Մեզմէ շատերուն համար յիշատակները մեծ արժէք կը ներկայացնեն: Շատեր իրենց յիշատակներով կ’ապրին, ուրիշ խօսքով կը յիշեն իրենց անցեալը, մանաւանդ երբ յառաջացեալ տարիքի մէջ ըլլան: կրնա՞ս արդեօք համոզել ծերունի մը, որ իր տան առարկաներէն մէկը կամ միւսը դուրս նետէ այլեւս տունէն…: Դժուա՛ր: Երբեմն կը պատահի, որ զաւակներ ու թոռներ տունը վերանորոգելու իրենց ճիգին մէջ, մեծ հօր կամ մօր պատկանող կարասի մը «բռնի» դուրս կը բերեն տունէն՝ մեծ յուզում պատճառելով անոնց…:
Ինչո՞ւ յիշատակներու նկատմամբ այս գուրգուրալից վերաբերումը: Հետաքրքրական է, որ այդ գուրգուրանքը, որ նախապէս մարդոց նկատմամբ ցուցաբերուած է, անոնց մահէն ետք անցած կ’ըլլայ անոնց կողմէ գործածուած առարկաներուն: Այսպէս, մէկու մը կնոջ կողմէ գործածուած հայելի մը ցմահ յիշատակելի կը մնայ իր ամուսնոյն, եւ այն գուրգուրանքը, զոր կը տածէր կնոջ, անոր մահէն ետք կը շարունակուի այդ հայելիին: Երեւակայեցէք ի՛նչ մեծ դժբախտութիւն ու չարագուշակ դէպք պիտի նկատուի զայն պահող անձին կողմէ, երբ դիպուածի մը հետեւանքով, այդ հայելին իյնայ ու փշրուի, կամ յանկարծ կորսուի:
Նիւթական յիշատակներու նկատմամբ զգայուն ըլլալով՝ մարդիկ իրենց տրուած նուէր-յիշատակը բծախնդրօրէն կը պահեն: Նոյնիսկ եթէ փոքրիկ ու աննշան իր մը ըլլայ ատիկա, երբ մանաւանդ իրենց համար սիրելի անձի մը յիշատակն է, դժուարաւ կը բաժնուին անկէ: Յիշատակներու նկատմամբ այս գուրգուրալից վերաբերումը անոր համար է, որ մարդ չ’ուզեր բաժնուիլ այս աշխարհէն: Մարդ չ’ուզեր յիշել իր դառն յիշատակները: Այլ՝ իր մտքին մէջ միշտ թարմ կը պահէ այն յիշատակները, որոնց վերյիշումը կը հաճոյացնէ իր ներաշխարհը, կը պրկէ իր կամքը, ապագայի վառ տեսիլքներով կը պայծառացնէ իր աչքերը, թէկուզ կեանքի մայրամուտին հասած ըլլան իր օրերը այս աշխարհին վրայ:
Հոգեկան աշխարհին մէջ իր ամբարը ունեցող այս յիշատակները, նիւթեղէն աշխարհին մէջ եւս ունին «տուն» մը, ուր կը պահուին խնամքով: Տեղ մը, ուր կը յիշուին ու կը վերյիշուին, կը պատմուին եւ կը խօսուին, կը յուզեն շրջապատը, եւ ինչքա՛ն հիննան, այնքան կը քաղցրանան ու հաճելի կը դառնան ունկնդրութեան:
Ընտանիքն է այն տունը, ուր կը պահուին մեր յիշատակները: Այնտեղ կ’ապրուի կեանք մը, որուն ամէն մէկ օրը ծալք մը կ’աւելցնէ այն հսկայ վարագոյրին վրայ, որ ժամանակ մը ետք մեզմէ պիտի հեռացնէ պատահած դէպքերը, ու միայն անոնց յիշատակներով պիտի օրօրէ մեզ:
Ամէն մարդ այնպէս կը խորհի, թէ ընտանիքը անխոցելի պէտք է մնայ, եւ եթէ այնտեղ դժուարութիւններ արձանագրուին, ընտանիքը դուրս կու գայ իր իտէալ ձեւէն, ու կը կոչուի անկեալ, կամ դժբախտ: Որոշ իմաստով սխալ է այս մօտեցումը կամ ըմբռնումը, որովհետեւ չկայ ընտանիք մը, որ դժուարութիւններէ անցած չըլլայ, կամ ուր երջանկութեան աթոռներուն տակ վարդի փետտուած թերթեր թափած չըլլան…: Սակայն, այդ բոլորով հանդերձ, ընտանիքը կը մնայ այն տունը, ուր ծնունդ կ’առնեն ու կը պահուին յիշատակներ: Անոնց մեծ մասը գրաւոր արձանագրութիւն կրնան չունենալ, սակայն ընտանիքի անդամներուն լայնաբաց սրտերուն ու հոգիներուն վրայ դրոշմուած կ’ըլլան, եւ գերագոյն ապրումներով ու յոյզերով կը յիշուին՝ վերաթարմանալով ու վերաթարմացնելով «տունը»:
Այս տունը՝ ընտանիքը, բազմաթիւ իմաստներ ունի, նայած թէ ի՞նչ դիտանկիւնէ կը դիտենք զայն: Ընկերաբանը այնպէս կ’ընդունի, թէ ընտանիքը մարդոց այն խումբն է, որ քով-քովի կու գայ ընկերութիւնը կառուցելու նպատակով: Հոգեբանը այնպէս կ’ըմբռնէ, թէ ընտանիքը այն միջավայրն է, ուր մարդու անհատականութիւնը կը կազմաւորուի: Քաղաքագէտը աւելի գաղափարապաշտ մօտեցումով կը նայի ընտանիքին, անոր մէջ տեսնելով աւանդական արժէքներուն պահպանման օճախը: Սակայն մենք գիտենք, թէ ի՛նչ է ընտանիքը իր իսկութեան մէջ: Անիկա այն յարկն է, որուն մէջ հոգին կը ծնի, կ’աճի, կը խնամուի ու կեանքի ասպարէզ կը մտնէ: Այդ հոգեկան հորիզոնը բազմերանգ է, եւ յաճախակիօրէն փոփոխութեան կ’ենթարկուի: Այդ հորիզոնն է, որ կը մթագնի երբեմն, իսկ երբեմն ալ կը պայծառանայ աչք շլացնելու աստիճան: Մեր տխուր յիշատակները մթագնած հորիզոնին վրայ սեւ գիծ մը կը կազմեն, թէեւ երբեմն աննշան, սակայն միշտ ալ երեւելի կը մնան: Իսկ պայծառացած հորիզոնին վրայ արձանագրուած մեր յիշատակները, այն քաղցր յուշերն են, զորս միշտ կ’ուզենք յիշել, փայփայել, գուրգուրալ անոնց վրայ, իբրեւ մեր դիմաց մնացած կեանքի օրերուն աւիշը:
Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է հոգալ նաեւ ընտանիքի պահպանումին, իբրեւ տունը՝ մեր յիշատակներուն: Ինչքա՜ն դժբախտ պէտք է զգան այն անհատները, որոնք քայքայուած ընտանիքներու զաւակներ են: Անցեալ մը, որուն յիշատակներն ալ կտրտուած են, ընտանիք մը, որ բաժան-բաժան եղած է: Յիշատակները քով-քովի բերողը, իրարու միազանգողը ու մանաւանդ պահպանողը ընտանիքն է՝ իր ամբողջութեան մէջ: Հոն է, որ հին անդամներ կը հերոսանան անցեալին իրենց գործած այս կամ այն արարքով: Մեծ հայր մը կամ մայր մը ընտանիքի հաւաքական յիշողութեան վրայ կրնայ ազդել, եւ իր յիշատակով ներշնչել այդ ընտանիքին յետնորդները: Այդ ամէնը տեսնելու եւ մանաւանդ զգալու համար, պէտք է թուլցնենք մեր ուժերը, դառնանք տկար ու զգայուն, փխրուն ու բիւրեղեայ, որպէսզի առիթ տանք անոնց՝ ազդելու մեր հոգիին: Այս փորձառութեան պէտք ունի իւրաքանչիւր անհատ, իբրեւ ընտանիքի անդամ, ապրելու համար այդ ընտանիքի անցեալին ու ներկային հետ: Փորձառութիւն մը մանաւանդ, որ պիտի հարստացնէ կեանքի ու յիշատակներու այս տան՝ ընտանիքին գանձանակը, եւ միաժամանակ պիտի հարստացնէ մեր հոգին: