Հաճելի էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի բերնէն լսել հայրենիքի նկատմամբ սփիւռքահայութեան վստահութիւնը ամրապնդող խօսքեր՝ Մոսկուա իր կատարած այցելութեան ընթացքին:
Միաժամանակ սակայն, շատերու նման մենք եւս անակնկալի եկանք, երբ անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի նախագահը համամտութիւն յայտնեց 1915ի ցեղասպանութեան («պատմական փաստերի») կապակցութեամբ պատմաբաններու յանձնախումբ կազմելու թրքական առաջարկին: Անակնկալի եկանք՝ յար եւ նման այն բերդապահներուն, որոնցմէ շատեր այս օրերուն, Աւստրիոյ կամ Զուիցերիոյ մէջ կայացող Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, 30-40 մեթրէն կօլ մը կը ստանային:
Նախագահը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին բառացիօրէն կ’ըսէ. «Այս հարցում մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ հարեւան պետութիւնների միջեւ 21րդ դարում չպէտք է լինեն փակ սահմաններ: Տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կարող է լինել կայունութեան հաստատման լաւագոյն միջոցը:
«Թուրքական կողմն առաջարկում է ձեւաւորել մի յանձնաժողով, որը պէտք է ուսումնասիրի պատմական փաստերը: Մենք դէմ չենք այդպիսի յանձնաժողովի ստեղծմանը, բայց այն ժամանակ, երբ կը բացուի սահմանը մեր պետութիւնների միջեւ: Այլապէս այն կարող է դառնալ հարցը տարիներով երկարաձգելու եւ շահարկելու միջռոց» («Ասպարէզ», Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2008, էջ 12):
Թէ հարեւան պետութիւններու միջեւ փակ սահմաններ պէտք չէ ըլլան՝ ոչ ոք տարակարծիք է: Թէ պետութիւններու միջեւ տարածաշրջանային գործակցութիւնը կայունութեան լաւագոյն միջոցը կրնայ ըլլալ, հոս եւս տարակարծիք չենք:
Սակայն մեր կարծիքով, Հայաստանի նախագահը կարմիր գիծ մը անցած է ընդունելով «պատմական փաստերը» ուսումնասիրող յանձնախումբի մը ստեղծումը՝ եթէ Թուրքիան բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը: Ի դէպ, այս սահմանը փակ կը մնայ աւելի քան մէկուկէս տասնամեակէ ի վեր, նոյնինքն Անգարայի որոշումով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյնիսկ չի գործածեր «Ցեղասպանութիւն» բառը եւ կը բաւականանայ «պատմական փաստեր» տարազով. եւ այս փաստերն ալ տակաւին «ուսումնասիրութեան» կարօտ են թէ՛ ըստ Անգարայի, եւ թէ (ինչպէս հիմա երեւան կու գայ) ըստ պաշտօնական Երեւանի:
Այս ձեւով Հայաստանի նախագահը ջրեց իր նախորդին կեցուածքը, որ պատասխանելով պատմաբաններու յանձնախումբ կազմելու՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի 3 տարի առաջ կատարած առաջարկին, կ’ըսէր, թէ համաձայն է այնպիսի յանձնախումբի մը, որ քննէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ քաղաքական հարցերը: Տարբեր խօսքով, մինչ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պատրաստակամութիւն կը յայտնէր թրքական կողմին հետ քննելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու ամբողջական թղթածրարը, այժմ Սերժ Սարգսեան հսկայական (եւ անընդունելի) նահանջ մը կը կատարէ.. . փոխան ոչ թէ ճանաչումի, ոչ թէ հատուցումի, այլ սահմանի բացումին:
Տարբեր խօսքով, Սերժ Սարգսեան քաղաքականօրէն կ’արժեզրկէ մօտաւորապէս 20 երկիրներու (ներառեալ Ֆրանսայի, Քանատայի եւ Ռուսիոյ) կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, կ’արժեզրկէ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց նուիրուած բազմատասնեակ ակադեմականներու միահամուռ եւ բազմիցս յայտարարուած տեսակէտը՝ ինչ կը վերաբերի 1915ի զանգուածային ջարդերը ցեղասպանութիւն կոչելուն, կ’արժեզրկէ Ցեղասպանութեան սերտօրէն առնչուած արդար հատուցումի պահանջը եւ հայ-թրքական կնճիռի բարդ թղթածրարը կը վերածէ սահման բանալ-գոցելու համեմատաբար ճղճիմ խնդրին եւ պատմաբաններու յանձնաժողովի մը կողմէ «պատմական փաստեր» քննելու նոյնքան անհեթեթ յղացքին:
Սերժ Սարգսեան իր այս յայտարարութեամբ, փաստօրէն կրնայ ականահարել նաեւ ամերիկահայութեան կողմէ Քոնկրէսէն ներս տասնամեակներէ ի վեր մղուող պայքարը: Դժուար չէ երեւակայել Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի դէմքի արտայայտութիւնը (կամ կոպերու լայննալը), երբ վաղը առաւօտուն Ուաշինկթընի թրքական դեսպանատունը անոր գրասեղանին յղէ Հայաստանի նախագահի այս յայտարարութեան անգլերէն թարգմանութիւնը՝ «Տիկին Խօսնակին՝ առանց մեկնաբանութեան» մակագրութեամբ:
Ատենն է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ըսելու. «Պարոն նախագահ, կարմիր գիծ մը կայ»: