Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նորափթիթ յարաբերութիւնը, որ մեծ աղմուկով եւ սպասումներով սկսաւ անցեալ ամսուան «ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ», լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։
Մինչ ոչ ոք Ցեղասպանութենէն եւ Թուրքիոյ կողմէ անոր շարունակուող մերժումէն ծնունդ առնող երկարատեւ հարցերու արագ լուծում մը կը սպասէր, շատ քիչեր նախատեսեցին, որ նորածին մերձեցումը այսքան շուտ պիտի տապալի։
6 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ազգային խումբերու ֆութպոլի մրցումին առիթով երկու երկիրներու նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ շատ բարեկամական եւ յուսալի առաջին հանդիպումէ մը ետք կը թուի, թէ Արցախի տագնապը անակնկալ խզումին գլխաւոր պատճառն է։
Սկսելու համար, զարմանալի էր, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին իրենց մասնակցութեան ընթացքին հանդիպում մը չունեցան։ Երբ թուրք լրագրողներ նախագահ Կիւլի հարցուցին, որ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպում մը չէ՞ր ծրագրուած, ան նախ ըսաւ, որ տեղեակ չէր, թէ նախագահ Սարգսեան Նիւ Եորք պիտի գայ, ապա վստահեցուց, որ բազմաթիւ դիւանագիտական ընդունելութեանց մէկուն ընթացքին իրարու կը հանդիպին։ Հակառակ այսպիսի լաւատեսական խօսքերու՝ երկու նախագահները երբե՛ք չհանդիպեցան։ Կրնայ ըլլալ, որ անոնք կը սպասէին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի արդիւնքին։
Այս վերջինները Նիւ Եորքի մէջ իրենց կեցութեան վերջին օրը հանդիպում մը ունեցան։
28 Սեպտեմբերին, նախագահ Սարգսեան Նիւ Եորքէն մեկնելէն երկու օր ետք, լրագրողներուն յայտնեց, թէ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն «դեռ շօշափելի արդիւնքներ» չկան, եւ ինք անոնց հանդիպումէն մեծ բան չի սպասեր։
Նոյն օրը նախագահ Կիւլ հաստատեց, որ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու արժանի որեւէ նշանակալից շարժում մը տեղի չէ ունեցած։ Ըստ «Ազերի Թաժ» լրատու գործակալութեան, Կիւլ կարծր կեցուածք մը որդեգրելով՝ թրքական խմբաւորման մը ըսած է. «Հայաստանի կողմէ ատրպեճանական հողամասերէն հեռանալէն առաջ սահմանի բացման վերաբերեալ բանակցութիւններ կարելի չեն»։
Այսպիսով, նախագահ Կիւլ կը վերադառնար հայկական կողմէն երկար ատենէ ի վեր մերժուած Թուրքիոյ նախկին նախապայմաններուն։ Ատրպէյճանի նախագահի բարձրաստիճան օգնական մը, իր կարգին այս շաբաթ հաստատեց, որ Արցախի հարցին շուրջ շարք մը լուրջ հարցեր անլոյծ կը մնան։
Անգարա եւ Պաքու մտածեցին, որ քանի ռուս-վրացական տագնապը ժամանակաւորապէս Հայաստանը զրկած էր Վրաստանի՝ Սեւ ծովու վրայ գտնուող նաւահանգիստներու ճամբով իր կենսական մատակարարումներուն 70 առ հարիւրէն, այժմ իտէալ ժամանակն է Երեւանի՝ Ցեղասպանութեան եւ Արցախի տագնապի հարցերով լուրջ զիջումներ կատարել ստիպելու։
Զուգադիպութիւն էր թէ ոչ, անցեալ շաբաթ նախագահ Սարգսեանի կողմէ յայտարարուած շարք մը նախաձեռնութիւնները մտածել կու տային, թէ անոնք Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ Հայաստանի հետ բանակցութեանց ընթացքին կարծր կեցուածքներուն հակադարձելու եւ Երեւանի կողմէ ի գին ամէն բանի Թուրքիոյ հետ իր սահմանը բանալու սխալ տպաւորութիւնը ջրելու համար էին։
Նախագահ Սարգսեան անցեալ շաբաթ, Թիֆլիս իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ նախագահ Սահակաշվիլիի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է՝ միասնաբար կառուցել արդիական մայրուղի մը, որ նկատառելի կերպով պիտի նուազեցնէ վրացական Պաթում նաւահանգիստի եւ Երեւանի միջեւ երթեւեկի ժամանակը։
Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին դիմաց Ամերիկայի նախագահին «Միութեան վիճակը» ճառին համազօր իր արտասանած պատկերասփռուած ճառին ընթացքին, նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ Իրանը Հայաստանին կապելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ընդլայնումը դիւրացնելու համար, նոր երկաթուղի մը պիտի կառուցուի։
Ան նաեւ ըսաւ, որ Հայաստան հիւլէական նոր կայան մը պիտի կառուցէ, որպէսզի հին հիւլէական կայանի փակումէն ետք երկիրը շարունակէ ուժանիւթի տեսակէտէ ինքնաբաւ մնալ։ Վերջապէս, ան յայտնեց, որ այս ծրագիրները ֆինանսաւորելու համար, Երեւանի մէջ համահայկական դրամատուն մը եւ ներդրումներու ֆոնտ մը պիտի հաստատուի։
Ան յայտնեց, թէ այս «մեծ եւ համարձակ նախաձեռնութիւնները» պիտի լուծեն Հայաստանի ռազմավարական եւ տնտեսական կարեւոր հարցերը։ Այս մեծ ծրագիրներու կողքին, Հայաստան Սփիւռքի նոր նախարարութիւն մը կազմեց՝ արտասահման բնակող միլիոնաւոր հայերու հետ իր յարաբերութիւններուն ուղղութիւն տալու եւ այդ յարաբերութիւնները զօրացնելու համար։ 24 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ մեծ ճաշկերոյթի մը ընթացքին նախագահ Սարգսեան 700 հայ հիւրերուն միասնականութեան ոգեւորիչ պատգամ մը փոխանցեց, անոնց կոչ ուղղելով՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կացութեան բարելաւման համար ուժերու միացման։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կ’օժանդակեն լուծմանը՝ Արցախի տագնապին, «Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման»։
Այս նոր նախաձեռնութիւնները անպայման պիտի բարելաւեն Հայաստանի սակարկելու դիրքը եւ օժանդակեն, որ ան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ զօրաւոր դիրքէ բանակցի։ Վրաստանի եւ Իրանի միջոցով Հայաստանի այլընտրանքային ցամաքային ճամբաներու ընդլայնումը նկատառելի կերպով պիտի նուազեցնէ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման նշանակութիւնը եւ աւելի ազդու կերպով պիտի շրջանցէ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ հաստատուած շրջափակումները։
Մինչ հայ պաշտօնատարները իրենց բոլոր դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւել կ’ուզեն, անոնց փափաքը Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցերուն մէջ անընդունելի զիջումներ կատարելու չափ չէ։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»