Երեւանի Պետական Համալսարանի թուրքագիտական ամպիոնի դասախօս, նորաստեղծ օսմանագիտական կեդրոնի տնօրէն Լուսինէ Սահակեանին մեր առաջին հարցումը Հայաստանի մէջ թրքագիտութեան ներկայ վիճակի եւ մակարդակի մասին էր: Պետական աջակցութիւն կը վայելէ՞ այդ բաժինը, հնարաւորութիւն ունի՞ հրապուրելու փայլուն մտքով ուսանողներ, իբրեւ կեանքի ասպարէզ կրնա՞յ նկատուիլ այդ ճիւղին հետեւելու մասին մտածող երիտասարդներուն կողմէ:
Պետական աջակցութիւնը եւ շահագրգռութիւնը կայ, կը պատասխանէ Սահակեան. փաստը նոր կեդրոնի ստեղծումն է, սակայն այդ մասնագիտութիւնը այնքան ալ հանգիստ ու բարօր կեանք մը չի խոստանար երիտասարդներուն, որոնց գլխաւոր մղիչ ուժը սեփական հետաքրքրութիւնն է ու ներքին գոհունակութիւնը:
Շատ քիչ են ուսումնասիրական անկախ, ոչ-պետական կեդրոնները, որոնք կրնային աշխատանքի ասպարէզ տալ թրքագէտներուն՝ անոնց ապահովելով քիչ թէ շատ բարձր աշխատավարձ:
Յամենայն դէպս, թրքերէնի եւ վերջերս նաեւ օսմաներէնի մասնագէտներու կարիքը խիստ կը զգացուի:
Ինք, երիտասարդ դասախօսը կը զբաղուի նոր մասնագէտներու պատրաստութեամբ:
Դասախօսական աշխատանքին զուգահեռ, Սահակեան լծուած է յօդուածներ ու մենագրութիւններ պատրաստելու եւ հրատարակելու գործին: Ունի մենագրութիւն նուիրուած՝ Բարձր Հայքի Բաբերդ, Դերջան գաւառներու տեղանուններու ու ժողովրդագրութեան՝ տասնվեցերորդ դարու օսմանեան աշխարհագիր մատեաններու մէջ:
Ան նաեւ գրած է յօդուածներ օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու բռնի մահմետականացման ձեւերու, փուլերու եւ հետեւանքներու մասին՝ հայոց Համշէն գաւառի օրինակով:
Այս նիւթը շատ այժմէական եւ կարեւոր կը դառնայ, մանաւանդ երբ տարբեր հրապարակումներ մահմետականացած եւ այժմ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ապրող հայերու թիւը կը հասցնեն մինչեւ երկու միլիոնի:
Սահակեան քիչ մը չափազանցուած կը նկատէ այս թիւերը, սակայն ինքն ալ չի բացառեր, որ մահմետականացած հայերու թիւը կրնայ հասնիլ մէկ ու կէս միլիոնի:
Սահակեան թրքական կառավարութեան յատուկ միտումը կը տեսնէ թիւերու այս ուռճացումին մէջ, ի վերջոյ անոնց վրայ յենուելով հերքելու համար մէկ ու կէս միլիոն հայերու սպանութեան եւ մնացեալ հայ բնակչութեան տեղահանութեան մասին պատմական ապացոյցները:
Համշէնահայութեան թիւը, օրինակ, ըստ Սահակեանի երեսուն հազարը չ՚անցնիր:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, ըստ Սահակեանի մինչեւ այսօր խարսխուած են թուրքական տեսակէտներու ու առաջարկներու վրայ, որոնք հիմնաւորուած չեն, եւ, որպէս այդպիսին, վտանգաւոր են հայկական շահերու տեսանկիւնէն:
Ինք այս խնդրի վերաբերեալ աշխատանք մը կը պատրաստէ, որ շուտով կրնայ հրատարակուիլ:
Հրատարակման փուլ հասած է նաեւ Սահակեանի աշխատասիրութիւնը՝ «Հայոց Համշէն Գաւառը. Պատմաազգագրական ուսումնասիրութիւն» վերնագրով, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Սահակեանի ուսումնասիրութեան միջոցաւ կարելի եղած է վերականգնել երեք հարիւր թրքերէն տեղանուններու հայկական անունները:
Թրքական ոչ-գիտական վարկածը համշէններու մասին՝ զանոնք կը դասէ օղուզ ցեղախումբերու շարքին, որոնք հայերու կողքին ապրելով սորված են հայերէն եւ ատկէ կ’եզրակացնեն հայերէնի ներկայութիւնը անոնց բարբառին մէջ:
Սահակեան կը վկայակոչէ Աճառեանն ու այլ լեզուաբաններ, ըստ որոնց, համշէներէնը կը պատկանի հայ բարբառներու արեւելեան խմբակցութեան, որ ունի շատ ինքնատիպ, իւրօրինակ բառապաշար, գրաբարեան շերտերով հարստացած:
Սահակեան կը յստակացնէ իր առաքելութիւնը: Օսմանական աղբիւրագիտութիւնը ուսումնասիրելով երեւան հանել այն փաստերը, որոնք կ’ապացուցանեն, որ հայերը եկուորներ չեն, եւ, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին՝ ճնշող մեծամասնութիւն եղած են:
Սահակեան այս մեկնակէտով յատուկ դասընթացքներ կը մշակէ թուրքագիտութեան ամպիոնին մէջ, որոնք կը կեդրոնանան «թուրք պատմագրութեան եւ ժամանակակից թուրք պատմագիտութեան հիմնահարցերու» վրայ:
Թրքական կեղծարարութեան հակազդելն է այս դասընթացքներու հիմնական նպատակը: Գործը անշնորհակալ է եւ կարիք ունի խրախուսման ու խթանման:
Լաւ թրքագէտը զինուորի արժէք ունի, կ’ըսէ Սահակեան:
Ներկայիս Հայաստանի ամենէն յայտնի թրքագէտներն են Ռուբէն Սաֆրաստեանն ու Ալեքսանդր Սաֆարեանը:
Սահակեան իրեն հետ նուէր բերած էր իր խմբագրած նորագոյն գիրքը՝ «Ասք Անդրանիկ Զօրավարի մասին», որ բանահաւաք եւ մշակող Սուրէն Սահակեանի՝ Լուսինէի հօր 1960-1980 տարիներու տքնաջան աշխատանքի արգասիքն է:
Սուրէն Սահակեան շրջասծ է Հայաստանի տարբեր գիւղական շրջաններ, արձանագրած ու հետագային մշակած է զօրավար Անդրանիկի մասին առասպելները, երգերն ու բանահիւսութիւնը: Այս աշխատանքը ան կատարած է այնպիսի ժամանակ մը, երբ Անդրանիկի անունը տալն իսկ վտանգաւոր հետեւանքներ կրնար ունենալ: Այս պատմութիւնները համադրելով ու իրար կապելով, Սահակեան ստեղծած է վիպասք մը, որ իր կառուցուածքով կը յիշեցնէ Սասնայ Ծռեր էպոսը:
«Ասք Անդրանիկ Զօրավարի մասին»ը ունի Սասնայ Ծռերուն նմանող տրամաբանական զարգացում: «Ասքը» բաղկացած է չորս մասերէ՝ Հրաշք ծնունդ, Անդրանիկ Սթամպուլի մէջ, Անդրանիկ Սասունի մէջ եւ Դիլմանի հերոսը:
«Ասք»ը ունի էպոսի յատուկ լեզուաոճական առանձնայատկութիւններ: Լուսինէն խմբագրած է, պատրաստած է բարբառներուն եւ օտար բառերուն բառարանը եւ գրած է յառաջաբանը, ուր վեր հանած է վիպասքի պատմաէփիքական արժէքը եւ անոր այսօրուան խորհուրդը:
Այս վիպասքը, ըստ իրեն, Անդրանիկի գործունէութեան ժողովրդական եւ բանահիւսական բարձր գնահատականն է:
Այս ««Ասք»ը գլխաւորաբար հիմնուած է սասունցիներու, մշեցիներու եւ յատկապէս ալաշկերտցիներու պատմածներուն վրայ: Ալաշկերտի Խաստուր գիւղի վերապրողները, որոնք ֆէտայական շարժման օրերուն յայտնի էին դէպի երկիր գացող մարտիկներուն ապաստան տալու աւանդութեամբ, «Ասք»ի գլխաւոր պատմողները եղած են: Խաստուրցիք «խօսքաշէն»ի համբաւ ունէին:
Ամենէն յատկանշականը, անշուշտ, այն փաստն է, որ հայ ժողովուրդը նոր էպոս մը ստեղծած է, այն ալ հերոսի կենդանութեան օրերուն…։