժապաւէններու ցուցադրութիւններ։ Կայ նաեւ ֆիլմ սթիւտիոն անհրաժեշտ սարքաւորումներով՝ համակարգիչներ, թուային տեսախցիկ, մոնթաժի սարքաւորումներ…
Զանց կ՚առնեմ հոս յիշատակութիւնը բազմաթիւ համերգներու եւ արուեստի այլ ձեռնարկներու, որոնք կատարուած են վերջին երկու տարիներուն։
– Միութիւնը կը հովանաւորէ 5-6 խումբեր։ Մանկապատանեկան «Տնակ» թատերաերաժշտական խումբը, «Սպեղանի» իգական երգչախումբը, «Նարեկացի» քամերային նուագախումբը… եւ այլն։
Հ.- Ապագայի ի՞նչ հեռանկարներ ունի միութիւնը։
Պ.- Անմիջական կերպով պիտի հրատարակուին 12 ձայնագրութիւններ խտասալիկներու վրայ, իւրայատուկ փաթեթաւորումով։ (Ըսեմ, որ մեր հրատարակութիւններէն օրինակներ կը տրամադրենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան. անոնք նուէր կը տրուին այցելութիւններու ընթացքին)։
Շուտով բոլորին սեփականութիւնը կը դառնայ երգիչ Ռուբիկ Հախվերդեանի 0-100 տարեկան DVD-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը եւ Էջմիածնի քաղաքապետութիւնը։
Ծրագիր ունինք æաւախքի մէջ կեդրոն բանալու։ Ինչպէս նաեւ մեր հովանաւորութեան խումբերով համերգներու կազմակերպումը Հայաստանի մարզերուն մէջ, ուր շատ հազուագիւտ են մշակութային ձեռնարկները։
Հ.- Կա՞ն հիմնական դժուարութիւններ։
Պ.- Բնականաբար այսպիսի ծաւալուն աշխատանքի մը համար մեծ նիւթական գումարներու կարիք կայ։ Միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանի օժանդակութիւններով է, որ ոտքի կը մնայ միութիւնը։ Հովանաւորներու պակաս կայ, որոնք եթէ կարելի ըլլայ ապահովել՝ կրնանք նաեւ այլ ծրագիրներ որդեգրել։ Յիշեցնենք նաեւ, որ պետական նպաստ չենք ստանար, հակառակ անոր որ մեր աշխատանքը ամբողջութեամբ ծառայել է հայ մշակոյթին։
Հ.- Որպէս վերջին ըսելիք, ի՞նչ կ՚ուզէք յայտնել մեր ընթերցողներուն։
Պ.- Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Ազդակ»ի տնօրէնութեան, որ նախապէս ալ անդրադարձած է մեր աշխատանքներուն։ Շնորհակալութիւն՝ այս առիթին համար։
Առիթէն օգտուելով՝ կ՚ուզեմ շնորհաւորել «Ազդակ»ի ընտանիքը՝ թերթին բեղուն գործունէութեան համար, մաղթելով նորանոր նուաճումներ։
Փափաքս է, որ Նարեկ Յարութիւնեանի օրինակը եզակի չմնայ, այլ ըլլայ խայծ մը՝ բոլոր ազնիւ եւ ազգասէր հայորդիներուն համար, հայոց մշակոյթի ծառայելու համար գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելու։
Խաղաղութիւն Լիբանանին եւ ամրութիւն՝ լիբանանահայ գաղութին, որուն հետ եմ միշտ սրտով ու մտքով։
Մեր հասցէն համացանցի վրայ՝ www.naregatsi.org
e-mail. nareg@naregatsi.org