Հիուսթըն համալսարանի մէջ պատմութեան օգնական դասախօս փրոֆ. Տանըլտ Քուաթարթ եւ իր 68 թրքամէտ գործընկերները 1985ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը հարցականի տակ առնող եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսէն մարդկութեան դէմ այս ոճիրը նշող որոշում մը չորդեգրելու կոչ ուղղող միացեալ յայտարարութիւն մը ստորագրեցին։ Թուրք-ամերիկացիներու ընկերակցութեան կողմէ վճարուած մերժողական յայտարարութիւնը կէս էջի ծաւալով լոյս տեսաւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի եւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի 19 Մայիս 1985ի թիւերուն մէջ։
Ի դէպ, փրոֆ. Քուաթարթ եւ շարք մը մասնագէտներ Թրքական ուսումնասիրութեանց հիմնարկէն (ԹՈՀ) եւ այլ թրքական աղբիւրներէ ֆինանսաւորում ստացած էին։ ԹՈՀ 1982ին թրքական կառավարութեան կողմէ Ուաշինկթընի մէջ հիմնուած էր 3 միլիոն տոլարի նուիրատուութեամբ։
24 Հոկտեմբեր 1985ին, երբ սիւնակիս մէջ նշեցի, թէ այդ թրքական գովազդին տակ ստորագրողներէն շատեր ԹՈՀէն դրամ ստացած էին, Հիթ Լաուրի, որ օրին ԹՈՀի գործադիր տնօրէնն էր, սպառնաց ինծի դէմ դատական հարց յարուցել, եթէ յօդուածս յետս չկոչէի եւ իր երկարաշունչ գանգատը լոյս չընծայէի։ Մերժեցի իր պահանջը, իսկ փաստաբանս սպառնաց ԹՈՀի դէմ դատական հարց յարուցել, ինչ որ Լաուրին մղեց իր յարուցած դատական հարցէն հրաժարելու։ Ինծի ըսուած էր, որ Լաուրի ուղղակի կերպով առնչուած էր 1985ի մերժողական յայտարարութեան բանաձեւման եւ 69 մասնագէտներու ստորագրահաւաքին։ Այդ 69 մասնագէտներէն տասներկուքը, ներառեալ՝ Լաուրի եւ մէկ այլ տխրահռչակ մերժողական՝ Ճասթըն Մաքարթի, ներկայիս կը ծառայեն ԹՈՀի վարչութեան մէջ։
Անցեալ շաբաթ 2001էն մինչեւ 2006ի վերջաւորութիւնը ԹՈՀի վարչական խորհուրդին մէջ ծառայած փրոֆ. Քուաթարթի վերաբերեալ անսպասելի բացայայտում մը կատարուեցաւ։ Միջինարեւելեան ուսումնասիրութեանց ընկերակցութեան (ՄԱՈԸ) նախագահ Մերվաթ Հաթեմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նամակ մը ուղարկեց՝ իր զայրոյթը արտայայտելով փրոֆ. Քուաթարթի ԹՈՀի ատենապետի պաշտօնէն վտարման վերաբերեալ։
ՄԱՈԸի նամակը բացայայտեց, թէ փրոֆ. Քուաթարթ ստիպուած է հրաժարիլ «մերժելէ ետք» Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «մասնագիտական գիրքի մը վերաբերեալ իր գրաքննութիւնը յետս կոչելու ԹՈՀի պատուոյ ատենապետ, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նեպի Սենսոյի պահանջը»։
Նամակը կը նշէր, որ՝ «Անգարայի մէջ անանուն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ սպառնացած են յետս կոչել ԹՈՀի ֆինանսաւորումը, եթէ (Քուաթարթ) հրապարակաւ յետս չկոչէ իր գրախօսականին մէջ կատարած յայտարարութիւնները կամ չհրաժարի ԹՈՀի ատենապետութենէն»։
Փրոֆ. Հաթեմ իր խոր մտահոգութիւնն արտայայտեց, որ՝ «իբրեւ ակադեմական խիստ արժեչափերու համապատասխանող մասնագիտական ծրագիրներ ֆինանսաւորող ոչ քաղաքական հիմնարկ՝ ԹՈՀի վարկն ու պարկեշտութիւնը մրոտուած է, երբ ակադեմական ազատութեան սկզբունքին բացայայտ անտեսումով կառավարական միջամտութիւն մը գոյութիւն ունի»։ Ան վարչապետ Էրտողանին յիշեցուց, որ փրոֆ. Քուաթարթի վտարումը «սուր կերպով կը հակադրուի 1915ի դէպքերուն վերաբերեալ բանավէճը անկախ ուսումնասիրութեան եւ մասնագէտներու դատողութեան ձգելու ձեր կառավարութեան կոչին»։
Փրոֆ. Հաթեմ իր նամակը փակեց թրքական իշխանութիւններէն պահանջելով փրոֆ. Քուաթարթը վերադարձնել ատենապետի իր պաշտօնին եւ ԹՈՀի դրամները զետեղել «քաղաքական միջամտութիւններէ եւ ակադեմական ազատութեանց մէջ միջամտութիւններէ զերծ անփոփոխելի ֆոնտի մը մէջ»։ ՄԱՈԸի նամակէն օրինակներ ուղարկուեցան դեսպան Սենսոյի, ԹՈՀի վարչութեան եւ թրքական հիմնարկին գտնուած Ճորճթաուն համալսարանի նախագահին։
Փրոֆ. Քուաթարթի դժուարութիւնները սկսան, երբ 2006ի աշնան Միջկրթական պատմութեան պարբերաթերթը հրապարակեց Տանըլտ Պլոքսհամի «Ցեղասպանութեան մեծ խաղը կայսերապաշտութիւն, ազգայնականութիւն եւ օսմանեան հայերու բնաջնջումը» գիրքին իր գրախօսականը։ Փրոֆ. Քուաթարթ այդ գրախօսականին մէջ քաջաբար քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութեան թուրք մասնագէտներու աշխատանքը՝ նշելով, որ՝ «անոնք քննական պատմութիւն չէին գրեր, այլ՝ բանավէճեր…։ Անոնց գործերէն շատերը ուղղակի կերպով հովանաւորուած եւ տպուած էին թրքական կառավարութեան կողմէ…»։
Փրոֆ. Քուաթարթ նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թուրք մասնագէտներու «լռութեան պատը փուլ կու գայ»։ Հակառակ նախապէս ցեղասպանութիւն բառին հանդէպ իր առարկութեան՝ ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ որոշած է այդ եզրը առաջին անգամ ըլլալով օգտագործել իր գրախօսականին մէջ։ Հաստատելով հանդերձ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան իր ակնարկելը «կրնայ զայրոյթ պատճառել իմ օսմանական շրջանի մասնագէտ գործընկերներուս», ան ըսաւ, թէ այդ մէկը չկատարել «օսմանեան պետութեան եւ անոր զինուորականութեան ու բնակչութեան մէկ մասին հայերուն դէմ գործած հսկայական եւ կանոնաւոր վայրագութիւնները հերքելու տպաւորութիւնը ձգելու վտանգը կրնայ դիմագրաւել»։
Աւելի՛ն. փրոֆ. Քուաթարթ նշեց, որ՝ «իրապէս… հաւաքուող փաստերը ցոյց կու տան, որ սպանութիւնները ծրագրուած էին օսմանեան կառավարութեան պաշտօնատարներուն կողմէ եւ կանոնաւոր կերպով գործադրուեցան անոնց ստորադասներուն կողմէ»։ Ան գրախօսութիւնը փակեց՝ ճանչնալով, որ՝ «այն, ինչ որ հայերուն պատահեցաւ, իսկոյն կը համապատասխանէ ցեղասպանութեան ՄԱԿի սահմանումին»։
ԹՈՀի օգնական անդամ փրոֆ. Ֆաթմա Միւկէ Կէօչեք անցեալ շաբաթ «Արմինիըն Ռիփորթըր»ին յայտնեց, որ փրոֆ. Քուաթարթի պաշտօնազրկումէն ետք ԹՈՀի վարչութեան երկու անդամներ հրաժարած են եւ իր կողքին երկու ուրիշներ կը մտածեն այդ քայլին դիմել։
Լաւատեղեակ աղբիւր մը տողերուս հեղինակին իմացուց, որ ԹՈՀի վարչութենէն հրաժարած անդամներն են՝ Ուաշինկթըն-Սիաթըլ համալսարանի միջազգային ուսումնասիրութեանց ծրագիրի ղեկավար փրոֆ. Ռեսաթ Քասապա եւ Ֆերֆիլտ համալսարանի քաղաքական գիտութեանց օգնական դասախօս Մարսի Փաթըն։
Միչիկըն Ան Արպըր համալսարանի ընկերաբանութեան օգնական դասախօս փրոֆ. Կէօչեք անցեալ շաբաթ նամակ մը ուղարկեց ԹՈՀի՝ իր զարմանքը յայտնելով, թէ կը շարունակէ անոր վարչութեան մէջ ըլլալ։ Ան ըսաւ, թէ ԹՈՀէն ոչ ոք աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր իրեն հետ կապ հաստատած է։ Ան փրոֆ. Քուաթարթի պաշտօնազրկումը նկարագրեց իբրեւ «անոր ակադեմական ազատութեան դէմ ոտնձգութիւն», իսկ ԹՈՀի թրքական կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորումը՝ «պայմանաւորեալ» եւ «անբարոյական»։
Փրոֆ. Քուաթարթի մերժողականէ Հայոց Ցեղասպանութեան հաւատացողի փոխակերպումը հիմնուած է վերջին տարիներու ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ թէ անկէ դուրս հետզհետէ աւելցող մասնագիտական աշխատանքներու։ Անոր «Օսմանեան կայսրութիւնը, 1700-1922» գիրքին 2000ի եւ 2005ի տպագրութեանց բաղդատական մը ցոյց կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոր կեցուածքին աստիճանական բարեփոխութիւնը։ Իր գիրքի առաջին տպագրութեան մէջ օգտագործած զգուշաւոր լեզուէն սուր շեղումով մը փրոֆ. Քուաթարթ իր գիրքի 2005ի տպագրութեան մէջ ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ սպանութեանց կազմակերպուած բնոյթին. «Սպանութեանց կերպերը սարսուռ պատճառող կերպով մը նոյնանման են տարբեր շրջաններու մէջ, ինչ որ ուժեղ կերպով կը յուշէ համակարգուած ծրագիրի մը գոյութիւնը»։ Ան նաեւ կը նշէ. «Ներկայացուած փաստերուն հիմամբ, հաւատալի կը թուի, թէ օսմանեան պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յատուկ կազմակերպութիւններ օգտագործելով՝ ղեկավարեցին ներդաշնակ, կեդրոնէ մը ղեկավարուած ծրագիր մը, որ սպաննեց օսմանցի հայերու հսկայական թիւ մը»։ Վերջապէս, փրոֆ. Քուաթարթ 2006ի
իր գրախօսականին մէջ կ՚եզրակացնէ, թէ այն, ինչ որ հայերուն պատահեցաւ 1915ին, իրապէս ցեղասպանութիւն մըն էր։
Թրքական կառավարութիւնը ներկայիս իր ձեռքերուն մէջ այլ գայթակղութիւն մը ունի՝ շնորհիւ անզգոյշ վարուելակերպին Ուաշինկթընի մէջ իր դեսպանին, որ յստակ կերպով բռնաբարեց ակադեմական ազատութիւնը ականաւոր ամերիկացի մասնագէտի մը։ Դեսպանին քայլերը պէտք է նեղի մատնեն թրքական կառավարութիւնը ոչ միայն ընդհանուր հասարակութեան առջեւ, այլ նաեւ՝ աշխարհի տարածքին ակադեմական համայնքին։ Այս գայթակղութիւնը կրնայ նաեւ պատճառ դառնալ, որ Ներքին շահերու ծառայութիւնը (Այ.Ար.Էս.) ստուգէ, թէ ԹՈՀը օտար կառավարութեան մը ոչ
շահաւետ ամերիկեան կազմակերպութեան մը անյարմար վերահսկողութեան լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներու օրէնքներու հաւանական խախտումներ գոյութիւն ունի՞ն, թէ՞ ոչ։ Ճորճթաուն համալսարանի պաշտօնատարները նաեւ կրնան վերատեսութեան ենթարկել ԹՈՀի հետ իրենց գործակցութիւնը, նկատի ունենալով այս վերջինին ակադեմական ազատութեան բիրտ բռնաբարումը։
Թրքական կառավարութիւնը անգամ մը եւս բռնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան քննարկումը արգիլող իր օրէնքը իր սահմաններէն անդին դէպի Ուաշինկթըն արտածելու փորձին ընթացքին։
Իրապէս, ինչպէս ՄԱՈԸի նախագահը իր նամակին մէջ նշեց, փրոֆ. Քուաթարթի պաշտօնազրկումը կը բացայայտէ թրքական կառավարութեան անկեղծութեան պակասը, երբ կ՚ըսէ, թէ փոխան քաղաքագէտներուն՝ մասնագէտներ պէտք է զբաղին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»