Հայ Դատի տարեկան հանգանակային ձեռնարկը այս Կիրակի է եւ տոմսերը սպառած են:
Ձեռնարկը լաւագոյն պարագային պատշաճ յայտագիր մը պիտի մատուցէ ներկաներուն: Ոչ տաշ-տուշ քէֆ-խրախճանք է, ոչ ալ բեմական աստղերու յոյլի կատարումներ: Բայց եւ այնպէս տոմսերը, որոնք այնքան ալ աժան չեն (երկու հարիւր տոլար), սպառած են:
Հաճելի զգացում է: Կարելի է հպարտանալ, որ տնտեսական այս ծանր պայմաններուն տակ հայ մարդիկ իրենց առաջնահերթութիւններու շարքին դրած են ոչ նեղ-անձնական, ոչ ընտանեկան ծրագիր մը, այլեւ՝ հաւաքական, ընդհանրական այնպիսի նպատակ մը, ինչպիսին է Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը:
Հայկական քաղաքական իրականութեան հետեւող ոեւէ անձի համար ակներեւ է, որ Հայ Դատի յանձնախումը իր աշխատանքի ծաւալով եւ գործունէութեան դաշտի հսկայական ընդգրկումով, ամէն օր կը ներկայանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին: Կը ներկայանայ իր տարած աշխատանքներու մասին զեկուցագրերով, որոնք գրեթէ ամէն օր մեզի կը հասնին տպագիր, եթերային եւ համացանցային լրատուական միջոցներով: Կը ներկայանայ իր ամերիկեան քաղաքական իրավիճակի ու անձնաւորութիւններու գնահատումներով, որոնք կը բացատրեն, կը յստակացնեն մեր ազգային շահերու պաշտպանութեան լաւագոյն, ամէնէն արդիւնաւէտ մարտավարութիւնն ու ռազմավարութիւնը:
Կը ներկայանայ մեր արժանապատուութեան, մեր պատմութեան, մեր արժէքներու պաշտպանութեան անզիջող դիրքերէն՝ ահազանգելով, քարոզելով, պահանջելով, բայց եւ ամէնէն կարեւորը՝ կազմակերպելով մեր ուժերու նպատակասլաց օգտագործումը:
Հպարտ եւ ուրախ ենք, որ տոմսերը սպառած են: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մաս կազմել Հայ Դատի աշխատանքներուն, իրենց մեծ ու փոքր նուիրատուութիւններով սատար կանգնիլ ձեռնարկուած, շարունակուող ու ծրագրուած գործին, ուշ չէ, ուշ չի կրնար ըլլալ: Կապուեցէք գրասենեակի երիտասարդ աշխատողներուն՝ հեռաձայնելով 818-500-1918 թիւին: Վերջին չորս թիւերը նկատեցէ՛ք. Հայաստանի անկախութեան տարին կը նշէ, անկախութիւն, զոր կորսնցուցինք, անկախութիւն, զոր վերականգնեցինք ու այլեւս երբեք չկորսնցնելու ուխտ կատարեցինք՝ բոլորս միասին, ազգովին: