Հայ ուսուցիչներն են անոնք: Մեծ, առաջին թարգմանիչները ստեղծեցին, հիմը դրին մեր ազգային մշակոյթին, գիր պարգեւեցին, մեր մտային հորիզոնը ընդարձակող եւ աշխարհի մշակութային ժառանգութիւնը մեր դուռը հասցնող տիտանական գործ ըրին անոնք:
Իրենց ժառանգները, աշակերտները, մեր զաւակներուն հայերէն, հայ մշակոյթ, գիր ու գրականութիւն, պատմութիւն ու արուեստ սորվեցնողներն են, մեր ամէնօրեայ թէ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներն են, որոնց հանդէպ մեր սէրը, մեր յարգանքը պէտք է արտայայտենք: Այսօր այդ յարգանքը արտայայտելով՝ լաւագոյնս նշած կ’ըլլանք Թարգմանչաց տօնը, լաւագոյնս փառաբանած կ’ըլլանք մեծասքանչի հեղինակները՝ Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Պարթեւը, առաջին թարգմանչաց սերունդը, որուն ոսկորները կը խայտան միայն այն ժամանակ, երբ տեսնեն, որ ազգը, համայնքը, իրենց գործը շարունակողները կը դիտէ իբրեւ հերոսներ, իբրեւ հոգիի ու միտքի մշակներ:
Խնկարկենք Թարգմանչաց սերունդը, խնկարկենք հայ մշակոյթը եւ անոր սպասարկողները: