Ընկերութեան հիմնադիր ինը անդամներն էին՝ Բժ. Համօ Օհանջանեան, Ստեփան Եսայեան, Գասպար Իփէկեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Յակոբ Պալըգճեան եւ Սարգիս Մալխասեան։
Ընկերութեան կանոնագրին առաջին կէտը յստակօրէն կը ճշդէր «Համազգային»ի նպատակը. «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութեան նպատակն է հայ ժողովրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգիով»։ Այս նպատակին հասնելու համար «Համազգային»ը պիտի գործէր երեք ուղիներով.
Ա.- Նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն տալ.
Բ.- Նպաստել չափահասներու ինքնազարգացման.
Գ.- Մշակել հայագիտութիւնը.
Առաջինը՝ նոր սերունդի դաստիարակութիւնը ամէնէն կարեւորն էր, ամէնէն ընդարձակը եւ մեծ ճիգ ու նիւթական միջոցներ պահանջողը։ Պէտք էր հիմնել միջնակարգ վարժարաններ՝ «Եւրոպական քոլեճներու եւ լիսէներու համապատասխան»։ Պէտք էր պատրաստել հայերէնով բոլոր նիւթերու դասագիրքեր, մանուկներու եւ պատանիներու համար ընթերցանութեան գիրքեր. պէտք էր օժանդակել հայագիտական երկերու հեղինակներուն։ Հայերէնի պէտք էր թարգմանել օտար եւ միջնադարեան գրողներու այն հատուածները, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանին եւ հայերուն։ Պէտք էր վերահրատարակել հին հայերէն բնագիրներն ու ձեռագիրները։
Այս հսկայական գործը գլուխ բերելու համար անհրաժեշտ էր երկու բան. նախ՝ դպրոցական, գրական եւ գիտական աշխատաւորներու մեծ թիւ եւ ապա՝ նիւթական լայն միջոցներ։ Նախ քան արտասահմանի գրական-գիտական աշխատաւորները իր շուրջը համախմբելը՝ «Համազգային»ը կը ջանայ կազմակերպութեան իր ցանցերը ունենալ ամէն տեղ եւ նիւթապէս ապահովել իր գոյութիւնը։
«Համազգային»ի գաղափարները ժողովրդականացնելու համար Ն. Աղբալեան 1928ի ամրան կ՚անցնի Սուրիա եւ Լիբանան, ուր կը կատարէ «Համազգային»ի մասին հրապարակային բանախօսութիւններ եւ աւելի նեղ շրջանակի մէջ՝ մասնաւոր խորհրդակցութիւններ։
Նոյն նպատակով Լ. Շանթ կ՚անցնի Ֆրանսա։ Յանձնարարուած էր տեսակցիլ Փարիզի մտաւորականութեան հետ եւ մտածել Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, մասնաւորապէս Ֆրանսա, «Համազգային»ի մասնաճիւղեր կազմելու մասին։
1928-ի Մայիսէն մինչեւ 1929-ի վերջը «Համազգային»ի համար կ՚ըլլայ նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի։ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կ՚ապահովէ նաեւ Հ.Յ.Դ.ի աջակցութիւնը։
1930 Մարտ 3ին կ՚իրականանայ Համազգայինի երկրորդական վարժարան մը բանալու ծրագիրը. Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայ ճեմարանը։ Հետագային հաստատութիւնը կը ստանայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան անունը, իր բարերարին յիշատակին, իսկ աւելի ուշ, Անթիլիասի իր համալիրը կը կոչուի նոր բարերարներու անունով՝ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան։
«Համազգային» ընկերութեան գործունէութիւնը ատկէ ետք կը շարունակուի գլխաւորաբար կեդրոնացած ճեմարանի շուրջ եւ Պէյրութի մէջ, տրուած ըլլալով, որ Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Գ. Իփէկեան հաստատուած էին Պէյրութ, ուր գաղութը իր հոծ հայութեամբ մշակութային գործունէութեան ընդարձակ կարելիութիւններ կը ներկայացնէր։ Հետեւաբար, 1947ին Համազգայինի կեդրոնը կը փոխադրուի Պէյրութ, եւ ընկերութիւնը Լիբանանի պետութեան կողմէ կը ճանչցուի իբր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային ընկերակցութիւն։
Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին Գասպար Իփէկեանի ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս՝ ինչպէս Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները։
1931ին Գ. Իփէկեան մեծ յաջողութեամբ եւ առաջին անգամ ըլլալով կը բեմադրէր Լ. Շանթի «Օշին Պայլ»ը, իսկ 1934ին նոյն յաջողութեամբ կը ներկայացնէր իր հեղինակութեամբ «Արա եւ Շամիրամ»ը։
1941ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան նախագահ, ան կը նախաձեռնէ կազմութեանը «Համազգայինի թատերասէրներու միութեան», որուն նպատակը պիտի ըլլար թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներու մէջ։ Միութիւնը նաեւ պիտի սերմանէր հաւատք՝ հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստին հանդէպ։ «Համազգայինի թատերասէրներու միութեան» անդրանիկ ներկայացումը «Ինկած բերդի իշխանուհին» էր (1942ին), ապա՝ Բաբգէն Փափազեանի օժանդակութեամբ «Պէպէքս»ը (1943ին), իսկ 1944ին՝ Լ. Շանթի «Հին աստուածները», 1945ին Լ. Շանթի «Կայսր»ը։
1952ին կը մահանայ Գ. Իփէկեան։ Համազգայինի թատերասէրներու խումբը յաւերժացնելու համար իր ղեկավարին յիշատակը՝ «Համազգայինի թատերասէրներու միութիւն»ը կ՚անուանէ «Համազգայինի Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ, որ ցարդ կը շարունակէ կոչուիլ նոյն անունով։
Գ. Իփէկեանի արժանաւոր յաջորդը եղաւ Ժորժ Սարգիսեան, որ շարունակեց գործել մեծ թափով՝ իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան-դերուսոյց։
Ամբողջ 30 տարի ԺորԺ Սարգիսեան ամբողջական նուիրումով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր։ Իր օրով եւ իր անձնական ճիգերով Լիբանանի հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով մը՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը՝ համանուն բարերարին նուիրատուութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած։
Ժորժ Սարգիսեանի մահէն ետք աշխատանքը վստահուեցաւ Վարուժան Խտըշեանի եւ այնուհետեւ ուրիշներու։
1931ին, դարձեալ Պէյրութի մէջ, կը հաստատուի Համազգայինի տպարանը, որ հետագային կը կոչուի իր բարերարին ու գլխաւոր կազմակերպիչին անունով՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան։ Տպարանին շնորհիւ զարկ կը տրուի հրատարակչական ու գրատարածման աշխատանքներուն։ Համազգայինը Լիբանանի մէջ կ՚օժտուի նաեւ սեփական գրախանութով։
1962ի Յունուարէն ի վեր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, կը հրատարակուի «Բագին» գրական-մշակութային հանդէսը, որ 1990ական թուականներու վերջերէն ի վեր կը հանդիսանայ Համազգայինի պաշտօնաթերթը։
1970ական թուականներուն, Լիբանանի թէ արտասահմանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ, զգացուեցաւ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկեց համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի մը ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներուն: Կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը, բաղկացած՝ Գարեգին եպս. Սարգիսեանէ (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ապա՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս), Վահէ Սէթեանէ, Հրաչ Տասնապետեանէ, Շաւարշ Թորիկեանէ, Վահէ Օշականէ եւ Երուանդ Փամպուքեանէ:
Յիշեալ յանձնախումբին պատրաստած կրթական ծրագիրը ծառայեց Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974ին, 15 ուսանող-ուսանողուհիներով:
Մեծ յոյսերով սկսած գործը ընդհատուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին անապահովութեան պատճառով:
1979ին վերակազմուեցաւ հիմնարկին առաջին դասարանը՝ նոր ուսանողներով: 1983ին հիմնարկը տուաւ 21 շրջանաւարտներու հունձք մը, որ ամբողջացուցած էր հիմնարկին քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:
2002-2003 կրթական տարեշրջանի աւարտին Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը տուաւ իր 21րդ հունձքը՝ շրջանաւարտներուն թիւը բարձրացնելով 146ի:
1974ին հիմնուած այս հիմնարկը տարիներու ընթացքին մնայուն ճիգին մէջ եղաւ ծառայելու իրեն ճշդուած առաքելութեան, եւ պատրաստեց երիտասարդ մարդոյժ մը, որ այսօր կը գործէ իբրեւ ուսուցիչ, խմբագիր, կը վարէ ազգային զանազան կառոյցներու տնօրէնութեան թէ գործավարութեան պաշտօնները, Լիբանանի մէջ թէ այլուր:
2005ին, նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով հիմնարկը դադրեցաւ գործելէ։
Համազգայինի Մարսէյի կրթական կեդրոնը կեանք կ՚առնէ 1980ին՝ Կեդրոնական վարչութեան, իսկ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն վարժարանը 1986ին Սիտնիի մէջ՝ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ։
Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, 1995էն ի վեր Լիբանանի մէջ կը սկսի ամառնային Ուսանողական մշակութային հաւաքը, որ 2002էն ի վեր կը շարունակուի տեղի ունենալ Հայաստանի մէջ։
Այլ աշխատանքներ, ընդգրկելով մշակոյթի այլազան մարզերը, կը զարգանան տեղական մակարդակներու վրայ։ Արդարեւ, 1960ական թուականներուն, սփիւռքահայ զանգուածներու տեղաշարժներուն պատճառով, Համազգայինի մասնաճիւղեր կը սկսին յառաջանալ Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ տարածքին։ Կրթական-մշակութային գործունէութիւնը կանուխէն կը ծաւալի նաեւ Իրանի մէջ՝ Համազգայինի գործակից «Արարատ» եւ այլ կազմակերպութիւններու ջանքերով։ Ժամանակի ընթացքին նոյն երկրամասին մէջ գործող մասնաճիւղերը միասնաբար կը յառաջացնեն շրջանային կառոյցներ։
1990ի Օգոստոսին Աթէնքի մէջ կը գումարուի Համազգայինի համասփիւռքեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, ուր կ՚որդեգրուի միութեան անուան ներկայ տարազումը՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, եւ կը յառաջանայ առաջին ընտրովի Կեդրոնական վարչութիւնը։
Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, 1994ի Սեպտեմբերին կը գումարուի Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը, իսկ 1998ի Սեպտեմբերին, 2002ի Մարտին եւ 2006ի ապրիլին տեղի կ՚ունենան Գ., Դ. եւ Ե. պատգամաւորական ժողովները, Լիբանանի Ատմա ու Այն Սաատէ շրջաններուն մէջ։
Համազգայինը կը գործէ երկու գրասենեակներով՝ Պէյրութի գրասենեակը (Կեդրոնական վարչութեան նստավայր) եւ Երեւանի գրասենեակը։
****************************************************************************************
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը կու գայ յայտարարել, թէ հաստատած է ուսանողական 3 կրթանպաստներ իւրաքանչիւրը՝ $5000, հայ համալսարանական ուսանողներու գրականութեան, լրագրութեան եւ թատրոն-ֆիլմ ճիւղերուն մէջ:
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007ին, Համազգայինի կազմակերպած Ամերիկահայ անգլիագիր գրողներու տարեկան Ա. ճաշկերոյթին, որուն ներկայ եղան աւելի քան 450 մշակութասէրներ, հանրութեան ներկայացուեցաւ «Մոռցուած Հաց»ը գրական հատորը՝ ամերիկահայ անգլիագիր հեղինակներու գործերուն հաւաքածոն, Տէյվիտ Քըրտեանի խմբագրութեամբ:
Այս ձեռնարկին հասոյթով հաստատուեցաւ յիշեալ կրթանպաստը:
Կրթանապաստի դիմող թեկնածուն պայման է, որ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Միսիսիփի գետի արեւմտեան ափի նահանգներու հայ բնակիչ եւ որ հայ գաղութներու մէջ ունեցած ըլլայ գործօն մասնակցութիւն եւ ունենայ համալսարանական ընդհանուր վարկանիշ՝ նուազագոյնը GPA 3.0.
Դիմումնագրերու ընդունման ժամկէտն է Յուլիս 1- Սեպտեմբեր 1, 2008:
Արդիւնքը թեկնածուներուն պիտի հաղորդուի Սեպտեմբեր 30, 2008ին:
Կրթանապաստները հրապարակային կերպով պիտի տրուին Համազգայինի հիմնադրութեան 80ամեակի տօնակատարութիւն-ճաշկերոյթին՝ Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր, 2008ին:
Դիմումնագրերը ստանալու համար հեռաձայնել 818-935-3555 եւ կամ Email: hamazkayin80th@yahoo.com.
Ամբողջացած դիմումնագիրը պէտք է ուղարկել հետեւեալ հասցէին.-
Hamazkayin Western USA, P.O. Box 4732, Glendale, CA. 91222.
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ