Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուայի յայտարարութիւնը, ուր առնուազն դրական տրամադրութիւն կը դրսեւորուի հայկական պետութեան ղեկավարի կողմէ Ցեղասպանութեան իսկութիւնը ապացուցելու կամ հերքելու կոչուած հայ-թրքական միացեալ յանձնախումբի մը ստեղծման մասին, արդար յուզում եւ ընդվզում յառաջացուցած է հայկական շրջանակներու մէջ։
Այս ընդվզումը կարելի չէ հանգստացնել կամ մեղադրել պարզապէս, որովհետեւ ժամանակին Հայ Դատն ուրացող, պահանջատիրութիւն բառը նոյնիսկ ծաղր ու ծանակի ենթարկելէ չխրտչող ՀՀՇականներ, կամ այսպէս կոչուած Լեւոնականներ այսօր որոշած են շահարկել այս հարցը ու քննադատել նախագահի քաղաքական գիծը։
Հարցը կը մնայ հարց, որ արդեօք հայ քաղաքական կամ հասարակական միտքը կրնա՞յ հաշտուիլ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ապացուցման կարիք ունեցող եղելութեան մը շարքին մտցնելու գաղափարին հետ։
Մենք համոզուած ենք, որ ո՛չ։ Համոզուած ենք, թրքական կառավարութեան նպատակը նման յանձնախումբի մը յառաջացման արդէն իսկ փորձ մըն է կասկածի վարագոյրով պարուրելու Ցեղասպանութեան փաստը, որ ինքնին հայկական նահանջի մը եւ թրքական յաղթանակի մը հաստատ վկայագիրը կը դառնայ։
Կան հայկական կողմէն անհիմն լաւատեսութեամբ տոգորուած մարդիկ, որոնց շարքին նոյնիսկ այնպիսի դիրքի տէր մարդ, որ իր պաշտօնի իսկ բերումով՝ պէտք է ըլլայ ամէնէն արմատականը այսպիսի խնդիրներու վերաբերեալ, մարդիկ, որոնք կը յուսան, որ հայ-թրքական «պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողովը՝ թրքական կողմի պատկերացումները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յաւելելու եւ ամբողջացնելու համար, կրնայ ներկայացնել լրացուցիչ փաստական նիւթեր, որոնք լոյս կը սփռեն կատարուածի վրայ»։ Այս մէջբերումը կը պատկանի Ծիծիեռնակաբերդի մօտ գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն, պատմաբան Հայկ Դեմոյանին։
Ըստ Դեմոյեանի, նման յաձնաժողով մը կը ստեղծուի ոչ թէ ժխտելու, վերանայելու կամ մեկնաբանելու համար Ցեղասպանութեան պատմական, իրաւական փաստը, այլ կը ստեղծուի՝ թրքական կողմին յաւելեալ լուսբանութիւններ տալու, որպէսզի ան ամբողջացնէ իր պատկերացումները այս հարցի կապակցութեամբ, լրացուցիչ փաստեր ներկայացնէ անոր, այսինքն՝ թուրք պատմաբաններուն եւ քաղաքագէտներուն, պետութեան ղեկավարներուն, փաստեր, զորս տեսնելու եւ ուսումնասիրելու հնարաւորութենէն զրկուած էին անոնք։
Դեմոյեան յոյս կամ ակնկալութիւն ունի, որ հայ թրքական պատմաբաններու յանձնախումբին մէջ, թրքական կողմի կազմը պիտի բաղկանայ այնպիսի պատմաբաններէ, որոնք Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքին հետ տարակարծիք են, եւ իբրեւ այդպիսիք՝ դատական հալածանքներու ենթակայ։ Այսինքն, թրքական կառավարութիւնը ինչ-ինչ ազնիւ մղումներով՝ հայ-թրքական պատմաբաններու յանձնաժողովի գործը դիւրացնելու նպատակ պիտի ունենայ, կամ իր միակողմանի ու անտեղեակ պատմաբաններուն աչքերը բանալ պիտի ուզէ, թէ իրականացնելու համար այս ծրագիրը՝ յանձնաժողովին մէջ իր կողմէ պիտի նշանակէ իր մինչ այսօր յայտարարած դիրքորոշումին, ուրացման քաղաքականութեան այլախոհ պատմաբաններ։ Ուրկէ կու գայ այս լաւատեսութիւնը՝ անյայտ է, բայց վստահաբար կարիք չունինք փաստարկելու, որ հիմք չունի ան, ինչպէս եւ անհիմն է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացում փնտռելը՝ առանց Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը դիմագրաւելու թրքական կառավարութեան խիզախ քայլին։