Երկու հարիւր նոր բաժանորդներ, եօթանասուն հազար տոլարի հանգանակութիւն: Նուիրատուութիւններու գումարը հարիւր հազարի հասցնելու աշխատանքները կը շարունակուին: Անցեալ շաբթըւնէ ի վեր մեզի ուղարկուած յաւելեալ նուիրատուութիւնները կը հրապարակուին անգլերէն «Ասպարէզ»ին մէջ, որ պիտի ստանաք առանձին:
Խմբագրութիւնս կը շարունակէ ստանալ անհատներէ եւ կազմակերպութիւններէ շնորհաւորական նամակներ եւ ուղերձներ, զորս կը հրապարակենք հերթով, շաբաթօրեայ մեր թիւերուն մէջ:
Այս առթիւ շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել այն երկու հարիւրին, որ առանց ծանօթ ըլլալու «Ասպարէզ»ին, հայ թերթի մը սատար կանգնելու միտումով մասնակցեցան հանգանակային արշաւին:
Ապա, շնորհակալութիւն այն խումբին, որ իր բազմազբաղ վիճակով հանդերձ, օժանդակեց՝ մեր հանգանակութիւնը ի կատար ածելու: Անունները՝ Շաքէ Աճէմեան, Մարօ Քէշիշեան, Յասմիկ Փանոսեան, Արմիկ Տաղլեան, Արա Խաչատուրեան, Ցոլինէ Գէորգեան, ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Ռոստոմ» կոմիտէութիւն, Սիլվա Քէիշեան, Անի Պաղտասարեան, Մասիս Արարատեան, Պիանքա Մանուկեան, Սօսի Ադամեան եւ Հիլտա Սանդիկեան:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մղեցին իրենց ծանօթներուն ու բարեկամներուն, որ մասնակցին արշաւին: Խոնարհ զօրակիցներն են անոնք «Ասպարէզ»ին, որովհետեւ իրենց բարի արարքի մասին մեզի տեղեակ չեն պահած:
Շնորհակալութիւն ազնիւ հայորդիի մը՝ Եդուարդ Աբելեանին, որ ամիսներով, սիրայօժար կերպով օգնեց խմբագրութեան՝ սրբագրական տաժանալի աշխատանք ստանձնելով:
Կարօ Պետրոսեան եւս օրերով եկաւ «Ասպարէզ» ու սիրայօժար կերպով սրբագրութիւններ կատարեց:
Ուղղակի օրհնուած ենք բարեկամներով, կամաւորներով ու զօրակիցներու բանակով:
Հզօր կը զգանք ու ծառայելու մեր ոգին առաւել կ’ուժեղանայ: