ՀԿ Խաչի Յունաստանի 73րդ Պատգամաւորական ժողովին մասնակցելու համար Աթէնք եւ Թեսաղոնիկէ այցելեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Յասմիկ Տէրտէրեանը: Կարճատեւ իր կեցութեան ընթացքին ընկերուհին յաջողեցաւ ժամանակ տրամադրել մեր գաղութի ազգային կառոյցներուն ծանօթացումին՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ընկհ. Լիզա Աւագեանի եւ Յունաստանի ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն հետ յատկապէս այցելելով Աթէնքի մէջ նախակրթարան եւ միջնակարգ վարժարանները, ՀԿ Խաչի եւ «Ազատ Օր»ի գրասենեակները, ինչպէս նաեւ միօրեայ այցելութեամբ Թեսաղոնիկէ գտնուիլ, մօտէն հետաքրքրուելով ՀԳթ. Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան աշխատանքներով: Ընկերուհի Յ. Տէրտէրեան մեծ գոհունակութիւն յայտնեց ՀԿ Խաչի եւ ՀԳթ. Խաչի գործունէութեան կապակցութեամբ, հաստատելով, թէ մեր գաղութի փոքր թիւին համեմատ, նկատառելիօրէն լայն ու ծաւալուն է ՀՕՄի ուղղութեամբ տարուող գործունէութիւնը:
«Յունաստանի տարածքին գործող ՀՕՄի երկու կառոյցներու գործունէութիւնը կը համապատասխանէ ՀՕՄի գործելու ոճին ու եղանակին, մանաւանդ որ հսկայ ծաւալներու կարողացած են հասցնել ձեր երկու Շրջ. վարչութիւնները իրենց 5ական մասնաճիւղերով ստանձնած տարբեր տեսակի աշխատանքները: Անոնք նաեւ միշտ ներգործօն եղած են մեր համահայկական ծրագիրներուն»:
Ընկհ. Տէրտէրեանի «Ազատ Օր» այցելութեան առիթով՝ զրոյց մը ունեցած է իր հետ, որուն հիմնական կէտերը կը հրատարակենք ստորեւ.
Զգայուն ժպիտով, սուր նայուածքով եւ արագ շարժումներով անձ մըն է ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Յասմիկ Տէրտէրեանը: Ինչպէս որ կը պատահի ընդհանրապէս, առաջին ծանօթութեան մը պարագային, ընկհ. Տէրտէրեանին առաջին անգամ հանդիպողը եւս, վստահաբար, իր տպաւորութիւնը կը հիմնէ անոր արտաքին երեւոյթներուն վրայ: Անմիջապէս, սակայն, չես կրնար չանդրադառնալ ու չմտածել, թէ մանրակազմ այս ընկերուհին՝ հսկայ տիտան ՀՕՄի աշխարհատարած միութեան ատենապետուհիի պաշտօնը ստանձնած եւ տարեկան 5 միլիոն տոլարի հասնող գումարներ մատակարարելու ծանր պարտաւորութեամբ բեռնաւորուած ըլլալով, հսկայական ուժի, համադրող մտքի եւ նրբազգաց մօտեցումներու տէր անձ մըն է:
ՀԱՐՑՈՒՄ.– Առիթը ունեցանք լսելու բոլոր այն ծրագիրներուն մասին, որոնք տարիներու ընթացքին նախաձեռնուած ու իրագործուած են ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, ՀՕՄի բոլոր միաւորներու ներգործօն մասնակցութեամբ: Կ’ուզէ՞ք անդրադառնալ ընթացքի մէջ գտնուող ծրագիրներուն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո՛. նախ ըսեմ, թէ որպէս մնայուն ծրագիրներ ունինք կրթական, խնամատարական, ամառնային արձակուրդի, առողջապահական ծրագիրներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ենթաբաժիններ կը նախատեսէ: Առաջին հերթին խօսելով կրթական մեր ծրագիրներուն մասին՝ ըսեմ, որ ՀՕՄի «Սամուէլ եւ Աղաւնի Երեմեան» կրթաթոշակի ծրագիրը կայ, որ սկսած է 1983ին եւ նպատակն է օգնել երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստութեան, որպէսզի անոնք՝ յաւարտ ուսման, իրենց մասնագիտութիւնը կարենան ի սպաս դնել մեր գաղութներու կարիքներուն։ Անցնող եռամեակին 42 ուսանողներու տրամադրուած է այս կրթաթոշակը: Նոյնպէս, կրթական յատկացումներու ծիրին մէջ, «Երեմեան» ֆոնտէն գումար տրամադրուած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագրին, գնահատելու եւ խրախուսելու համար երիտասարդութեան ջանասիրութիւնը:
Հ.– Անդրադառնանք Արցախի մէջ գործող «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագրին: ՀՕՄի տարբեր տեսակի ծրագրերու շարքին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Արցախի մէջ մանկապարտէզներ հովանաւորելու ՀՕՄի յանձնառութիւնը, նկատի առած, որ այդպիսով երկրէն ներս կրթական նոր հիմքեր կը դրուին՝ պետական կառոյցներու եւ միութիւններու աշխատանքներուն համադրութեամբ: Մանկապարտէզներ հիմնելու ծրագիր կա՞յ ուրիշ տեղ:
Պ.– Արցախի մէջ գործող «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագրին մասին նշեմ, որ փաստօրէն պետական մակարդակի չափերով ծրագիր մըն է. պետութիւնը 12 մանկապարտէզ կը պահէ երկրի տարածքին, իսկ ՀՕՄը նոյնչափ՝ 12 մանկապարտէզ կը պահէ իր կարգին: Չեմ ուզեր ժլատ գտնուիլ այս ծրագրի գնահատականիս մէջ, որովհետեւ իսկապէս անիկա կարեւոր դեր ունի Արցախի մեր մատղաշ սերունդի կազմաւորման մէջ: Չեմ չափազանցեր՝ նկատել տալով, թէ յատկապէս այս ծրագիրը կը յուզէ մեզ բոլորս եւ օրինակ մը տամ՝ ըսելով, որ տարեսկիզբին մեր շնորհաւորական բացիկներու որպէս նկար ուրիշ ոչինչ ընտրեցինք, այլ Արցախի «Տատիկ-պապիկ» յուշարձանի ստորոտին նստած մեր մանկապարտէզներու փոքրիկներու նկարը, որ ինքնին յոյսի, վերազարթօնքի, ապագայի խորհրդանիշն է: Նոյն այս նկարը մեծադիր պաստառի վրայ զետեղուած է Ստեփանակերտի մուտքին ու բոլոր եկող-գացողներու վրայ հսկայական տպաւորութիւն կը գործէ: Այս ծրագիրը կը մնայ ընկերային եւ կրթական լուրջ ծրագիր մը, որուն շնորհիւ Արցախի 12 քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ կը գործեն մանկապարտէզներ, որոնք թէ՛ կրթական օճախ մը կ՚ապահովեն արցախահայ մատղաշ սերունդին համար եւ թէ աշխատանք կը հայթայթեն շուրջ 100 ընտանիքի։ Ուրախ եմ յայտարարելու, թէ անցնող եռամեակին բացումը կատարուեցաւ երկու նոր մանկապարտէզներու (Քարեգահ եւ Խնձորիստան) եւ աշխատանք ձեռնարկուեցաւ երկու մանկապարտէզ եւս հաստատելու (Եղէգնուտ եւ Առաջաձոր)։ Դժբախտաբար, նիւթական եւ այլ դժուարութիւններու պատճառով այդ երկու մանկապարտէզներու բացումը ցարդ չէ իրականացած։
Ընդհանրապէս նշեմ, որ նոր սերունդին ուղղակիօրէն կապուած բոլոր ծրագիրները յատուկ ուշադրութեան կ’արժանան մեր կողմէ: Հայաստանի եւ Չաւախքի մէջ ալ մանկապարտէզներ հիմնելու առաջադրանքը կար մեր նախորդ համահայկական ժողովի որոշումներուն մէջ, որ սակայն առայժմ չենք կրցած ընթացքի մէջ դնել: Յոյսով ենք, որ կարելի կ’ըլլայ ապագային ընդարձակել կարեւոր այս ծրագիրը:
Նոյնպէս բարձր նշանակութիւն ու կարեւորութիւն պէտք է տալ Չաւախքի մէջ մեր գործունէութեան. Չաւախքի Օժանդակութեան ֆոնտը կը կեդրոնանայ յարաբերաբար մեծ ծրագիրներու վրայ, որոնց որպէս արդիւնք այսօր կը գործեն Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնները եւ պատրաստութեան ընթացքի մէջ են ուրիշներ: Բազմաթիւ բուժկէտեր, բժշկական նոր սարքաւորումներ տրամադրուած են Ախալքալաքի հիւանդանոցին, հաստատուած է ատամնաբուժարան, վերանորոգուած են դպրոցներ։ Այս ծիրին մէջ մեծ է ուղեկից կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներդրումը:
Հ.- Սակայն միայն կրթական կամ խնամատարական չեն ՀՕՄի ծրագիրները, քանի որ անոնք ընկերային ծառայութեան եւ հայապահպանման նպաստող երեսներ ալ կը ներառեն: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք, օրինակի համար, Որբախնամի կամ Պատանիներու փոխանակման ծրագրերը:
Պ.-Մեր կարեւորագոյն աշխատանքներու շարքին կը դասեմ ՀՕՄի Որբախնամի ծրագիրը, որ սկսած օրէն մինչեւ այսօր ՀՕՄի հովանիին տակ բերած է շուրջ 7500 երեխաներ: Ծրագիրը սկսած է 1992ին, որպէս հետեւանք Հայաստանի երկրաշարժին ու Արցախի պատերազմին։ Երկու աղէտներ՝ որոնք պատճառ դարձան հազարաւոր մանուկներու որբացման։ ՀՕՄի գրեթէ բոլոր շրջանները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս ծրագրի իրագործման՝ հովանաւորներ ապահովելով եւ տարեկան գումարները հաւաքելով ու փոխանցելով Կեդր. վարչութեան։ Կեդր. վարչութեան Երեւանի գրասենեակը կը կատարէ գումարներու բաշխումը։ Երեւանէն հեռու շրջաններու մէջ գումարի բաշխումի աշխատանքին յաճախ կ՚օժանդակեն Հայաստանի ՀՕՄի մասնաճիւղերը։ Բաւական մեծ ճիգ ի գործ դրուած է, անցնող տարիներու ընթացքին, այս ծրագրի դիմագրաւած այլեւայլ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:
Յաւելեալ նշեմ, որ հաստատուած է նաեւ Որբերու ուսման ծրագիր մը, համալսարան յաճախող ուսանողներուն համար, որ սկզբնական շրջանի մէջ կը գտնուի:
Պատանիներու փոխանակման ծրագիրը սկսած է 1987ին, առիթ ընծայելու համար կարիքաւոր հայ պատանիներու, որ իրենց ամառնային արձակուրդը անցընեն հայահոծ այլ գաղութի մը պատանեկան ճամբարէն ներս։
Հ.- Գիտենք, որ մեր ՀԿ Խաչի ջանքերով ՀՕՄի Օրուայ ծրագիրը կ’իրագործուի Երեւանի 12րդ դպրոցի թերաճ աշակերտներուն շաբաթական մէկ օրուան ճաշը հայթայթելով: Կա՞ն այսպիսի այլ ծրագրեր:
Պ.- Մեր ունեցած տուեալներուն համաձայն, նախապէս Հայաստանի տարածքին գոյութիւն ունէին 51 մանկատուներ, ուր ապաստան գտած էին աւելի քան 10,000 որբ կամ անտէր մանուկներ։ Այդ տուեալներու հիման վրայ, 1994ին, սկսած էր «ՀՕՄի Օր» ծրագիրը, որուն նպատակը մանկատուներու շաբաթական երբեմն մէկ, երբեմն աւելի օրերու ճաշի ծախսերը հոգալն էր։ Ձեր ՀԿ. Խաչը կը պահէ Երեւանի 12րդ դպրոցի շաբաթական մէկ օրուան ճաշի հայթայթման ծրագիրը. նմանօրինակ ձեւով ծրագիրը կը շարունակուի Երեւանի, Զուարթնոցի, Գիւմրիի վարժարաններու համար:
Կ՚ուզեմ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադառնալ առողջապահական մարզէ ներս մեր հիմնական իրագործումներէն մէկուն, որ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» կեդրոնն է։
1997ին, Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» առողջապահական կեդրոնը, որուն յանձանձման պատասխանատուութիւնը 1998ին փոխանցուեցաւ ՀՕՄին։ Սկզբնական շրջանին, Կեդրոնը կը ծառայէր շրջանի վեց գիւղերու 22.000ի հասնող բնակչութեան, որուն 4500ը մէկ տարեկանէն հինգ տարեկան երեխաներ էին, իսկ 5000ը՝ բերրի տարիքի կանայք։ Ներկայիս այս կեդրոնի ծառայութիւններէն կ՚օգտուին աւելի լայն շրջանակի մը մէջ ապրող աւելի քան 67,000 հոգի։
Կեդրոնը ունի 3 մանկաբուժական եւ 2 կնոջական բուժման բաժիններ, տարրալուծարան, ձայնազննութեան (ultrasound) եւ ստինքազննումի սարքաւորում, catscan, շտապ օգնութեան ծառայութիւն եւ դեղատուն։ 2005 Ապրիլին բացուած ծննդատունէն ներս 2006 Յունուարէն մինչեւ 2007 Դեկտեմբեր լոյս աշխարհ եկած են 2019 երեխաներ։ Կեդրոնը կը կատարէ կնոջական կարգ մը վիրաբուժական ծառայութիւններ, պատուաստում, կանացի քննութիւններ։ 2007ի վերջերուն կեդրոնէն ներս սկսաւ գործել նոր դրութիւն մը՝ ընտանեկան բժիշկի ծառայութիւնը։ Կեդրոնէն ներս հաստատուած է նաեւ ատամնաբուժական ծառայութիւն։
Հ.- Հսկայական գործունէութիւն ծաւալած էք Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է մատակարարել այսպիսի լայնածաւալ ու բազմերես գործունէութիւն:
Պ.- Պէտք է նշել, թէ տարեկան 5 միլիոն տոլարի հասնող գումարներով կը մատակարարուին ՀՕՄի նախաձեռնութեամբ տարուող բոլոր այս աշխատանքները. աւելորդ չեմ նկատեր շեշտելը, թէ այս գումարին 1.2 առ հարիւր տոկոսը կը տրամադրուի Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներու, իսկ մնացեալները կը տրամադրուին Սփիւռքի կառոյցները հոգալու համար:
Հ.- Կը փորձեմ մարզ մը գտնել, ուր ՀՕՄը դերակատարութիւն չունի. փաստօրէն միութեան գործունէութեան մաս կը կազմեն կրթականը, խնամատարականը, ընկերայինը… Կա՞ն արդեօք ծրագիրներ, որ չեն յաջողած, կամ չեն իրագործուած, կամ ալ դադրեցւած են տարիներու ընթացքին:
Պ.- Վերջին տարիներուն ընթացքին որեւէ ծրագիր դադրած չէ: Անշուշտ կան ծրագիրներ, որ այլեւս փոփոխութեան պէտք է ենթարկել, կամ նոր տուեալներու համապատասխանեցնել: Գիշերօթիկներու պարագային, օրինակի համար, օրուան մը ճաշը հայթայթելու պարտաւորութիւնը ստանձնած էինք, բայց այս օրերուն այլեւս կարիքը չենք զգար – գէթ նոյն ձեւով- շարունակելու այս ծրագիրը, որովհետեւ պետութիւնը արդէն տէր կը կանգնի իր պարտաւորութիւններուն եւ ընդհանրապէս ալ երեխաներուն վիճակը բարելաւուած է որբանոցներէն ներս: Ուրեմն, ինչպէս կը տեսնէք, տարբեր ծրագիրով մը կրնայ փոխարինուիլ տուեալը: Այսպիսի փոփոխութիւններ կարելի է ուրիշ ծրագիրներու շուրջ ալ մշակել:
Հ.- ՀՕՄի աշխատանքը, այսօր, սփիւռքեան գաղութներու ազգային-միութենական կառոյցներու ընդհանուր գործունէութեան սահմաններէն անդին անցած է եւ հասած է նոր մակարդակի մը, ուր այլեւս կը խօսինք ՄԱԿի կամ UNICEF-ի օրինակով միջազգային համբաւ ու կշիռ ունեցող կազմակերպութիւններուն մօտ աշխատանքներու մասին: Այսպիսի բարձր մակարդակի յարաբերական աշխատանքը ինչպիսի՞ օգտակարութիւն կ՚ունենայ մեր միութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան համար:
Պ.- ՀՕՄը վերջապէս դարձած է միջազգային ճանաչում ստացած կազմակերպութիւն մը: Եւ երբ միջազգային ճանաչում ունիս, տարբեր երկիրներու մէջ աշխատանքդ աւելի դիւրին եւ մատչելի կը դառնայ, իսկ պետական շրջանակներու եւ տեղական կառոյցներու հետ շփման հնարաւորութիւններդ կ՚ընդլայնուին։ Նիւթական մարզէն ներս, հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի «կրանթ»ներու (դրամաշնորհներու) դիմելու։ Ճանչցուած ու հաստատուած կազմակերպութիւն մը ըլլալը եւ մեր առաջադրանքներուն բացայայտ օգտակարութիւնը, բնականաբար, կարեւորութիւն կը ստանան տուեալ շրջանակներուն մօտ:
1977էն ի վեր ՀՕՄը անդամ է ՄԱԿի Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու (ՈԿԿ) Հանրային տեղեկատուութեանց բաժնին (NGO/DPI – Non-Governmental Organizations / Department of Public Information), իսկ 1998էն ի վեր անդամ է Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին (ECOSOC – Economic and Social Council)։ Այս կառոյցներու ճամբով ՀՕՄը իր աշխատանքի ծիրը ընդլայնած է՝ մասնակից դառնալով համաշխարհային տարողութեամբ ընկերային, բարեսիրական եւ մարդկային իրաւանց յարգումի ու պաշտպանութեան բազմազան աշխատանքներու։ Այս ծիրին մէջ ՀՕՄը կ՚անդամակցի ՈԿԿ Կնոջական Իրավիճակի Յանձնախումբին, Խորհրդաժողովներու Յանձնախումբին, UNICEF-ին, ՈԿԿերու Մտային Առողջութեան Յանձնախումբին (NGO Committee on Mental Health)։
ՀՕՄը ՄԱԿի ծիրէն ներս աշխատանք կը տանի իր զոյգ գրասենեակներով.- Պոսթընի գրասենեակէն աշխատանք կը տարուի ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին ուղղութեամբ, իսկ Երեւանի գրասենեակէն՝ ՀՕՄի զանազան կառոյցներու հետ գործակցաբար, Հայաստանի մէջ ծրագիրներու իրականացման կամ ծրագիրներու մասնակցութեան ուղղութեամբ։ Անցնող եռամեակին փորձ կատարուեցաւ ՀՕՄի ՄԱԿի անդամակցութեան մակարդակը բարձրացնելու, սակայն ձախողեցանք թէ՛ մեր կողմէ անհրաժեշտ նախապատրաստութեան պակասին, թէ՛ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ճնշումներուն հետեւանքով։
Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի կեդրոնատեղիէն ներս, զանազան խորհրդաժողովներու մասնակցութեան եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի եւ անոր զուգահեռ գործող կառոյցներու հետ զանազան գործակցութիւններ տեղի կ’ունենան:
Հ.- Ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը մեր գաղութին մէջ գործող ՀՕՄի երկու միաւորներէն:
Պ.- Պէտք է խոստովանիմ, որ շատ լաւ է տպաւորութիւնս Յունաստանի երկու շրջաններէն ալ: Իսկապէս երկուքին ալ գործունէութիւնը կը համապատասխանէ ՀՕՄի գործելու ոճին ու եղանակին, մանաւանդ որ հսկայ ծաւալներու կարողացած են հասցնել ձեր երկու Շրջանային վարչութիւնները իրենց 5ական մասնաճիւղերով ստանձնած տարբեր տեսակի աշխատանքները: Անոնք նաեւ միշտ ներգործօն եղած են մեր համահայկական ծրագիրներուն իրագործման աշխատանքներուն մէջ, չըսելու համար որ առաջիններէն կը հանդիսանան՝ Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւնները գործադրութեան յանձնելու առումով:
Հիւսիսային Յունաստանի մէջ, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ միաւորի գործունէութեան անդրադառնալով, ըսեմ, որ միշտ փոքր թիւի մասին կը լսէի, բայց տեսածս փոքր թիւերու համապատասխանող աշխատանք չէր, ընդհակառակն՝ տեսայ, որ լաւագոյնս կ’օգտագործուին բոլոր կարելիութիւններն ու հնարաւորութիւնները: Գնահատելի էր, յատկապէս, Հայաստանէն գաղթած հայրենակիցներու փոքրիկներուն համարկումը միօրեայ վարժարաններէն ներս:
Հոս կ’ուզեմ կանգ առնել հայախօսութեան հարցին վրայ՝ տեսնելով, թէ որքա՜ն մեծ ջանք կը թափուի ամէն տեղ, հայերէն խօսելու եւ հայերէնով աշխատանքները յառաջ տանելու առաջադրանքէն մղուած: Իսկապէս յուզիչ եւ ոգեւորիչ է այս երեւոյթը եւ ուրախ եմ հաստատելու, որ Հայ կապոյտ խաչը իր կարեւոր դերը ունի այս մարզէն ներս ալ:
Հ.- Ձեր Յունաստան այցելութիւնը աւարտելով՝ կը մեկնիք Հայաստան, մասնակցելու համար «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու Խորհուրդի նիստին: Ինչո՞վ պայմանաւորուած է ՀՕՄի մասնակցութիւնը այս կառոյցի աշխատանքներուն:
Պ.- ՀՕՄը, անդամ ըլլալով «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու Խորհուրդին, իր ներկայացուցիչով ամէն տարի կը մասնակցի Հիմնադրամի ժողովներուն, որոնք տեղի կ’ունենան Մայիս ամսուն՝ Երեւանի մէջ։ Ամէն տարուան Նոյեմբերին, ՀՕՄի զանազան միաւորներ խոստումներ կը կատարեն Հիմնադրամի թելեթոնին եւ ընդհանուր գումարը կը փոխանցուի միութեան ամբողջ ընտանիքին անունով։
ՀՕՄը կը գտնուի իր 100ամեակի սեմին: Գիտենք, որ միջոցառումներ ծրագրուած են համաշխարհային գետնի վրայ: Ամէնէն հետաքրքրականը սակայն ՀՕՄի հարիւրամեակի հիմնադրամի կայացումն է, որ արդէն յայտարարուած է գաղութներէն ներս:
ՀՕՄի Հարիւրամեակի հիմնադրամի նպատակը նուազագոյն հինգ միլիոն տոլարի անձեռնմխելի ֆոնտի մը գոյացումն է, որուն շահարկման հասոյթով կարելի պիտի ըլլայ յառաջ տանիլ ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ծրագիրները։ Կեդրոնական վարչութիւնը փափաքեցաւ թափ տալ Հարիւրամեակի հիմնադրամի հանգանակային աշխատանքներուն, եւ բոլոր միաւորներն ալ դրականապէս ընդառաջեցին անոր։ Ցարդ ստացուած գումարները պահ դրուած են արդէն անձեռնմխելի ֆոնտի մը մէջ։ Նշենք, որ տարիներու ընթացքին ՀՕՄը վայելած է գուրգուրանքն ու առատաձեռն մատուցումը մեր ժողովուրդին: Ինքն ալ իր կարգին միշտ փոխադարձած է հայ կարիքաւոր անհատներուն թէ կազմակերպութիւններուն: Ներկայիս անհրաժեշտ է թափ տալ ու յաւելեալ ճիգ գործադրել, որպէսզի ապահովուի ՀՕՄի յառաջընթացն ու զարգացումը սփիւռքեան գաղութներու եւ Հայաստանի ընկերութեան զարգացման ի խնդիր:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ձեր աշխատանքներուն:
«Ազատ Օր»