Դպրոցներ սկսած են արդէն եզրափակել 2007-2008 Ուսումնական տարեշրջանը:
Յունիսը ամավերջ է: Բազմահազար աշակերտներ կ’աւարտեն զանազան հանգրուաններ՝ նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական, եւայլն: Չենք խօսիր թանկարժէք այն միւս հատուածի մասին, որ կը պատկանի բարձրագոյն ուսմանց՝ համալսարանին իր բազմաճիւղ մասնագիտութիւններով:
Ամէնուրեք լուռ եւ երբեմն ալ աղմկալից ուրախութիւն է, որովհետեւ առկայ է յոյսը, դրական ակնկալութիւնները կապուած եւ ներկային, եւ անմիջական գալիքին:
Տեղի կ’ունենան հանդիսութիւններ: Կը խօսին աշակերտներ, տնօրէններ եւ մտքի ու գիտութեան պատգամաբերներ: ընդհանուր լաւատեսութիւն է տեսակ մը՝ հարսանեկան մթնոլորտ:
Հպարտ են աշակերտներ, ուսանողներ՝ իրենց նուաճումներով: Հպարտ են հաստատութիւններ՝ ազգային, միութենական, կամ անհատական իրենց ջանադրութեամբ եւ իրագործումներով:
Հպարտ են բոլորը՝ որովհետեւ հունձքը բարի է եւ արժէքը՝ իմանալի. արժէք՝ որ հարստութիւնն է մտքին գիտութեան եւ անկողոպտելի ժառանգութիւններուն:
Բոլորը՝ անշուշտ արդար եւ իրաւ մանաւանդ՝ մեր ժողովուրդին՝ հայութեան համար, որ այնքան դժուար պատմութենէ մը անցած է ու կ’անցնի:
Տակաւին կէս դար առաջ էր, երբ բախտաւորութիւն կը նկատուէր երկրորդական վարժարան մը վերջացնելը իսկ այսօր՝ անոնք տասնեակ հազարներ են ոչ միայն երկրորդականէն այլ նաեւ բարձրագոյն հաստատութիւններէն:
Անվիճելի է իրողութիւնը: Անցեալին մեր հաւաքականութիւնը երբեւիցէ նման փայլուն իրականութիւն ապրած չէ: Ոմանք՝ տասնեակ հազարներու կը հասցնեն նոյնիսկ՝ համալսարաններէ աւարտականներու թիւը իր բազմազան եւ աւանդական սահմանափակ մասնագիտութիւններու փոխարէն բոլորովին նոր, արդիական եւ այլազան մասնագիտութիւններով:
Այս բոլորը անկասկած պէտք է նկատել հրաշալի եւ ընդհանուրի հոգեկան հրճուանքը՝ արդար:
Այսպիսի տրամադրութիւններով է անպայման, որ քանի մը օր առաջ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետը՝ Տիգրան Սարգիսեան հանդիպումի մը ընթացքին (Գ.Ա.Ա.ի) մտքի ու գիտութեանց անձնաւորութեանց հետ կ’ըսէր (Քաղուածք «Հայաստանի հանրապետութիւն» 21 Յունիսի թիւէն) -«Գիտութիւնը պէտք է առաջնորդի մեզ եւ ոչ թէ մենք, գիտութեանը»«Կառուցել գիտելիքներու վրայ հիմնուած հասարակութիւն եւ տնտեսութիւն, որովհետեւ 21րդ դարուն այլընտրանք կայ»:
-Պէտք է դառնանք գիտելիք արտահանող երկիր, ծառայութիւններ մատուցող երկիր եւ մտաւորական ոյժ»…
Ամէնէն արժէքաւորը, (պէտք է ընդունիլ տաղանդաւոր երիտասարդը»…
Յարգարժան վարչապետին մտքերը թանկագին գաղափարներ են եւ ուղենիշ՝ յատկապէս մեր հայրենիքին համար: Մեզ հոս՝ արտերկրի մեր հեւքոտ կեանքին մէջ ակամայ կը մտածենք տասնեակ հազարաւոր երկրորդականներէ շրջանաւարտները, բայց մանաւանդ՝ տասնեակ հազարաւոր բարձրագոյն ուսմամբ պսակաւորները քանի՞ տոկոսով են մասնակից համայնքին, ազգին գործօն կեանքի այն հատուածին, որ ղեկավարութիւնն է կուսակցութիւններ, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական կազմակերպութիւններ, եկեղեցական, ազգային կրօնական հաստատութիւններ եւայլն:
Երբ կ’ըսենք որ բոլոր պսակաւորները ընդհանրապէս, իսկ տաղանդաւորները մասնաւորապէս արժէք են, ատիկա վիճելի չէ: Սակայն ընդգծելու է, որ այդ արժէքները, առնուազն մեր պարագային, անհրաժեշտ է, որ չմնան ինքնանպատակ, միայն անձնական կամ՝ ընտանեկան միայն:
Մեր արժէքները պիտի գնահատուին հաւաքականութեամբ, Մարդը՝ մարդով: իսկ այդ՝ կեանքի կը վերածուի մասնակցութեամբ:
Բաժնելով եւ կրկնելով վարչապետին մտքերը իբրեւ պատգամ՝ իւրացնենք զանոնք, բայց Մասնակցութեամբ: