Հրանոյշ Յակոբեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան սփիւռքի հարցերով զբաղելու կոչուած կոմիտէի նորանշանակ նախագահը, երէկ, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա երթալով ու խորհրդակցելով գիտնականներու ու մասնագէտներու հետ, առաւ առաջին քայլը կարեւոր աշխատանքի մը:
Շուտով պիտի ունենանք սփիւռքի հարցերու յատուկ նախարարութիւն մը, որ մեր երիտասարդ պետականութեան պատմութեան մէջ կարեւոր իրադարձութիւն է, որուն պէտք է պատրաստուիլ ազգովին:
Դաշնակցական մամուլը առաջին օրէն իսկ ազդարարեց սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան ոլորտը յստակացնելու, յարաբերութիւնները կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը, այս հարցերու հեռանկարային քննարկումներու անյետաձգելիութիւնը:
Ուրախ ենք, որ տիկին Յակոբեան, իր նոր պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք, փոխանակ բաւարարուելու ներգերատեսչական հնարաւորութիւններով ու մասնագէտներու խորհուրդով՝ կը ձեռնարկէ նման քննարկումներու, որոնք վստահաբար պիտի շարունակութիւն ունենան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Այս քննարկումները անպայմանօրէն պէտք է կատարուին նաեւ մեր շրջանին մէջ, այստեղ, Ամերիկայի Արեւմտեան ափին, ուր կ’ապրի, կը շնչէ ու կը ստեղծագործէ բոլորովին իւրայատուկ համայնք մը՝ իր բաղադրութեամբ, իր նկարագրով, իր խնդիրներով ու իր առանձնաշնորհումներով:
Յատկանշական է, որ երկու օր առաջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէն որոշած էր Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան վերաբերեալ քննարկում-սեմինար մը կազմակերպել՝ համայնքի յայտնի մտաւորականներու մասնակցութեամբ: Այս քննարկում-սեմինարներու շարքին առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Օգոստոս 8ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ: Բոլոր հետաքրքրուողները հրաւիրուած են մասնակցելու եւ իրենց հարցումներով ու վերլուծումներով հարստացնելու քննարկումները:
Կարեւոր է, անշուշտ, որ համազգային տարողութեամբ քննարկումներ եւս ըլլան ու բոլոր եզրակացութիւններն ու առաջարկները հրապարակուին մամուլով:
Յամենայնդէպս, աշխատանքի սկիզբն է ասիկա, բայց այս անգամ գոնէ ճիշդ ճանապարհի վրայ ենք: