Նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ի մէջ երէկ լոյս տեսած յօդուածը անվիճելիօրէն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն համար անկիւնադարձ ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէ:
Քայլը ինքնին արդէն գրաւած է միջազգային քաղաքական շրջանակներու ուշադրութիւնը եւ տարածքաշրջանով հճտաքրքրուած իւրաքանչիւր պետութեան ներկայացուցիչ առիթ չի փախցներ իր խրախուսական խօսքը ըսելու, գնահատելու նախագահի նախաձեռնութիւնը ու յոյս յայտնելու անոր արդիւնաւորման:
Նախագահի այս քայլին անդրադարձած է մեր մամուլը եւ վստահաբար պիտի շարունակէ անդրադառնալ: Այսօր, այստեղ, այս նոր յօդուածի առիթով, կը մատնանշենք միայն երկու պարագայ.
Առաջին, որ նախագահ Սարգսեան կը կրկնէ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու բնականոնացման կարեւորութիւնը, երկու ժողովուրդներու համար եւ դարձեալ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ «ձեւաւորելու յանձնաժողով, քննարկելու Հայաստանին ու Թուրքիային վերաբերող բոլոր խրթին հարցերը»: Հեռու մնալով նախագահի այս նախաձեռնութիւնը պաշտպանելու կամ արդարացնելու փորձէն, այս գրութեան մէջ կարելի է նկատել յառաջացուելիք յանձնաժողովի բնոյթի մասին Սարգսեանի պատկերացումը:
Այս յանձնաժողովը, ըստ նախագահ Սարգսեանի, պիտի քննարկէ երկու երկիրներու բնականոն յարաբերութիւնները խոչընդոտող ԲՈԼՈՐ ԽՐԹԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ, այսինքն յանձնաժողովը պիտի չըլլայ պատմաբաններէ կազմուած խումբ, որ պիտի ուսումնասիրէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այլ պիտի բաղկանայ դիւանագիտական-քաղաքական անձնաւորութիւններէ:
Այսպիսի յանձնաժողովի մը կազմութեան կարելի է համաձայնիլ, դարձեալ միայն այն մեկնակէտով, որ Ցեղասպանութեան հարցը քննելի չէ, եւ անոր ահաւոր հետեւանքներու ամոքման ձեւերն են միայն օրակարգի նիւթ:
Երկրորդը, կը կարծենք, որ տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանը ամբողջական շրջապատման ենթարկելու քայլը կարելի չէ անկարեւոր փաստի մը վերածել՝ անոր տալով պարզապէս երկու երկիրներու միջեւ փակ սահամններ ըլլալու բնորոշում: Փակուած սահմաններ, որոնց պատճառած դժուարութիւնները երկու երկիրներու քաղաքացիներու ճարպիկութեամբ կը յաղթահարուին:
Այդպէս չէ: Հայաստանը դաժան շրջափակման ենթարկուած է Թուրքիոյ կողմէ, որ իր այս քայլով տնտեսական ահաւոր նեղութիւններու կը մատնէ Հայաստանի քաղաքացիները: Նման մեղմ վերաբերումը թրքական այս պատժամջոցի հանդէպ անհասկնալի է եւ չի նպաստեր երկու երկիրներու միջեւ առողջ երկխօսութիւն սկսելու անկեղծ ճիգերուն:
Նախագահ Սարգսեանի նախաձեռնութիւնը տակաւին յստակացման կարիք ունի: Ատիկա յստակ է: