Աշխարհը լեցուն է մարդոցմով: Առանց մարդու՝ աշխարհը ինքն ըստ ինքեան գոյութիւն մը պիտի ըլլար: Մարդ ըսելով՝ առհասարակ կը հասկնանք Աստուածաստեղծ այն էակը, որ բանականութիւն ունի, գիտէ տրամաբանել, խօսիլ, դատել: Անիկա ունի նախասիրութիւններ, եւ այլն: Այս ամէնը, վստահաբար տարբեր չափերով կը գտնուին տարբեր մարդոց մօտ:
Այս տարբերութիւնները առիթ կը հանդիսանան, որ մարդիկ հաւնին կամ անարգեն զիրար, գնահատեն կամ անպատուեն իրենց նմանը: Առ այդ, մարդոց իրարմէ ունեցած տարբերութիւնները նկատի ունենալով՝ յաճախ կ’ըսենք. «Ինչքա՜ն շատ տեսակի մարդիկ կան աշխարհի վրայ…»: Խորքին մէջ անոնք բոլորն ալ ադամորդիներ են, սակայն իրենց խառնուածքին ու նախասիրութիւններուն բերումով, մեր աչքին անոնք տարբեր կ’երեւին իրարմէ: Այստեղ մորթի գոյնի տարբերութիւն չկայ, այլ ներքին մարդուն՝ հոգեկան աշխարհին ներկայացուցած տարբերութիւնը:
Զիրար ճանչնալու մէջ, մարդիկ յաճախ ձախող աշակերտներ են: Մարդ արարածը առաջին հերթին, միշտ իր նմանը արտաքնապէս դատելու կը մղուի: Ֆիզիքական փայլուն արտաքին ունեցողներ շուտով կը տպաւորեն իրենց դիմացինը եւ կը յաջողին, գէթ ժամանակի մը համար, օգտագործել այդ տպաւորութիւնը: Երբեմն, այդ փայլուն դիմագծին կամ մարմնական կատարելութեան ետին կանգնած կ’ըլլայ շատ տգեղ հոգեկան ունեցող անձնաւորութիւն մը, որ աղէտաբեր կրնայ ըլլալ միամտաբար անոր ծանօթացողին:
Շատ հազուադէպ պարագաներու, ոմանք նախ հոգեկան գեղեցկութիւն կը փնտռեն եւ իրենց նախընտրութիւնը կ’երթայ անձի մը ներսիդին թաքնուած գլխագիր ՄԱՐԴուն, քան՝ արտաքնապէս պճնուած եւ գեղեցկացած ֆիզիքականին: Բնականաբար այս հայեցողութիւնը կ’ենթադրէ որոշ կարողութիւն մը, որ ոմանց տրուած կ’ըլլայ ի ծնէ:
Անոնք աչքերուդ հայելիին մէջ նայելով՝ հոգեկան ներքին աշխարհդ կը տեսնեն, ու անոր վրայ կը կարդան կեանքիդ մատեանը: Սա մասնագիտութիւն է, որ այս օրերուն կը կիրարկեն, մանաւանդ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող շարք մը երկիրներ, իրենց սահմանապահ ոստիկաններուն միջոցաւ: Այս երկիրներ մուտք գործելու պահուն, ճամբորդները հարցուփորձող ոստիկանները հոգեբանական որոշ դասընթացքներու կը հետեւին, եւ ամփոփ ու դիպուկ հարցումներով կը փորձեն ճանչնալ իրենց դիմաց գտնուող անծանօթի այցելութեան իսկական նպատակը: Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ անոնք սխալին իրենց եզրակացութիւններուն մէջ, եւ տարբեր որոշումներ առնեն անձի մը համար, որ բնաւ արժանի չէր նման վերաբերումի: Վերջապէս, մարդ էակը սխալական է, եւ երբե՛ք պիտի չկարենայ աստուածային նախասահմանեալ գիտութեան տիրանալ:
Մարդ արարածին ներաշխարհը ճանչնալը եթէ այսքան դժուար է, ու միայն որոշ մարդոց յատուկ է դիմացինին հոգեկան ներքին ծալքերը բանալու կարողութիւնը, միւս կողմէ, սակայն, բոլոր մարդիկ օժտուած են մտային անհաւասարակշռութիւն ունեցող մարդը ճանչնալու կարողութեամբ: Խենթը, բառին բուն իմաստով, կը նմանի պարկին մէջ դրուած սրածայր դանակի, որ անպայման զայն ծակելով՝ դուրս կը հանէ իր քիթը:
«Խենթը տան մէջ չի՛ պահուիր», կ’ըսէր տարեց բարեկամ մը: Սակայն, այսօր մարդկային ընկերութիւնը լեցուն է խենթերով, որոնք ճիշդ է, տան մէջ չեն, բայց աւելի մեծ «տան» մէջ են, մեր կեանքի փողոցներուն վրայ են, ամէն տեղ, բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Բայց ինչպէ՞ս ճանչնալ խենթերը:
Ահաւասիկ հարցում մը, որ կրնայ շփոթի մատնել մեզմէ շատերը: Խենթերը ճանչնալու պէտք չունիս, անոնք ինքնամատոյց կ’ըլլան, ու ինքնակամ իրենք զիրենք կը ներկայացնեն քեզի: Դարձեալ նոյն տարեց բարեկամս կ’ըսէր. «Խենթը կոտոշ չունենար», ըսել ուզելով, որ անպայման արտաքին նշանով մը չի՛ յայտնուիր անոր խենթութիւնը: Ընդհակառակը, անիկա կրնայ արտաքնապէս շատ լաւ երեւիլ, եւ նոյնիսկ՝ անթերի ֆիզիքական մը ունենալ:
Խենթը կարելի է ճանչնալ առաջին հերթին իր վարմունքէն: Փոխյարաբերական կեանքը փորձաքարն է մարդկութեան: Այդ կեանքի պատերուն զարնուելով՝ մարդիկ ե՛ւ զիրար կը ճանչնան, ե՛ւ կը ճանչնան մանաւանդ խենթերը: Այդ խենթերը կրնան տարբեր ձեւերով արտայայտել իրենց խենթութիւնը. ոմանք նախանձով, ոմանք ատելութեամբ, ոմանք ոխակալութեամբ, ուրիշներ անտեղի խօսակցութիւններով, ոմանք ընկերային կեանքի մէջ խառնակչութիւն յառաջ բերելով, եւ այլ միջոցներով: Մէկ խօսքով, խենթութիւնը միայն զարնել-փշրելով նիւթական վնաս հասցնելու մէջ չի՛ կայանար, այլ՝ նաեւ, ընկերային կեանքը վերիվայրումներու ենթարկելու ստոր արարքով արտայայտութիւն կը գտնէ:
«Խենթին քառասուն տեսակը կ’ըլլայ եղեր», շարունակեց ըսել տարեց բարեկամս, ակնարկելով այն նենգամիտ միջոցներուն, որոնց կը դիմեն խենթերը՝ իրենց վատ նպատակները իրագործելու համար:
Խենթերը ճանչնալու համար, երկրորդ հերթին, կը բաւէ նաեւ նայիլ մեր անհատական կեանքին: Իւրաքանչիւր անձ իր շրջապատը լաւապէս կը ճանչնայ, կամ գէթ գիտէ, թէ «Ո՞ր պատուհանէն հով կը փչէ» իր կեանքին մէջ: Մեղմ զեփիւռ մը եթէ հաճելի կ’ըլլայ, անդին կայ նաեւ քամին, որ կրնայ աւերել ու փլցնել մեր կառուցած տունը: Այդ քամին խենթ մը կրնայ փչել մեր տան մէջ, եւ իմաստութիւն է՝ շուտով փակել այն պատուհանը կամ դուռը, ուրկէ ներս կը մտնէ այդ «քամին»:
Այս նախազգուշութիւնը որքա՛ն կանուխ, այնքան լաւ ու արդիւնաւէտ կ’ըլլայ, որովհետեւ աշխարհի մեծագոյն փոթորիկներն ալ նախ կը սկսին թեթեւ հովերով, յետոյ քամիի կը վերածուին ու կ’աւերեն տուներ ու քաղաքներ:
Այսօր կարելի չէ՛ բնական աղէտ համարուող կործանարար փոթորիկներուն առաջքը առնել, սակայն մարդկային մեր իմաստութիւնը օգտագործելով՝ կարելի է խենթերու յառաջխաղացքը կասեցնել, գէթ մեր կեանքէն ներս:
Խենթերը կը պարտուին, կը յուսալքուին ու կը հեռանան մեզմէ, երբ հանդիպին անտեսումի եւ գիտակից մօտեցումներու: Անոնց դիմաց յիմար ձեւանալը կ’օգնէ անոնց գործունէութեան, ու ջուր կը լեցնէ անոնց ջաղացքին: Մինչդեռ արթուն ու շրջահայեաց մօտեցումը կ’արգիլէ անոնց նենգամիտ հնարքները, ու կ’անդամալուծէ անոնց արարքները:
Վստահաբար շրջապատիդ մէջ ունիս խենթեր, որոնք կը խանգարեն կեանքդ: Աչալրջօրէն մօտեցի՛ր ու ճանչցի՛ր զանոնք, եւ մի՛ փորձեր արտաքին նշան մը տեսնել անոնց վրայ, որովհետեւ «խենթը կոտոշ չունենար»: