Բոլորս ալ մեր մաշկին վրայ կը զգանք տնտեսական ճգնաժամի պատճառած ցաւը, տուն ու օճախ, երեխայ, ընտանիք պահելու դժուարութեան տուայտանքը:
Անհատական մակարդակի վրայ բոլորս ալ պատրաստ ենք գլուխնիս աջ ու ձախ զարնելու, մեր խանութը, գործը, աշխատանքը, մեր ընկերութիւնը, գրասենեակը, մեր ծառայութիւնը կենսունակ պահելու, դիմանալու, մինչեւ որ անցնի այս փոթորիկը, մինչեւ որ պարզուի երկինքը ու հեռանան մութ ամպերը:
Հասկնալի է, որ խմբագրական սիւնակը պէտք չէ յուզական զեղումներու վայր դառնայ: Այսուհանդերձ, թերթը, իր ընտանիքը, այն կազմակերպութիւնը, որ կը հովանաւորէ զինք, այն մարդիկ, որոնք կանգնած են թերթին ու կազմակերպութեան թիկունքին, բոլորը, կա՛մ անձնապէս, կա՛մ իրենց շրջապատին մէջ կը տեսնեն, կը զգան, կը վկայեն ու կը կիսեն անգործութեան, սնանկութեան, սեփական երդիկի կորուստի մատնուածներու անդոհանքը եւ չեն կրնար անտարբեր մնալ, չեն կրնար ջայլամի նման թաղել իրենց գլուխը անգիտութեան թանձր ծածկին տակ:
Պէտք է պահենք մեր ընտանիքները: Պէտք է պահենք մեր համայնքի հաստատութիւնները, ազգային կառոյցները, մշակութային, մարզական, բարեգործական, երիտասարդական միութիւնները: Այս ծանր ժամանակները յաղթահարելու համար, նախ պէտք է հոգեպէս ամրանանք, չկորսնցնենք մեր լաւատեսութիւնը, երկրի անցնող ու նոր ղեկավարութեան քաղաքական ու մանաւանդ տնտեսական վարքագծին սեւեռած պահենք մեր աչքերը, կրաւորական, փոթորկած ծովու վրայ տատանուող տաշեղի նման անզօր չյանձնուինք մեզ հարուածող ալիքներուն:
Գործնականօրէն, միութենական մակարդակով գոնէ, ստեղծագործ միջոցներ պէտք է փնտռենք՝ եկամուտի նոր աղբիւրներ գտնելու ու մեր կազմակերպական նուազագոյն կարիքները հոգալու համար: Բնականաբար պիտի սեղմենք գօտիները, խնայողաբար պիտի օգտագործենք այսօրուան նեղ պայմաններու տակ հանգանակուած միջոցները, պիտի առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ աշխատինք մեր հաւաքական ձեռնարկներու իրականացման համար, այնպէս, ինչպէս պիտի աշխատէինք մեր ձեռքին տակ եղած սուղ միջոցներով՝ մեր զաւակներու ապրուստը հոգալու համար:
Բծախնդրութիւն, ժուժկալութիւն, ծառայութեանց համար վճարելու փոխարէն՝ կամաւոր աշխատանքով նոյն ծառայութիւնը ապահովելով, շռայլ, թանկ վարձավճարներով սրահներու մէջ հաւաքուելու փոխարէն՝ բաւարարուելով մեր ազգային հաստատութիւններու ընձեռած գուցէ համեստ, բայց յարմար կարելիութիւններով:
Պատգամը մէկն է:
Ձախորդ օրերը այստեղ են, սակայն պիտի անցնին, երթան, պիտի չվհատինք, անոնք վերջ պիտի ունենան ու մենք դարձեալ պիտի կարենանք, պահպանելու փոխարէն, մտածել տարածուելու, ընդարձակելու մասին:
Ի վերջոյ, մեր միասնականութիւնը, մեր թիւն ու ժողովրդային լայն խարիսխը չէ՞, որ երաշխիք հանդիսացած է ամէնէն ծանր պահերուն իսկ մինակ չզգալու, իրարմով զօրանալու, մեր դիմադրականութիւնը ուժեղացնելու ու ամէն դժուարութիւն յաղթահարելու: Ուղղակի այս պահուն, տագնապի անմիջական հարուածի տակ եկողներուն փոխարէն, բեռը պիտի վերցնեն համեմատաբար աւելի պաշտպանուածները, բախտաւորները, որոնք դարձեալ մեր շրջապատէն ներս են, եւ վստահ ենք, որ իրենք պիտի ներկայանան, կամաւոր պիտի ստանձնեն նոր պարտաւորութիւններ, պիտի ապահովեն մեր գործունէութեան եւ մեր կեանքի շարունակականութիւնը:
Դժուարութիւնը նիւթական է եւ յոյս ունինք, որ՝ ժամանակաւոր: Կը հաւատանք, որ մանաւանդ այս երկրի նորընտիր ղեկավարութիւնը, նաեւ մեր զօրակցութեամբ, նաեւ մեր բոլորին աջակցութեամբ, պիտի կարենայ լուծումներ գտնել, պիտի կարենայ հարստութեան բաշխման անարդարութիւնները գոնէ նուազեցնել ու տնտեսական համատարած տագնապը ոչ միայն մեղմացնել, այլեւ երկիրը զարգացման իրական հունի վրայ դնել, աւելի ամուր, աւելի կայուն, աւելի լայնախարիսխ ու նպատակասլաց:
Մինչ այդ, մենք պիտի պահպանենք մեր ընտանիքները, պիտի պահպանենք մեր հաստատութիւնները: