Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ մշակոյթը պահպանել, անոր կենսունակութիւնը ապահովել սփիւռքեան իրականութեան մէջ:
Դժուար չէ պատկերացնել նաեւ, որովհետեւ մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ տեղ մը արձանագրած ենք, գրեթէ երկաթեայ ու անջնջելի գիրերով, որ մենք անկարող ենք այդ գործը յաջող կերպով կատարել, որ հազիւ թէ մշակոյթէն պատառիկներ կրնանք փրկել, որ անկարելի է երիտասարդ սերունդին փոխանցել մեր մշակութային հարստութիւնը, անոնց հաղորդակից դարձնել մեր գանձերուն, սիրել ու գնահատել տալ մեր երգը, մեր գիրը, գրականութիւնը, արուեստը:
Լալկանութիւնը, յուսահատութիւնը, ձեռնթափութիւնը, պարտուողականութիւնը Սփիւռք պահելու առաքելութեամբ ճամբայ ելած կազմակերպութիւններու յատկանիշները չեն կրնար ըլլալ:
Այդպէս ալ է: Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութիւնը ութսուն տարուան կենդանի վկայութիւնն է այդ փաստին: «Համազգային»ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող մասնաճիւղերը, իրենց Շրջանային ղեկավար մարմինը հասկնալիօրէն առաւել դժուար մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն՝ ամերիկեան ամենակուլ, մշակութային ամէն ինքնուրոյնութիւն տարաշխարհիկ երեւոյթի վերածող եւ իբրեւ այդպիսին միայն՝ անոր երկնքին տակ տեղ տալու հնարաւորութիւն ստեղծող միջավայրի պայմաններուն տակ:
Այո, մեր շուրջը եթէ նայինք, եթէ հետեւինք եթերային ու տպագիր մամուլին, մշակութային առկայծումներ կը տեսնենք, նոյնիսկ հոս հոն երիտասարդ ձայներ կը լսուին, արուեստի դպրոցներ ու օճախներ նիւթական ամէնէն սուղ պայմաններու տակ խիզախ փայլատակումներ կը շնորհեն համայնքին, բայց եւ այնպէս, տակաւին մշակոյթի գործը վերապահուած կը մնայ մշակոյթի հանդէպ խենթ սէր, անիրական նուիրում ունեցող ոչ բազմաթիւ անհատներու, որոնց զոհողութիւնը դատապարտուած է միայն կազմակերպական սահմանափակ յաջողութիւններ բերելու համայնքին, գաղութիւն:
Կը թուի, սակայն, որ հակառակ համատարած թերահաւատութեան, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, մշակոյթը իր մէջ ունի այնպիսի ուժ, այնպիսի հրապոյր, որ անոր նուիրեալները, որքան ալ քիչ համրանքով, կը մնան անդրդուելի, կը մնան հետեւողական գործը շարունակելու, ջահը փոխանցելու իրենց առաքելութեան մէջ:
Անշուշտ, բացի անհատ խենթերէն, մշակութային մեր յարատեւութիւնը նախ եւ առաջ կը պարտինք «Համազգային»ին ու անոր նման հատ ու կէնտ միութիւններու պատմականօրէն ստեղծած ու հաստատած երաշխիքներուն, որոնք մերթ թուլացած, մերթ պոռթկացող, սակայն միշտ ներկայութիւն են մեր իրականութեան մէջ, միշտ կարելի է ապաւինիլ անոնց փիւնիկեան յատկանիշերուն եւ միշտ կարելի է ակնկալել, սպասել, որ տեղէ մը դուրս պիտի գան ու ստանձնեն աւելի մեծ պարտաւորութիւններ, աւելի մեծ ծրագիրներ:
Յամենայնդէպս, մենք ալ կազմակերպականօրէն, ճարպիկ խաղեր չենք ուզեր խաղալ գովաբանելով մշակոյթի աշխատողները, հիանալով անոնց խենթութեան վրայ ու բաւարարուելով աւելին ակնկալելու մեր «իրաւունքը» ընդգծելով:
Մենք ալ, մամուլով, քաղաքական, հասարակական կազմակերպութիւններով, անհատներով ու հաւաքականօրէն, հայ մշակոյթին մեր հաւատարմութեան ուխտը պէտք է քննութեան դնենք ու թօթափելով ամէն կեղծիք ու մակերեսայնութիւն՝ մշակոյթին թեւ տալու եւ զայն կենսունակ պահելու գործին մեր մասնակցութիւնը գնահատենք: Գնահատենք ու մեր խղճին հետ հաշուի նստինք:
Եթէ այդ ինքնամաքրման գործողութիւնը կատարենք ու վերարժեւորենք մեր մասնակցութիւնը մշակութային կեանքին մէջ, ապա, վստահ եղէք, որ մշակութային կազմակերպութիւնները կը դառնան ամէնէն հզօր, ամէնէն կենսունակ, ամէնէն բազմանդամ միութիւնները, անոնց բեռը կրնայ դարձեալ ծանր մնալ, բայց անոնց ստեղծածը, անոնց պահպանածը, անոնց տարածածը կ’ըլլայ այնքան ընդգրկուն, որ անպայմանօրէն կը ներգրաւէ նաեւ մեր երիտասարդները, մեր տաղանդաւոր նոր սերունդը՝ թէ իբրեւ ստեղծագործող, թէ իբրեւ գնահատող:
Մինչ այդ՝ յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մշակոյթի «խենթ» գործիչներուն, իրենց միութեան, մեր բոլորին «Համազգային»ին: