Ղարաբաղի Հադրութի շրջանին մէջ, Հայաստան համահայկական հիմնադրամին կողմէ իրականացուող հինգ ծրագիրներ արդէն հասած են իրենց աւարտական փուլին, իսկ Սեպտեմբերին կը նախատեսուի կատարել անոնց պաշտօնական բացումները:
Հիմնադրամի տեղեկատուութեան համաձայն, ծրագիրներու մէկ մասը իրականացուած է Արցախի «Վերածնունդ» ծիրէն ներս: Անոնցմէ կարելի է յիշել Տող-Հադրութ կազամուղի կառուցումը, Հադրութի խմելու ջուրի համակարգի վերականգնումը, դպրոցի վերակառուցման ծրագիրները, որոնք արդէն հասած են իրենց եզրափակիչ փուլին: Յիշեցնենք, որ Հադրութի ջրամատակարարման խնդիրի լուծման ուղղութեամբ՝ հիմնադրամը նախապէս իրականացուց եւս երկու ծրագիրներ՝ կառուցուեցաւ Պարզգետ-Հադրութ ջրատարը եւ Հադրութ քաղաքի ջուրի մաքրման կայանը:
Առողջապահութեան համակարգի զարգացման գծով, Արեւմտեան Ամերիկայի տեղական մամնի հովանաւորութեամբ իրականացուեցաւ Հադրութի շրջանային հիւանդանոցի վերակառուցումը: Մօտ ապագային շրջանը պիտի ունենայ 40 հիւանդի համար նախատեսուած բարեկարգ հիւանդանոց մը՝ ժամանակակից չափանիշներով:
Աւարտած է նաեւ Ֆրանսայի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ իրականացուած Ակնաղբիւր գիւղի դպրոցի վերանորոգումը: