Ծնողներուն նկատմամբ անհնազանդութիւնը, ներկայ զարգացած դարու պայմաններուն բերումով, բաւական սուր հանգամանք սկսած է ստանալ: Քիչ չէ՛ թիւը այն պատանիներուն ու պարմանուհիներուն, որոնք կոշտ ու կոպիտ պատասխաններ կու տան իրենց ծնողներուն, մերժելով հնազանդիլ անոնց դրած կանոններուն: Դարձեալ բազմացած է թիւը այն զաւակներուն, որոնք սուտերով կ’օրօրեն իրենց ծնողները, յատկապէս իրենց անձնական կեանքին վերաբերող հարցերու գծով: Կեանք մը սակայն, որ տակաւին իրենց ամբողջական տիրապետութեան տակ ըլլալու համար, փորձառութեան կարիքը ունի: Կեանք մը, որ տակաւին հովանաւորուած պէտք է ըլլայ ծնողներուն կողմէ, աւարտած չըլլալով անոր դաստիարակութեան ժամանակաշրջանը:
Ամէնքս ալ մեր շրջապատը ուսումնասիրելով կը հաստատենք երեւոյթներ՝ ծնողք-զաւակ, եւ զաւակ-ծնողք փոխ յարաբերութեանց, որոնք բնական ու երջանիկ կեանքի վիճակներ չեն: Յաճախ փողոցին ներկայութիւնը տան մէջ այնքան զգալի կը դառնայ, որ կը բախի ծնողքին խստութեան, եւ որու հետեւանքով յաճախ անչափահաս զաւակներ կը հեռանան իրենց հօրենական յարկէն, աւելի «ազատ» պայմաններ ստեղծելով իրենց համար:
Կասկած չկայ անշուշտ, որ կեանքի մէջ օրինականութիւն հաստատելու լաւագոյն ձեւը, սեփական կեանքի օրինակն է: Անօրէն ու անկարգ ծնողք մը բնականաբար չի՛ կրնար կարգաւոր կեանքի պայմաններ պարտադրել իր զաւակներուն: Մինչ՝ ամէնէն բնական ընթացքով իր օրինակին կը հետեւին զաւակները, երբ ի՛նք օրինապահ է, ու իր կեանքին օրինակը դարձուցած է ընտանիքին բարոյական օրինագիրքը:
Դարուն փոխուած ըլլալը չէ միշտ պատճառը մեր զաւակներուն երբեմն ցուցաբերած անհնազանդութեան, եւ կատարած անկարգութեանց: Պատճառները մեր մէջ փնտռելու ենք առաջ, նախքան մեզմէ դուրս զանոնք գտնելու փորձ կատարելը: Մենք ենք, որ քրիստոնէական դաստիարակութենէն հեռացած ենք, ու մեր հեռանալով, բնականաբար մեր զաւակները հեռացուցած անկէ: Այդ դաստիարակութիւնը յաճախ գազանազուսպի դեր կը կատարէ, մեր յոռի սովորութիւնները, իրարու նկատմամբ անհանդուրժողութիւնները եւ բարկութեան իբրեւ արդիւնք արտայայտած անարգալից խօսքերը նուազագոյնի իջեցնելով:
Չմոռնա՛նք, որ մեր զաւակները լուռ հետեւողն են այդ ամէնուն, յատկապէս մեր կատարած սխալներուն, անխօս կերպով պատրաստուելով, որպէսզի ապագային ատկէ աւելի՛ն մեզի ու բոլորին մատուցեն:
Իր կեանքին օրինակով ծնողքին հնազանդութեան մասին պատուէր մը տուաւ Յիսուս, երբ տակաւին իր երկրաւոր առաքելութեան չէր սկսած: Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը ներկայացուի դրուագ մը, ուր կ’ըսուի, թէ իր մօր հետ հրաւիրուած էր հարսանիքի մը, Գալիլիա քաղաքին մէջ: Գինին կը սպառի, եւ մայրը կը զգուշացնէ զինք այդ մասին: Յիսուս նախ կ’ըսէ թէ ատիկա հարսանիքի տէրերուն վերաբերող խնդիր մըն է, մանաւանդ կը շեշտէ ըսելով թէ տակաւին իր «ժամանակը» չէ հասած, այսինքն իր առաքելութեան չէ սկսած: Սակայն, սպասաւորները կանչելով կարասները ջուրով լեցնել կու տայ, եւ ջուրը գինիի փոխելով հրաշք կը գործէ, իր աստուածային փառքը ցոյց կու տայ, ու խրախճանքը կը շարունակուի:
Հնազանդութեան պատկեր մը կայ այստեղ, որ ուսանելի է համայն մարդկութեան կողմէ: Աստուածորդին կարիքը չունէր հնազանդութեան նման արարք մը կատարելու: Սակայն, մարդեղացած իր վիճակով, եւ մանաւանդ ծնողքի նկատմամբ յարգալից արտայայտութեան գեղեցիկ դաս մը կտակելու համար աշխարհին, նման վերաբերում ցոյց տուաւ եւ կատարեց մօր փափաքը:
Այսօր, անհաշիւ են իրենց ծնողքներուն աղերսալից խնդրանքները անտեսող ու իրենց ծնողները արհամարհող զաւակներ: Առաքեալն ալ կ’ըսէ, թէ բարոյական օրէնքները յատկապէս անօրէնները զսպելու համար են, յատկապէս այն զաւակներուն, որոնք հայր ու մայր կ’անարգեն ու կը ծեծեն (հմմտ Ա.Տմ 1.9): Տարբերութիւն մը կա՞յ այստեղ ըսուած խօսքին, ու մեր ապրած միջավայրին մէջ: Յոռետեսական գրութիւն մը չէ այս, ոչ ալ իրականութենէն շատ հեռու:
Տան մէջ կատարուած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մեծապէս կը նպաստէ նաեւ զարգացած երիտասարդութեան գիտակցութեան: Համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը երբեմն կրնայ փորձիչ ըլլալ՝ արհամարհելու համար ծնողքին սահմանափակ գիտութիւնը: Սակայն համալսարանը կրնայ գիտութիւն փոխանցել, բայց ո՛չ անպայման դաստիարակութիւն: Ատիկա ծնողքի մը օրհնութեան հետ փոխանցուող հոգեկան հարստութիւն մըն է, որուն ծա-րաւի պիտի մնան ու հոգեպէս միշտ պապակ՝ իրենց ծնողները անտեսող ու արհամարհող զաւակներ:
Աշխարհահռչակ զօրավար Նափօլէոն Պօնափարթ, իր կեանքի յաջողութեանց բարձրակէտին, խոստովանեցաւ՝ ըսելով. «Ինչ որ եղած եմ, եւ այն ինչ որ կը յուսամ տակաւին ըլլալ, բարեպաշտ մօրս կը պարտիմ»: Մօր մը դաստ-իարակութիւնը, իր շունչին հետ փոխանցուող օրհնութիւն է, զոր մինչեւ գերեզման իր հետ կը տանի դաստիարակուող զաւակը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2008 տարին հռչակեց «Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարի», շեշտելով ապագայ հայ նոր սերունդին կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս: Սակայն, այդ դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ շուրջ գտնուող գրասենեակի մը աշխատանքը չէ միայն, ինչպէս կը կարծուի: Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը միայն հոգեւորականին գործը չէ, զոր պիտի կատարէ ան եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ: Այդ դաստիարակու-թիւնը կ’ենթադրէ հաւաքական աշխատանք մը, որ կը սկսի անհատական մակարդակով, տուներէն ներս, երբ ծնողներ իրենք զիրենք անգամ մը եւս քրիստոնէացնելով, իրենց զաւակներուն կը ջամբեն քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Այս է որ կը սպասուի առաջին հերթին, որուն վրայ կը կառուցուի եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ իրականացուող աշխատանքը՝ բարոյական արժէքներու վերարժեւորումով մեր կեանքէն ներս: Այն ատեն միայն, Յիսուսի օրինակով, իրենց ծնողներուն հնազանդ զաւակներ պիտի տեսնենք մեր շուրջը, որոնք իրենց կարգին, նոյն ոգիով պիտի դաստիարակեն իրենց զաւակները:
Կ’ուզե՞նք հնազանդ զաւակներ ունենալ, անոնց փափաքները կատարելու խոստումներով պայմաններ չկնքենք անոնց հետ: Ո՛չ ալ սպառնանք զանոնք չկատարել եթէ չհնազանդին մեզի: Այլ՝ մեր կեանքին օրինակով դաստիարակենք զանոնք, վստահ ըլլալով, որ այս կերպը աւելի խօսուն է եւ արդիւնաւէտ: